Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է` Ի Խնդիր Հայաստանի Ու Արցախի Հզօրացման» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022 տարին հռչակած է «Սփիւռքի տարի»` մեկնելով սփիւռքին պարզած ներկայ իրավիճակէն եւ հայ կեանքին մէջ անոր ունեցած առանցքային դերակատարութենէն: Առ այդ, կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական հռչակագիրը ընթերցուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմազան մարտահրաւէրներ, իսկ սփիւռքը` աւելի, որովհետեւ հոն կը տիրեն անորոշութիւն, փոթորիկներու դէմ պայքարներ, ինքնութեան վերաբերեալ փնտռտուքներ, որոնք անյետաձգելի հրամայական կը դարձնեն սփիւռքի վերակազմակերպումն ու վերակենսունակութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայ ժողովուրդին սփիւռքացումի փուլերը` դիտել տալով, որ արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ` թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական պատճառներով: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը կ՛ընդգծէ, որ հայերը յաջողած են իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ գաղութներ յառաջացնել` ազգային, հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներով, եւ չեն զլացած յարաբերութիւն մշակելէ տուեալ երկրի բնակիչներուն հետ: Ներկայիս, սփիւռքը կը պարզէ աւանդական, խորհրդային ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ վիճակ մը, ուր հայ ըլլալու արժեչափը յստակ գիծեր չունի: Վեհափառ հայրապետը կը յայտնէ, որ թէեւ անցեալին իրենց էական դերակատարութիւնը ունեցած են աւանդական ազգային կառոյցները, սակայն այսօր ժամանակավրէպ ըլլալու վտանգին դիմաց կը գտնուին` իրենց գործելաոճով եւ ոչ այժմէական օրակարգերով: Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը մանրամասն կ՛անդրադառնայ լեզուին, նոր սերունդը հայ ինքնութեան ազդակներու շուրջ պահելուն, ներգաղութային ու միջգաղութային յարաբերութիւններու անբաւարարութեան, հայակեդրոն մտածողութեան զարգացման հրամայականին, հայրենադարձութեան օրակարգին եւ ազգային ռազմավարութեան յառաջացման անհրաժեշտութեան:

Խօսելով սփիւռքի վերակազմակերպման մարզերուն եւ հոլովոյթին մասին` վեհափառ հայրապետը կը նշէ, որ հռչակագիրին մէջ մատնանշուած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման: «Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը` անոր ապագային» հաստատումով, վեհափառ հայրապետը կարեւոր կը նկատէ նոր ժամանակներուն ու մարտահրաւէրներուն համահունչ ռազմավարութեան ձեռնարկումը, որուն մղիչ ուժը պէտք է դառնայ սփիւռքին պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը: Առ այդ, վեհափառ հայրապետը կը թելադրէ թեմական եւ համայնքային կառոյցներուն բարեկարգումներ եւ իրար միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւններ իրականացնել: Այս աշխատանքին համար ան կ՛առաջարկէ մթնոլորտի պատրաստութիւն, նախաձեռնութիւն եւ վերջապէս ծրագիրներու գործադրում:

Վեհափառ հայրապետը հռչակագիրը կ՛եզրափակէ ըսելով. «Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինքզինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանորոգման ենթարկելու` համահունչ փոխուող ժամանակներուն, պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպէ ու վերաշնչաւորէ ինքզինք: Սփիւռքը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշանակէ անոր ինքնամաշումը արագացնել: Սփիւռքի վերակազմակերպումը անոր հզօրացումն է, իսկ սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր: Պէտք է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի»:

Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի հայրապետական հռչակագիրը:

 

 

 

Նախորդը

«Աստուածայայտնութիւնը Աստուծոյ Հետ Կնքուած Ներքին Նոր Ուխտ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Յաջորդը

«Հոգեւոր Ու Ազգային Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?