Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, երեքշաբթի, 30 օգոստոս 2022-ին Լէյլաւանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Լէյլաւան ամառնային դպրոցի փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ծնողներու եւ շրջանի հայորդիներուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ամառնային դպրոցի պատասխանատու Սանահին Թովմասեան, որ նշեց, թէ անցնող վեց շաբաթներու ընթացքին ծրագիրը ուրախ, ազգային, հաճելի եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ ժպիտ պարգեւեց մեր փոքրիկներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցաւ այս ծրագիրի յաջողութեան: Թովմասեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին եւ ծնողներուն:
Ապա դպրոցի տարիքային երեք խումբերը` Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջային խումբերը, ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Անոնք անցնող շաբաթներու դասապահերու ընթացքին սորված երգերով, պարերով, ասմունքներով եւ թատերական ներկայացումով ստեղծեցին տօնական եւ հայկական մթնոլորտ:
Այս առիթով, խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ հակառակ երկրի բազմատեսակ դժուարութիւններուն` փոքրիկները իրաւունք ունին ապրելու առողջ, ուրախ եւ դաստիարակիչ պայմաններու մէջ, եւ այս իմաստով ամառնային դպրոցը էապէս ծառայեց նշեալ նպատակներու իրականացման: Տէմիրճեան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւն-կոմիտէ գործակցութիւնը վստահութեան վրայ հիմնուած է, եւ յառաջիկային նոր ծրագիրներով պիտի ստեղծուին աշխատանքային նոր կարելիութիւններ: Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով ընթացք կ՛առնէ Լէյլաւանի մարզադաշտի կողքին գտնուող ՀՄԸՄ-ի ակումբի նորոգութեան աշխատանքները` բարերարութեամբ Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանի, որպէսզի ե՛ւ միութիւնը վերսկսի իր գործունէութեան ե՛ւ յառաջիկայ տարի ամառնային դպրոցը ունենայ աւելի յարմար պայմաններ:
Աւարտին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան յայտնեց, որ Լէյլա Գարակէօզեանին անունը կրող աւանի հաստատումէն տասնեակ տարիներ ետք հիանալի է տեսնել Գարակէօզեան ընտանիքի Լէյլաւանի ծաղկման ծրագիրի շարունակութիւնը: Օհանեան ըսաւ, որ այս հանդէսն ու մթնոլորտը կը նպաստեն, որ միասին շարունակենք խօսիլ հայերէն, երգել հայերէն եւ ուրախ ու առողջ միջավայրի մէջ ապրիլ հայօրէն: Օհանեան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լէյլաւանի մէջ օգտաշատ ծրագիրներու յաջողութեան ճիգերուն:
Ամառնային դպրոցի հանդէսը փակուեցաւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի «Պահպանիչ»-ով: