Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Նուագախումբի Տարեկան Բանակումը

September 5, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին,  չորեքշաբթի, 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր 2022-ին, «Թռչնոց Բոյն»-ի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական նուագախումբի տարեկան բանակումը:

Բանակումի ընթացքին քոյրերն ու եղբայրները գործնականօրէն կիրարկեցին իրենց փոխանցուած սկաուտական գիտելիքները, ծանօթացան շրջանի պատմամշակութային վայրերուն, անոնք այցելեցին ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ Ժիպէյլի բերդը, իսկ երեկոները ընկերային խանդավառ մթնոլորտի մէջ խարոյկի շուրջ անցուցին հաճելի պահեր:

Տարեկան բանակումի ընթացքին դասախօսութիւններու եւ գործնական կիրարկումներու միջոցով բանակողներուն ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.

– «ԺիպԷյլի «Թռչնոց բոյն»-ին եւ Ժիպէյլահայութեան մասին», դասախօս` Տաճատ վրդ. Աշըգեան
– «Նուագախումբի ներքին ծրագիր կանոնագիր», դասախօս` Յակոբ Չպլաքեան
– «Փոխյարաբերութիւններ», դասախօս` Ռիթա Գէորգեան
– «Երաժշտային գործիքներու հոգատարութիւն», դասախօս` Գրիգոր Առնէլեան

Շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, բանակողները Ժիպէյլի հռոմէական թաղէն տողանցքով հասան ՀՅԴ «Քեռի» ակումբի դաշտը եւ կատարեցին տարեկան բանակումի եզրափակիչ դրօշակի արարողութիւնը:

Դրօշակի արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Քլոտ Արաճեան եւ կոմիտէի անդամներ, Ժիպէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզեֆ Պեզճեան, «Թռչնոց բոյն»-ի տեսուչ Տաճատ վրդ. Աշըգեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան` ընկերակցութեամբ Սիլվա Սաղրեանի եւ Սոնա Պօղոսեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու անդամներ, նախկին խմբապետներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն, որմէ ետք Տաճատ վրդ. Աշըգեան ուղղեց իր օրհնութեան խօսքն ու պատգամը:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական նուագախումբի անդամներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք խաչ մը իբրեւ յուշանուէր նուիրուեցաւ հայր սուրբին` առ ի երախտագիտութիւն ջերմ գործակցութեան եւ աջակցութեան:

Շրջանային սկաուտական խորհուրդի խօսքը ուղղեց ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան: Ան  ըսաւ, որ տարեկան բանակումի մթնոլորտը նոր ուժ ու եռանդ կու տայ նուագախումբի անդամներուն, որոնք իրենց առաքելութեան ճամբուն վրայ կը բարձրանան` միաժամանակ բարձրացնելով իրենց շուրջիններուն կորովը: Համաշխարհային այս տագնապալի կացութեան մէջ, հայրենիքի, Արցախի եւ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները բոլորիս կեանքերը կը դժուարացնեն, եւ ահաւասիկ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական նուագախումբը սկաուտական դաստիարակութիւն ստանալով կրցաւ յաղթահարել տեսանելի եւ անտեսանելի դժուարութիւնները, կատարեց իր խոստումը` նոր եռանդ տալով խումբին ու կորով` շրջապատին:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան: Ան Շրջանային վարչութեան անունով  շնորհակալութիւն յայտնեց «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան  եւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան` անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ան նաեւ յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը մտադրած է ՀՄԸՄ-ի Ժիպէյլի մասնաճիւղը վերակենդանացնել, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Շարունակելով իր խօսքը` Հայկ Թապագեան ըսաւ, թէ  նկատի ունենալով, որ նուագախումբի անդամները արարողութեան ընթացքին կատարեցին իրենց սկաուտական խոստումը, այսուհետեւ նուագախումբը ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նուագախումբ է, այլեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական նուագախումբ. 50 հոգինոց նուագախումբի 30 անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին տարեկան բանակումին: Ան իր խօսքին աւարտին  գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը, ինչպէս նաեւ Սկաուտական նուագախումբի յանձնախումբը, որոնք սատար հանդիսացան սոյն բանակումին յաջողութեան:

Խօսքին աւարտին  յաջողութիւն մաղթեց բոլոր կազմերուն, ներկաներուն եւ յատկապէս ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

Միեւնոյն օրը երեկոյեան ժամը  7:30-ին, ներկաները վայելեցին տարեկան բանակումի եզրափակիչ խարուկահանդէսը, որուն ընթացքին իբրեւ յուշանուէր տարեկան բանակումը խորհրդանշող փողկապ նուիրուեցաւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Ժիպէյլի քաղաքապետութիւնը ներկայացնող անդամին եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետին:

Բանակողները խարուկահանդէսի ընթացքին խանդավառ երգերով, հաճելի կանչերով ու  չափական կշռութաւոր եղանակներու ներկայացումներով խանդավառեցին ներկաները:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն 2. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբին Մասնակցութիւնը Յունաստանի Քոմոթինի Քաղաքին Հայկական Պարի Փառատօնին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.