Համազգայինի պարարուեստի մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութիւնը իր հրապարակած նախկին հաղորդագրութեամբ արդէն տեղեկացուցած էր 25 օգոստոսին «Քնար» պարախումբին Յունաստան մեկնումին մասին` մասնակցելու համար Քոմոթինի քաղաքի քաղաքապետութեան կազմակերպած «Հայկական պարերու փառատօնին»:
Փառատօնը տեղի ունեցաւ քաղաքի «Քոնսըրթ Հոլ» սրահին մէջ: Մասնակցող տասը պարախումբերէն (Աթէնքի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Սոֆիայի, Վարնայի, Պոլսոյ) չորսը Համազգայինի շրջաններն են` Թեսաղոնիկէ, Կիպրոս, Լիբանան եւ Աթէնք:
Պարախումբերը եւ անոնց ընկերացողները արժանացան Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ջերմ ընդունելութեան:
Ըստ ճշդուած յայտագիրին, Լիբանանի «Քնար» պարախումբը ուրբաթ, 26 օգոստոս 2022-ին բեմ պիտի բարձրանար «Տօնական» եւ «Ալեքսանդրապոլ» երկու պարերով, իսկ շաբաթ, 27 օգոստոս 2022-ին` մէկ պարով, սակայն առաջին օրը քաղաքի հրապարակին վրայ կատարած պարի իր փորձերուն ընթացքին ներկայ գտնուողները մեծապէս հրապուրուած խնդրեցին, որ խումբը յաւելեալ չորրորդ պարով մըն ալ հանդէս գայ: Գիտնալով խումբին Լիբանանէն եկած ըլլալը` յաւելեալ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ:
Շաբաթ, 27 օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, փառատօնի աւարտին, պարարուեստի մասնագիտացած մասնաճիւղին մօտ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին, ինչպէս նաեւ քահանայ հօր` առ ի երախտագիտութիւն անոնց աջակցութեան: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Քնար»-ականներուն, անոնք շնորհիւ իրենց նուիրումի ոգիին եւ մեծ խանդավառութեան, կրցան այս փառատօնը հասցնել իր լրումին եւ անգամ մը եւս ուրախացնել եւ յոյս ներշնչել հանդիսատեսին: Վարչութիւնը անոնց կը մաղթէ քաջառողջութիւն եւ յարաճուն յաջողութիւն:
Վարչութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, անոր ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար, պարուսոյցներ Կարէն Մակինեանի եւ Ժաքլին Սարխոշեանի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ նեցուկ կանգնեցաւ ծրագիրի յաջողութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ
ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑԱԾ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


