Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգեհանգստեան Կարգ` Երեւանի Պայթումի Զոհերու Հոգիներուն Համար

Կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի մատրան մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար: Յայտնենք, որ վեհափառին հայրապետական տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս այսօր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` ի խաղաղութիւն պայթումին հետեւանքով...

Համազգայինի «Ամառնային Ծրագիր 2»-ի Եզրափակիչ Հանդէս

Համազգայինի «Ամառնային Ծրագիր 2»-ի Եզրափակիչ Հանդէս

Հովանաւորութեամբ  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, մասնագիտացած մասնաճիւղերու ատենապետներուն, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն խորհուրդին, ամառնային ծրագիրի յանձնախումբին  եւ ծնողներուն,  չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի եզրափակիչ հանդէսը, որուն ընթացքին ծնողները ապրեցան ուրախութեան ու բերկրանքի պահեր` ականատես ըլլալով աշակերտներուն պատրաստած խնամուած յայտագիրին եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Նախաձեռնութեամբ  Ստորագրահաւաք` Ընդդէմ Հայապատկան Հողերու Յանձնման

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Նախաձեռնութեամբ Ստորագրահաւաք` Ընդդէմ Հայապատկան Հողերու Յանձնման

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ ընթացք առաւ Բերձորի, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս գիւղերու Ազրպէյճանին յանձնումը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու անձնատուական քաղաքականութիւնը մերժող ու այդ իշխանութիւններուն հրաժարականը պահանջող ստորագրահաւաք մը, որուն մէջ կը նշուի. «Հայապատկան հողերը թշնամիին յանձնելու ընթացքը կը շարունակուի: Այժմ հերթը Արցախը Մայր Հայաստանին կապող Բերձորին, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս գիւղերուն է: «Աղաւնոն առաւելաբար լիբանանահայութեան ջանքերով կառուցուած ռազմավարական նշանակութեամբ...

Շքանշանի Տուչութիւն Յակոբ Խաչերեանին`  Կազմակերպութեամբ  Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

Շքանշանի Տուչութիւն Յակոբ Խաչերեանին` Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

Հինգշաբթի, 18 օգոստոս 2022-ին, Պիքֆայայի Նաաս շրջանի «Թալլեթ Նասըր» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ (ներկայացուած` պետական երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայով) շքանշանի տուչութիւնը Ասիոյ ցամաքամասի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն Յակոբ Խաչերեանին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի, երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանի, նախկին...

Շաքէ Կէօնճեան 50 Հազար Տոլար  Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Շաքէ Կէօնճեան 50 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Նկատի ունենալով Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապալի կացութիւնը եւ լիբանանահայութեան օրըստօրէ բազմացող անմիջական կարիքները` քանատահայ ազգային բարերար Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար քանատական տոլար նուիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին: Տիկին Կէօնճեան նուիրատուութեան վճարագիրը անցնող շաբաթավերջին յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին: Նշենք նաեւ, որ 2021 թուականի սեպտեմբերին տիկին Կէօնճեան, անսալով ՀՅԴ Բիւրոյի լիբանանահայութեան ձեռք երկարելու կոչին, 50 հազար տոլար նուիրած էր: Շ....

Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 80 Տարեցներ Այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Եւ Մրուժ

Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն. 80 Տարեցներ Այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Եւ Մրուժ

Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը, հաւատարիմ մնալով հայ մանուկին ու տարեցին հոգեւոր եւ մարմնաւոր սնունդ մատակարարելու եզակի առաքելութեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, ուրբաթ, 12 օգոստոս 2022-ին նախաձեռնեց ուխտագնացութիւն-այցելութիւն մը: Սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ համայնքի ընկերային եւ բժշկական տարբեր կեդրոններու կողմէ ներկայացուած տարեց մայրերն ու հայրերը: Այցելութիւնը կը նպատակադրէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ մօտէն հանդիպում մը ունենալ,...

Արժանթինի Դեսպանը` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ

Արժանթինի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 17 օգոստոս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել Diálogos Fraternos հատորը: Յայտնենք, որ ամիսներ առաջ Արժանթինի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած էր յիշեալ հատորը, ուր ներառուած էին զանազան կրօններու պատկանող կարեւոր դէմքերու յօդուածները: Վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, իր նպաստը բերած էր յիշեալ հատորին: Հատորին հրատարակութեան տուն...

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացումը Այնճարի Մէջ

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացումը Այնճարի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Պօղոս Սնապեանի տուն - թանգարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացում` հոծ բազմութեան ներկայութեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին խօսքը  արտասանեց Յովնան Քէշիշեան, որ ըսաւ, թէ այդ նախաձեռնութեան նպատակն է յարգել յիշատակը մուսալեռցի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Յոյս Յայտնեց, Որ Հնդկաստան Կը Զօրակցի Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 15 օգոստոսին Հնդկաստանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան դոկտ. Սուհել Աժազ Խանին: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Այս փառաւոր տօնը կու գայ ընդգծելու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը: Այսօր այդ նոյն իրաւունքը կը զլացուի Արցախի Հանրապետութեան հայ ժողովուրդին: Այդ պատճառով, Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդը ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ գոյութենական վտանգ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Միաբանութիւնը Իր Զօրակցութիւնը  Կը Յայտնէ Հայրենի Ժողովուրդին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայրենի Ժողովուրդին

Երկուշաբթի, 15 օգոստոս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերը հաւաք մը ունեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ` գլխաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նշման մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեան համար: Ապա, ան միաբան հայրերուն կարգ մը յիշեցումներ կատարեց եւ անոնց առաքելութեան ու յառաջիկայ գործունէութեան առնչուած իր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը  Կը Յայտնէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պետ  Թէոդորոս Պատրիարքին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պետ Թէոդորոս Պատրիարքին

Երեքշաբթի, 16 օգոստոս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքին, 14 օգոստոսին Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սայֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով: Վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ ըսաւ. «Յուզմունքով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը զօրակցինք ձերդ Սրբութեան: Անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Յունաստանի Կառավարութեան Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ ցաւակցական գրառումը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին վերաբերեալ. «Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին: Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն: Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր հայրենիքը եւ...

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը  Նշուեցաւ Համանուն Վանքին Մէջ

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Համանուն Վանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետին, Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ շաբաթ, 13 օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ: Բացօթեայ Սրբոց Նահատակաց Ս. խորանին վրայ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան, իսկ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով Ս. խորան բարձրացաւ եւ...

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի  Բացում` Այնճարի Մէջ

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 95-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Պ. Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, գրողին տուն-թանգարանին դիմաց պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի...

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը  Եւ Սրբապատկերներու Օծում` Նոր Ատանայի  Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Եւ Սրբապատկերներու Օծում` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց խաղողօրհնէք: Պատարագի ընթացքին, սրբազան հայրը կատարեց օծումը երկու սրբապատկերներու, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին Վահէ եւ Վիգի Պէքարեան ամոլին կողմէ` ի յիշատակ Պէքարեան ընտանիքին, նաեւ իրենց քրոջ` Սեդա Պէքարեանի: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Իր Զօրակցութիւնը  Յայտնեց Կիպրոսի Եւ Անոր Ժողովուրդի  Իրաւունքներու Վերականգնման Պայքարին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Ազրպէյճանի Եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «9 օգոստոսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Քոնիայի մէջ, Իսլամական համերաշխութեան 5-րդ խաղերու ընթացքին ընդունեց Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային շրջանի ապօրինի եւ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող ղեկավար Էրսին Թաթարը` այդպիսով օրինականացնելով շրջանի զինուորական բռնագրաւումը: Երկու կողմերը շեշտեցին «թրքական աշխարհի ժողովուրդներու պատմական կապերու հիմամբ յարաբերութիւնները...

Բարերարութեամբ Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին.  Լէյլաւանի Վերանորոգուած  Մարզադաշտի Բացման Հանդիսութիւն

Բարերարութեամբ Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին. Լէյլաւանի Վերանորոգուած Մարզադաշտի Բացման Հանդիսութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, բարերարութեամբ լէյլաւանցի Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին, շաբաթ, 6 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ Լէյլաւանի վերանորոգուած մարզադաշտի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապաքեանի, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան: Ժապաւէնի հատումէն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի, Հնդկաստանի, Դանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ յայտնեց. «Ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական արարքներու այս նորագոյն ալիքը կացութիւնը ապակայունացնելու յստակ փորձ մըն է: Ազրպէյճանական...

Լիբանանահայ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութեանց Երիտասարդները Զրոյց Ունեցան Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Լիբանանահայ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութեանց Երիտասարդները Զրոյց Ունեցան Վեհափառ Հայրապետին Հետ

«Սփիւռքի տարի» հռչակման առնչուած աշխատանքներու ծիրին մէջ շաբաթ, 30 յուլիս 2022-ին լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 երիտասարդներ հաւաքուած էին Ս. Աստուածածնայ վանքի համալիրին մէջ (Պիքֆայա) գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սրահին մէջ` մասնակցելու համար Արամ Ա. հայրապետին հովանաւորութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան կազմակերպած «Սփիւռքահայ երիտասարդը` այսօր եւ վաղը» խորագրեալ միօրեայ զրոյցին: Զրոյցին միացաւ նաեւ վեհափառ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ալիս Գազանճեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ալիս Գազանճեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 14 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի «Ալիս Գազանճեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Հերա Սաղրեան-Քիթապճեան. ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, որ սկսաւ օրիորդ...

Page 107 of 365 1 … 106 107 108 … 365

Արխիւներ