Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գիւտ Խաչի Տօնը Մեզի Կը Յիշեցնէ, Որ Հրաշքը Հաւաքտէն Կը Ծնի Եւ Կը Վերածուի Առաքինի Գործերու», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Նոյեմբեր 1, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի միասնաբար յիշատակենք Քրիստոսի խաչափայտին յայտնաբերուելու պատմական դէպքը: Ան մէջբերեց 327 թուականին պատահած դէպքը, թէ ինչպէ՛ս Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսրին մայրը` Հեղինէ թագուհին, ուխտի կ՛երթայ Երուսաղէմ եւ այնտեղ, Գողգոթայի աղբանոցներուն մէջ պեղումներ ու փնտռտուքներ կատարելով,  ի վերջոյ կը յաջողի յայտնաբերել Քրիստոսի խաչը եւ ի մխիթարութիւն համայն քրիստոնեայ աշխարհին, ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ, զայն պատուով կը բարձրացնէ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչի գիւտին պատմութիւնը, շատ հին պատմութիւն է, սակայն ոչ միայն չի մոռցուիր ու չի մեռնիր, այլեւ առիթ կ՛ընծայէ, որ այսօր ալ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը համայնական յարգանքով յիշատակէ զայն, որպէսզի այդ յիշատակութեան ընդմէջէն պայծառութիւն բերէ իր կեանքին: «Անկասկած այս առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուիլը մեզի համար նուիրական պարտականութիւն է, որ, ինչպէս գիտենք, սերունդէ սերունդ, քաղցր յօժարութեամբ կը շարունակենք կատարել, որովհետեւ գիտենք, որ  այս եկեղեցին ու անով մեր կեանքէն ներս հաստատուած աւանդը պէտք է պաշտպանուին, որպէսզի մեր ալ ուխտը մեզ տանի  Աստուծոյ փառքին», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք կը յիշենք Հեղինէ թագուհին` որպէս մէկը, որ իր հաւատքի օրինակով խրախոյս եւ մխիթարութիւն յառաջացուց ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը բացատրեց, որ Գիւտ խաչի տօնը նախ մեզի կը պատգամէ, որ կեանքէն ներս հաւատքով կարելի է նուաճել ամէն տեսակի դժուարութիւն,  եւ հաւատքէ բխող արարքներով նաեւ կարելի է հասնիլ ամէն նպատակի, դիտել տալով, որ այս օրերու պայմաններուն մէջ պէտք է անդրադառնանք, որ դժուարութեանց եւ աղէտներու մատնուածները, երբեմն առանց հաւատքի, ի զուր կը փորձեն հրաշք գտնել եւ գտնել նաեւ փրկութեան միջոց ու ճամբայ: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ Գիւտ խաչի տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ հրաշքը հաւատքէն կը ծնի եւ կը վերածուի առաքինի գործերու, աւելցնելով, որ Հեղինէ թագուհին, իր արքայական վայելքներն ու փառքը մէկ կողմ դրած, մինչեւ Երուսաղէմ գնաց, որպէսզի քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութիւնը ուղղէ դէպի Քրիստոսի խաչափայտ:

«Խաչը մահուան գործիք էր, սակայն Քրիստոսի զոհագործութեամբ դարձաւ երկինքի արքայութեան դռները բացող բանալի: Ուստի, Հեղինէ թագուհիին օրինակով, պէտք է նախ հաւատալ, որ Քրիստոսի խաչը զօրութիւն է, որպէսզի այդ հաւատքով կարենանք մեր կեանքին համար ներշնչում եւ ուղղութիւն գտնել», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հարց տալով, թէ մասնաւորաբար ներկայ կեանքի անկեալ պայմաններուն մէջ կրնա՞նք ուխտապահ հոգիով մեր հաւատքին մէջ նորոգուիլ, փոխուիլ, մեր անձերուն եւ գործերուն կեդրոնը զԱստուած դարձնել ու մեր օրինակով  նաեւ մեր շրջապատէն ներս ու մեր զաւակներուն մօտ խրախոյս եւ եռանդ տարածել, նաեւ` կրնա՞նք նոր պայծառութիւն բերել մեր եկեղեցական ու համայնական կեանքին:

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ տօնական այս առիթով վստահաբար փառք կու տանք Աստուծոյ, որ իր զօրութեամբ ցարդ պահեց եւ պահպանեց մեր ժողովուրդին զաւակները եւ առիթ ընծայեց, որ մեր կեանքէն ներս պահուին նախորդ սերունդներէն կտակուած աւանդն ու նուիրական սրբութիւնները: Փառք կու տանք Աստուծոյ, որովհետեւ ցարդ մեր եկեղեցական ու համայնական կեանքի պաշտպանութեան համար պայքարողներ եղան, մեր ունեցած աւանդը պաշտպանելու համար հաւատքով մինչեւ խաչելութիւն քալելու պատրաստակամութիւն ունեցողներ եղան, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար քրտինք ու արիւն թափելու պատրաստակամութիւն ունեցողներ եղան: Անոնք մեր ծնողներն ու հարազատներն էին, որոնք քրիստոնէութեան, Հայաստանին, հայութեան ու հայ արժէքներուն համար տրամադրեցին իրենց կամքը,  իրենց բազուկը, իրենց կեանքն ու արիւնը եւ իբրեւ սրբազան աւանդ` իրենց օրինակը մեզ կտակեցին, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը մեզ տանի Աստուծոյ փառքին:

«Կ՛ապրինք դժուարին ու փորձութիւններով լեցուն ժամանակաշրջան մը, եւ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ մեր ունեցած ժառանգութիւնը պահելը կ՛ենթադրէ մեծ ճիգ: Ուստի կենդանի հաւատքով, վստահութեամբ  եւ գիտակցութեամբ դառնանք կենարար խաչին եւ այդպիսով ճանչնանք մարդկային մեր կոչումը եւ նոր ճիգով թարմանանք մեր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութեան մէջ»,  եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ` Վերանորոգուած Դաշտին Վրայ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Հոկտեմբեր Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?