Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Հիմնադիրներու Օրուան Նուիրուած Հանդիսութեան Իր 25-Ամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ Դոկտ. Արտա Էքմեքճի

Հոկտեմբեր 29, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերանորոգ հաւատքով եւ Հայկազեան համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» կարգախօսին կառչածութիւնը վերստին ամրապնդելով, համալսարանը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադիրներու 67-րդ տօնը երկուշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Այս յատուկ առիթով համալսարանի արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի ղեկավար դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճիին շնորհուեցաւ «Ականաւոր կրթական մշակի պարգեւատրում»` ակադեմական բացառիկ դերակատարութեան ջատագով ըլլալուն եւ Հայկազեան համալսարանին պատիւ բերելուն համար: Նշենք, որ այս կարեւոր ու հեղինակաւոր մրցանակը նախապէս շնորհուած էր վաստակաւոր եւ բոլորանուէր մտաւորական հայր Անդրանիկ Կռանեանին եւ «Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբ»-ի հիմնադիր դոկտ. Մանուկ Մանուկեանին:

Հանդիսութեան ներկայ էին` դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, ակադեմականներ, կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, Միացեալ Նահանգներու մշակութային մարզի պատասխանատու Հերմիլա Եիֆթըր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Ստեփան Գէորգեան, համալսարանի դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, բարեկամներ, ուսանողներ եւ հիւրեր:

Իր խօսքին մէջ դոկտ. Էքմեքճի բաժնեկցեցաւ իր 25 տարուան փորձառութիւնը` Հայկազեան համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» նշանաբանը կեանքի կոչելու եւ զայն կիրարկելու առումով: Խօսելով ծառայութեան մասին` Արտա Էքմեքճի զայն նկատեց «առաջնահերթութիւն մը» եւ վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս 1978-ի գարնան, երբ մեծաթիւ գաղթականներ ողողեցին Հայկազեան համալսարանը, անիկա ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուեցաւ` անոնց անհրաժեշտ կեցութիւն եւ սպասարկութիւն ապահովելու համար: Դոկտորը շեշտեց, որ ծառայութեան այս իւրայատուկ ոգին տիրական է Հայկազեան համալսարանի բոլոր բնագաւառներուն մէջ` նիւթական օժանդակութենէն մինչեւ տարբեր ակումբեր, վարչական, խորհրդատուական գրասենեակներ, բաժանմունքներ եւ այլն. «Անիկա ներթափանցած է մեր ուսումնական ծրագիրին, հոգեւոր կեանքին եւ յանձնախումբերուն մէջ», նշեց Էքմեքճի:

Անդրադառնալով ազատութեան` դոկտորը յայտարարեց, որ իր ասպարէզի ողջ ընթացքին ոչ մէկ ատեն պարտադրուած է դասաւանդել իր համոզումներուն հակառակ գաղափարներ, ոչ ալ` աշխատանքի կոչել, գործէ արձակել, դադրեցնել,  ուսանող ընդունիլ կամ որոշումներ փոխել արտաքին կամ ներքին որեւէ ճնշման տակ:  Ան հաստատեց, որ որոշումներ տալու չափանիշը միշտ ալ եղած է միայն արժանիքը:

Դոկտ. Էքմեքճի իր խօսքը եզրափակեց` ճշմարտութեան մասին իր ըմբռնումը կիսելով ներկաներուն հետ եւ ըսելով, որ ձգտեցաւ արտաքին աշխարհը աւելի համահունչ դարձնել համալսարանական աշխարհի արժէքներուն եւ չափանիշներուն` առանց գերազանցութիւնը զիջելու միջակութեան:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ կեդրոնացաւ համալսարանի առաքելութեան վրայ` կերտելու ներկայ ու ապագայ սերունդներուն նկարագիրը. «Ընկերութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ ապագան կախեալ է յաջորդող սերունդին կազմաւորումէն ու նկարագիրէն եւ` ոչ միայն անոր  պաշտօնական կրթական մակարդակէն, անցաւոր ձեռքբերումներէն ու ընկերային-տնտեսական բարօրութենէն», ըսաւ ան:

Խօսելով աղբիւրներու եւ միջոցներու մասին` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան ընդգծեց հնարամիտ ըլլալու կարեւորութիւնը եւ դիտել տուաւ. «Բնական աղբիւրներն ու միջոցները լեցուն են մեր աշխարհին մէջ, մենք կարիք ունինք արդիւնաւէտ ու հնարամիտ մարդոց, որոնք բնական, հոգեւոր, ճանաչողական եւ անձնական դրամագլուխն ու կարողականութիւնը պիտի ծառայեցնեն կեանքին, ուրիշներու կեանքերուն, այլապէս աղբիւրներն ու միջոցները կը կորսնցնեն իրենց իմաստը եւ կը վատնուին»:

Հայկազեան համալսարանի նախագահը եզրափակեց իր ուղերձը` հիմնադիրներու օրուան առիթով վերանորոգելով համալսարանի յանձնառութիւնը` ձգտելու գերազանցին ու բարձրագոյնին, որ կը շրջանցէ ակադեմական նեղ ջանքերը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայկազեանի հոգեւոր տեսուչ Վիլիպերթ Վան Սաանի աղօթքով: Այս առիթով պատրաստուած էր կարճ տեսերիզ մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուէր արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի ղեկավար դոկտ. Արտա Արսէնեան-Էքմեքճիի 25-ամեայ ասպարէզին, գործունէութեան եւ ընկերային ծառայութեան: Ուսանող Լոռի Կիւլիւմեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արին Մարգարեանի, ներկայացուց երգ մը, իսկ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ճոն Սաղըրեան կարդաց խորհուրդին շնորհաւորագիրը:

Աւարտին «Մուկար» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն մը:

Նախորդը

Արցախը Ազրպէյճանին Պիտի Յանձնեն Եւ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան Ճամբայ Պիտի Բանան Սպրդած Լո՞ւր, Թէ՞ Իրականութիւն

Յաջորդը

«Արեւմտահայերէնի Խորագիտակ Մարդուժի Պատրաստութիւնը Հրամայական Է». Դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?