Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին Զմմառ, 17-22 Օգոստոս 2022

Օգոստոս 25, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց հերթական սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 17-22 օգոստոս 2022-ին, Զմմառի Փոխման Կուսի մայրավանքին` կաթողիկոսական աթոռին մէջ, նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս – պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն` Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր եպիսկոպոսներուն: Բացակայ էր Թուրքիոյ ու Կ. Պոլսոյ թեմին առաջնորդը:

Սիւնհոդոսին աշխատանքները սկսան սուրբ եւ անմահ պատարագով, զոր մատոյց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս – պատրիարքը Զմմառու վանքի Փոխման Կուսի եկեղեցիին մէջ` մասնակցութեամբ վերոյիշեալ հայրապետներուն, վանքի հասարակութեան եւ դպրեվանքի ժառանգաւորներուն:

Հայոց կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու համայնքին վերաբերեալ` եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննելէ ետք, սիւնհոդոսական հայրերը  ընտրութիւն կատարեցին թափուր մնացած աթոռները եւ պաշտօնները օժտելու նոր եպիսկոպոսներով եւ պատասխանատուներով:

1.- Ժողովական հայրապետները ուրախութեամբ ընդունեցին ծառայ Աստուծոյ Մխիթար Աբբահօր երանացման ու սրբադասման դատի փակման արարողութեան իրենց ուղղուած հրաւէրները եւ իրենց փափաքը յայտնեցին մասնակցելու 8 սեպտեմբեր 2022-Ին նախատեսուած ձեռնարկներուն` Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ:

2.- Յատուկ կերպով ուսումնասիրուեցան միջոցները եւ հանգրուանները  Ֆրանչիսկոս քահանայապետին կողմէ առաջարկուած սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ ի նպաստ նախատեսուած աշխատանքներուն, եւ ժողովական հայրերը հրաւիրեցին մեր եկեղեցւոյ վարդապետները, քահանաներն ու հաւատացեալները` լրջօրէն եւ անյապաղ մասնակցելու եւ միասին քալելու ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ` ի նպաստ եկեղեցւոյ վերանորոգումին եւ յարմարացումին արդի մարդուն մտայնութեան եւ ապրելակերպին:

3.- Ժողովական հայրերը հոգեւոր տիրոջ կողմէ հրաւիրուեցան մասնակցելու երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատի Ա. բաժնի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Հռոմի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուն:

4.- Նմանապէս որոշուեցաւ, համագործակցաբար Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ աթոռներու իշխանութեանց հետ, պաշտօնական եւ հանդիսաւոր կերպով տօնախմբել Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակը յառաջիկայ տարուան ընթացքին ձեռնարկելով` գիտաժողով,  հրատարակութիւններ եւ ս. պատարագ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` Ֆրանչիսկոս քահանայապետին հանդիսապետութեամբ, որուն ընթացքին Ներսէս Շնորհալին հռչակուի համամիութենական շարժումին ռահվիրայ ու պաշտպան սուրբ:

5.- Ծիսական, քրիստոնէականի ուսուցման, քահանայական կոչումներու, երիտասարդաց, ընտանեաց եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբերը հրաւիրուեցան անյապաղ իրենց աշխատանքները աշխուժացնելու եւ յառաջիկայ սիւնհոդոսին ներկայացնելու իրենց զեկուցումները, ձեռնարկներն ու առաջարկները:

6.- Ժողովական հայրերը նամակագրութիւն մը յղեցին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին` յայտնելու համար իրենց յարգանքն ու փարումը Ս. Պետրոսի յաջորդին անձին հանդէպ եւ հայցեցին անոր աղօթքներն ու առաքելական օրհնութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաջնորդներուն եւ հաւատացեալներուն վրայ:

7.- Ժողովական հայրերը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Հայաստանի պետութեան «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած հսկայ պայթումին պատճառով արձանագրուած մարդկային կորուստներուն համար, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն կը մաղթեն շուտափոյթ ապաքինում:

8.- Ի վերջոյ, հայրապետները կոչ կ՛ուղղեն Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ղեկավարներուն, որպէսզի ունկնդրեն ժողովուրդին իղձերն ու բաղձանքները եւ իրենց երկիրներուն մէջ հաստատեն խաղաղութիւն, համերաշխութիւն ու արդարութիւն, ինչպէս նաեւ հեշտ կեանքի տարրական իրաւունքներն ու պայմանները ապահովեն:

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին նիստերը փակուեցան երկուշաբթի երեկոյեան` հոգեւոր արարողութեամբ Զմմառու մայրավանքի Փոխման Կուսի եկեղեցւոյ մէջ:

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Նախորդը

Մերը… Եւ Իրենցը…

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Վանական Պաշտօններու Նոր Նշանակումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?