Չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2022-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը` նուիրուած Քուպայի եւ Մեքսիքոյի հայութեան:
Դասախօսը` դոկտ. Քարլոս Անթառամեան, ծնած է Մեքսիքօ: Ան` իբրեւ մասնագէտ ընկերային մարդաբանութեան, մեղուաջան ու յարատեւ հետազօտութիւններով խմբած վաւերաթուղթերուն, լուսանկարներուն, բանաւոր պատմութեանց ու այլ վկայութիւններու հիմամբ դրուագային ձեւով կատարեց Քուպայի եւ Մեքսիքոյի մէջ հայերու ներկայութեան եւ կենսագործունէութեան պատումը:
Ճիշդ է, որ այս երկիրներուն մէջ հայերու հետքերը կ՛երթան մինչեւ 17-րդ դար, սակայն հիմնական հոսքը հոն եղած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մանաւանդ` 1920-ականներուն: Դասախօսը տոկոսային մանրամասնութեամբ նշեց հայերու տարիներու ներհոսքը դէպի այդ երկիրներ, նաեւ` թէ ո՛ւր էին անոնց Արեւմտեան Հայաստանի ծննդավայրերը:
Դոկտ. Անթառամեան բացատրեց հայերու` այդ երկիրներ մեկնելու դրդապատճառները, յարանուանական այն արգելքները, որոնք խոչընդոտած էին հայերու հոն մուտքը, Միացեալ Նահանգներու կողմէ յարուցուած ցեղային պատկանելիութեան այն օրէնքները, որոնք ստիպած էին հայերու միառժամանակ հաստատումը Մեքսիքօ եւ Քուպա եւ այլն:
Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած լուսանկարները վառ վկայութիւն էին այն կենսագործունէութեան, զոր հայերը ունեցած էին այդ երկիրներուն մէջ, ուր գործած են` դպրոց, կուսակցական ակումբներ, թատերախումբ, կատարուած են դաշտային պտոյտներ, ընկերային այլեւայլ հաւաքներ եւ այլն: Դոկտ. Անթառամեան ներկայացուց նաեւ այն արհեստները, զորս հայերը զարգացուցած են: Ան շեշտեց, թէ ինչպէ՛ս բանաւոր պատմութիւնները վառ պահած են հաւաքական յիշողութիւնը անցեալին հանդէպ:
Շահեկան էր նաեւ դիտել հատուածներ 1957-ին արձանագրուած գունաւոր ժապաւէնէ մը, որ կը վաւերագրէր այդ շրջանի մեքսիքահայերու կեանքը:
Դասախօսութեան աւարտին բարձրացուեցան նիւթէն բխած հարցումներ` ինքնութեան, այսօրուան խնդիրներու եւ առաջնահերթութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, համայնք-ընտանիքներ փոխառնչութիւններու վերաբերեալ: