Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիլոքալիա Մշակութային Կազմակերպութեան Նորահռչակ Ս. Ծննդեան Փառատօնին Մասնակցեցաւ Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը

December 31, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնթուրայի Այցելութեան վանքի նորահռչակ Ֆիլոքալիա մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆիլոքալիա ծննդեան» փառատօնի համերգներէն հայկականը` վերնագրուած «Հայ  ծննդեան գոյներ» («Armenian Christmas Colors»)`  կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Համերգին ներկայ էին` Լիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ժիպէյլի շրջաններէն  կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի ընկերներ ու բարեկամներ:

Փառատօնը, որ կը վայելէ Ռայի պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը, սկսած է 30 նոյեմբերէն  եւ օրական դրութեամբ երեկոները Ս. Ծննդեան գեղարուեստական  կատարումներ կ՛ունենայ յայտնի դասական երաժիշտներու մասնակցութեամբ: Զուգահեռաբար տօնական զարդերու եւ ուտեստներու վաճառք տեղի կ՛ունենայ: Աւանդութիւն դարձած է, որ 29 դեկտեմբերին «Գուսան» երգչախումբը Ս. Ծննդեան համերգներու կատարումներ ունենայ: «Քորոնա» ժահրի դադարէն առաջ սոյն օրը Ս. Ծննդեան համերգով երգչախումբը կը թնդացնէր ողջ Ժիպէյլ քաղաքը:

Այս տարուան համերգը յատկանշուեցաւ Ս. Ծննդեան տարբեր գոյներու կատարումներով: Օրուան ներկայացումը կատարեց երիտասարդ դասախօս Ժոզեֆ Խուրի: Ազգային նուագարաններով առաջին գոյնը հանդէս եկաւ  տուտուկի մեղեդիներով` Գէորգ Քէշիշեանի կատարողութեամբ:

Յաջորդ գոյնն էր սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի հետ, որ արեւմտեան դասականներով ներկայացաւ:

Իւրայատուկ գոյն տուին աւանդական աւետիսները, որոնք Մուշէն, Վանէն  մեզի հասած եւ բազմաձայնուած «Խորհուրդ մեծ» շարականին ընդմէջէն բարձրացան եւ ուրախ ու հարազատ մթնոլորտ ստեղծեցին` արական կազմին մեկնաբանութեամբ:

Չորրորդ գոյնը հայ երաժշտական զարթօնքէն` Մակար Եկմալեանի ս. պատարագի երգեցողութենէն բաժիններ կատարեց ամբողջ խումբը` մենակատարներով:

Հայրենասիրական եւ սիրերգային գոյնը հանդէս եկաւ «Լուսին ելաւ» եւ «Զարթի՛ր, որդեա՛կ» երգերով, որոնց յաջորդեց ասորի գոյնը:

Այս ասորական մարոնի գոյնը, որ օրուան առիթով յատուկ կերպով պատրաստուած էր, հրաւիրեց քոյր Մարանա Սաատին` իր սրտի խօսքը արտասանելու: Սաատ ըսաւ. «Մեր մանկութենէն մեզի կ՛ըսէին` եղէ՛ք հայերու պէս. այս մէկը միշտ ականջիս մէջ կը հնչէ` լեզուի, մշակոյթի եւ արուեստի մէջ հայերո՛ւն պէս եղէք»: Ան շարունակեց` գնահատելով «Գուսան»-ը, խմբավարը եւ այս իւրայատուկ աշխատանքը: Մեծապէս գովեց ազգային հարազատութիւնը, որուն պահպանման աշխատանք կը տանին «Գուսան»-ն ու Համազգայինը: «Ձեր երգերով զիս Հայաստան տարիք, հայոց թաղերուն մէջ զգացի ինքզինքս, Կիլիկիան զգացի մէջս` «Գուսան»-ի վճիտ գործով», ըսաւ քոյր Մարանան:

Եօթներորդը մանուկներու Ս. Ծննդեան գոյնն էր` Ալեքսան Մնակեանի, Զարեհ արք. Ազնաւորեանի եւ Արցախի մանուկներու օրօրոցային երգերով, երբ շուին եւ աշխուժ երգեցողութիւնը մեծ խանդավառութեան հասցուցին, ապա եկաւ  հանդիսութիւնը` նոր գոյնը, որ կը բաղկանար համաշխարհային երգէ:

«Գուսան» երգչախումբը հմայեց ժողովուրդը` գրաւելով նաեւ օտար ներկաներուն ուշադրութիւնը:

«Գուսան» երգչախումբի անդամ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գուսան»-ի ներկայացուցիչ Կարէն Եօսուլքանեան երգչախումբի ղեկավարին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ եւ Համազգայինի քաջալերանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Philokalia Christmas Festival-ի եւ Ֆիլոքալիա կազմակերպութեան  հիմնադիր քոյր Մարանա Սաատին եւ նախագահ հ. Ֆարիտ Սաապին: «Ֆիլոքալիայի հետ աշխատանքները սկսած են տասը տարի առաջ, եւ անոնք նոյն ոգիով ու աւելիով ուռճացած` իրենց իւրայատուկ նշանակութիւնը կու տան Պաթրունի եւ Քեսրուանի շրջաններուն մէջ` իբրեւ մարդուժի զարգացման մշակութային նախաձեռնութիւն», ըսաւ Եօսուլքանեան` իր շնորհակալական խօսքը ուղղելով Ֆիլոքալիոյ տնօրէնութեան եւ անձնակազմին: Ան իր խօսքը աւարտեց տօնական բարեմաղթութիւններ ուղղելով եւ դիտել տալով, որ Համազգային-Ֆիլոքալիա գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի:

Նկատի առնելով տնտեսական վիճակն ու «Քորոնա»-ի պատճառով ստեղծուած սահմանափակումները,  «Գուսան» երգչախումբի @Kousan_Chamber_Choir, Համազգայինի @Hamazkayin Lebanon Դիմատետրի էջէն, Փառատօնի «Ինսթակրամ»-ի @Philokaliainstitute էջերու ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ ամբողջ հանդէսը` առիթ ընծայելով նաեւ Համազգայինի բոլոր բարեկամներուն հետեւելու համար այս իւրայատուկ ներկայացումին:

Վարձքը կատար` մայեսթրոյին եւ դաշնակահարներուն, ձայնը անսպառ «Գուսան» երգչախումբի բոլոր անդամներուն:

Նաեւ կը տեղեկացնենք, որ յունուար 2-ին,  երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պաթրունի Ս. Սթեֆան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Պաթրունի Միջազգային փառատօնը կը հրաւիրէ ամբողջ հայութիւնը` ներկայ գտնուելու «Գուսան» Երգչախումբի Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ» համերգին, իսկ յունուար 5-ին եւ 6-ին` զանազան  հեռատեսիլային մասնակցութիւններուն, որոնց կարելի է հետեւիլ նաեւ Դիմատետրի, Ինստակրամի եւ Եութիուպի Kousan Chamber Choir կայքերէն: Զանազան նախաձեռնութիւններով Համազգայինն ու իր միաւորները կը շարունակեն հմայել լիբանանցի հանդիսատեսը ու կը տարածեն հայ մշակոյթը` հայ եւ տեղացի հանրութեան մէջ:

Նախորդը

Քիրիոս. «Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքը Աղէտ Պիտի Ըլլայ Առանց Ֆետերերի, Ճոքովիչի Եւ Նատալի»

Յաջորդը

Կեանքը` Կատա՞կ

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.