Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ` Վերանորոգուած Դաշտին Վրայ

Նոյեմբեր 1, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 2022-2023 սկաուտական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը, որ կատարուեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան ջանքերով, հետեւողական աշխատանքով եւ ՀՄԸՄ-ին նկատմամբ հաւատք ու յոյս ունեցողներուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ վերանորոգուած դաշտին մէջ:

Շուրջ 2 տարիներու լիբանանեան անբնական պայմաններուն բերումով, տիրող իրավիճակէն ետք տպաւորիչ եւ ուրախալի էր տեսնել ՀՄԸՄ-ականներուն տողանցքը` մոկլիներէն մինչեւ երէցներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տարիքային իւրայատկութեամբ ու քայլերով թնդացուց վերանորոգուած դաշտը, անոնց ողջունեցին պաշտօնական հիւրերը, ծնողներն ու բարեկամները, ապա կանոնաւոր շարքերով կանգնեցան` պատրաստ դրօշակի արարողութեան, եւ յուշելով, որ իրենք են  յոյսն ու ապագան:

Դրօշակի արարողութենէն ետք ներկաները ողջունեց եւ բացման խօսքը արտասանեց միաւորի խմբապետ Կալի Խիւտավերտեան, որ ըսաւ, թէ 2 տարուան բացակայութենէ ետք կարօտով եւ մեծ ուրախութեամբ բացումը կը կատարուի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 2022-2023 սկաուտական տարեշրջանին: Ան անդրադարձաւ վերանորոգուած դաշտին` նշելով, որ այսպիսով աշխատանքային աւելի դիւրութիւններ պիտի ստեղծուին, ինչպէս նաեւ սկաուտները վերանորոգ թափով պիտի սկսին իրենց գործունէութեան եւ միասնաբար ուղղուին դէպի յաջող, արդիւնաւէտ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներով լեցուն տարեշրջան մը: Կալի Խիւտավերտեան նշեց, որ այս տարուան ընթացքին ալ, ինչպէս միշտ, մասնաճիւղին յայտագիրները պիտի ընդգրկեն` սկաուտական եւ դաստիարակչական ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում, գործնական եւ վարժողական աշխատանքներ, տարբեր տեսակի հմտութիւններու ամրապնդում եւ հաճելի պահեր, որոնք բոլորը պիտի նպաստեն սկաուտներու մտքի, հոգիի, մարմնի եւ ընկերային ու բարոյական կազմաւորման:

Անկէ ետք կատարուեցան խումբերու փոխանցման արարողութիւններ, աստիճանատուչութիւն եւ պաշտօնական բաժինի փակում:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ՀՄԸՄ-ականները ներկայացուցին իրենց ակմբային կեանքէն կարճ դրուագներ, իսկ վերջին բաժինով մասնաճիւղին բոլոր սկաուտները հանդէս եկան խանդավառ պարով մը: Այս առիթով սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած էր հետաքրքրական ձեռային աշխատանք մը:

Ուշագրաւ էին ակումբին եւ յատկապէս շրջափակին մէջ կատարուած շինութիւնները, վերանորոգութիւններն ու բարեփոխումները: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ աշխատանքով կարելի եղաւ դաշտը ամբողջութեամբ նորոգել, ներկել, ներկաներու յատուկ բաժինը համապատասխան պայմաններով օժտել, ակումբը օժտել արեւային համակարգով, որպէսզի մնայուն լուսաւորում ապահովուի, տանիքը նոր սենեակներ աւելցնել, մուտքը բարեփոխել եւ մնացեալ բաժինները բարեկարգել այնպէս, որ անոնք յարմարաւէտ պայմաններով ապահովեն սկաուտներն ու դիւրացնեն անոնց գործունէութիւնը: Այս աշխատանքներու իրականացման մէջ նիւթական եւ բարոյական նեցուկ կանգնողներուն կարգին են` Սեւակ, Նայիրի, Րաֆֆի եւ Լարա Կարապետեաններ, Արա, Անի եւ Արազ Սարգիսեաններ` Միացեալ Նահանգներէն:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:30:

Նախորդը

Սփիւռքը/Անուն Եւ Երեւոյթ

Յաջորդը

«Գիւտ Խաչի Տօնը Մեզի Կը Յիշեցնէ, Որ Հրաշքը Հաւաքտէն Կը Ծնի Եւ Կը Վերածուի Առաքինի Գործերու», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?