Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2021-ին Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշիի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ. ըստ համաձայնագիրին, Ճափոնի ժողովուրդը «Գարակէօզեան» հաստատութեան յատկացուց զանազան բժշկական սարքեր 90.000 տոլար արժողութեամբ:
Բժշկական այս սարքերու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2022-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական շէնքին մէջ: Ներկայ էին` Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապեատ, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Նշան Պաքալեան, Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, վարչական կազմի անդամներ, Լիբանանի դրամատան փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան, նախկին նախարար Վարդի Օհանեան, պետական, ազգային կառոյցներու, համալսարաններու, դպրոցներու եւ քոյր կազմակերպութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ:
Առաջին բաժինով առողջապահութեան նախարարի, Ճափոնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ Սերոբ Օհանեանի ձեռամբ կատարուեցաւ բժշկական սարքերու գործածման բացման արարողութիւնը, ապա ներկաները ուղղուեցան Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի սրահը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բաժինը:
Բացման խօսքը կատարեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը օգոստոս 4-ի Պէյրութի աղիտալի պայթումի անմեղ զոհերուն: Ապա ներկայացուց հաստատութեան կարճ պատմականը` շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս Գարակէօզեան ընտանիքը համաճարակի պատճառով իրենց զաւակի կորուստը կրցան վերածել սպեղանիի եւ մահը` կեանքի, յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ տեղի ունեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թուրք կառավարութիւնը, բարբարոս ջարդի կողքին, պարտադրեց հայերուն ըլլալ տեղահան եւ որպէս գաղթական բռնել աքսորի ճամբան: Այն ժամանակ բազմաթիւ հայեր եկան եւ հաստատուեցան Լիբանան: Շարունակելով իր խօսքը` Ս. Օհանեան ըսաւ. «Այսօր, հարիւր տարիներ ետք դարձեալ կը գտնուինք գաղթականութեան առջեւ, կրկին համաճարակ եւ դարձեալ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ներկայ է, հաւատարիմ իր հիմնադրութեան առաքելութեան` մատուցելու բժշկական անմիջական խնամք անխտիր բոլորին»: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ, որ 2019 թուականին հաստատութիւնը տարեկան ընդունած էր 49.000 հիւանդ, մինչ այսօր արդէն թիւը հասած է տարեկան 200.000 հիւանդի, եւ ներկայիս հաստատութիւնը կը շարունակէ խորհրդանշական գումարներ ընդունելով` մատուցել բժշկական զանազան ծառայութիւններ, դեղորայք, տարրալուծարանային քննութիւններ, մտային առողջապահութեան եւ այլ ծառայութիւններ: Խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի ժողովուրդին` իր կատարած օժանդակութիւններուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի առողջապահական նախարարութեան:
Ապա հրաւիրեց Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքեշին, որ իր ուրախութիւնը, որ ներկայ է այս արարողութեան եւ հաստատեց, որ իր երկիրը` Ճափոնը, ըլլալով Լիբանանի բարեկամ երկիր, պիտի շարունակէ հայթայթել օժանդակութիւն, որպէսզի Լիբանանը կարենայ դիմագրաւել այս դժուարին օրերը:
Խօսք առաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապեատ, որ իր կարգին շեշտեց առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններուն կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ, անդրադարձաւ հաստատութեան պատմականին, թէ ինչպէս հարիւր տարուան ծառայութեամբ անիկա կրցաւ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ` յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ զանոնք վերածելու դրական առիթներու: Նախարարը բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան մատուցած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան եւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանին` իրենց կատարած օժանդակութեան համար ընդհանրապէս եւ յատկապէս բժշկական մարզին մէջ` տրամադրելով բժշկական սարքեր եւ solar power system Լիբանանի կարգ մը պետական հիւանդանոցներուն:
Խօսքերու աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան հաստատութեան կատարած բազմազան աշխատանքները, օգոստոս 4-ին Պէյրութի աղէտալի պայթումին հետեւանքները, վերակառուցման ընթացքը եւ Ճափոնի դեսպանութեան կատարած օժանդակութիւններուն վերաբերող համաձայնագիրներու ստորագրութիւնները` 2010, 2014 եւ 2021 թուականներուն:
Յայտագրի աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան առողջապահութեան նախարարին ու Ճափոնի դեսպանին նուիրեց հայկական ձեռագործ նուռը` իբրեւ խորհրդանիշ կեանքի եւ պտղաբերումի:
Ձեռնարկը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ: