Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւններն ու տագնապները դիմագրաւելու եւ քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով 1948-ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը սկիզբ պիտի առնէ այսօր` չորեքշաբթի, 31 օգոստոս 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ:
7 տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէն խորհուրդի աւելի քան 300 անդամ եկեղեցիներ` իւրաքանչիւրը իր աշխարհագրական ներկայութեան եւ թուային պատկերին համաձայն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1962 թուականէն ի վեր ԵՀԽ-ի գործօն անդամներէն մէկը եղած է: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երկու ընտրաշրջան (1991-1998-2005) խորհուրդին կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը վարած է:
ԵՀԽ-ի 11-րդ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն.- Կոմիտաս արք. Օհանեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Մասիս եպս. Զօպուեան, Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան, փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Սեդա Խըտըշեան, դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան, Վանայ Կիտցինեան, Թամար Գանարեան եւ Արազ Գոճայեան: