Երկուշաբթի, 3 յունուար 2022-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը` սրբազան, գերապայծառ եւ վարդապետ հայրերու ներկայութեամբ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն: