ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած 2-րդ դասախօսական շարքին առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Ներկաները ողջունեց առողջապահական յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան:
Օրուան դասախօս տոքթ. Յակոբ Միսիսեան ներկայացուց «Կուրծքի քաղցկեղ» նիւթը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ այս քաղցկեղին` նշելով, որ անիկա կրնայ պատահիլ կիներու եւ տղամարդոց, բայց աւելի յաճախակի` իգական սեռին: Կիներու քաղցկեղ ունենալու հիմնական ազդող գործօնը կը նկատուի կին ըլլալը եւ ծերութիւնը:
Բժիշկը անդրադարձաւ նաեւ կուրծքի քաղցկեղի ախտանշաններուն, տարբեր փուլերու եւ տարբեր տեսակի բուժումներու:
Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Յակոբ Միսիսեան թելադրեց, որ 40-էն վեր տարիք ունեցող կիները անպայման տարին անգամ մը նախազգուշական քննութիւն մը կատարեն (mammography), շեշտելով, որ այս քննութիւնը լաւագոյն ձեւն է կանուխ բացայայտելու կուրծքի քաղցկեղը, որ` հիւանդին առիթ կու տայ բուժման աւելի տարբերակներ ունենալու եւ աւելի առիթ` գոյատեւելու:
Ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելէ ետք, յանձնախումբի անդամները եւ ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին բժիշկին անոր օգտաշատ գիտելիքներուն եւ թելադրանքներուն համար: