Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

November 8, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 6 նոյեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մասթըր մոլ»-ի մէջ, յաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» միօրեայ նախաձեռնութեան բացումը:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ այս անգամուան նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ բոլոր այցելուները առիթ ունին իրենց անունը գրելու եւ զետեղելու յատուկ տուփիկի մէջ եւ օրուան ընթացքին վիճակաձգութեամբ բախտաւորները պիտի ստանան արժէքաւոր նուէրներ: Յայտնենք, որ աւելի քան 55 բախտաւորներ ստացան նուէրներ` տրամադրուած մասնակիցներուն կողմէ:

Շրջուն ժողովրդային «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` միութիւններ, հաստատութիւններ, հրատարակչատուներ, գրախանութներ, նաեւ` մեծ թիւով անհատներ: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին` գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, հայկական գորգեր, պայուսակներ, ճաշատեսակներ, կարկանդակներ, անուշեղէններ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ եւ այլն: Գետնայարկին վրայ փոքրիկ քաֆիթերիայի դրութիւն հաստատուած էր, ուր այցելողները կրնային համտեսել տաք-տաք հրամցուած ուտելիքները:

Խուռներամ ժողովուրդին կողքին, «Մեր շուկան» այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Առաջին հերթին «Փոքրերու աշխարհ» խումբը զուարճացուց մանուկները, որմէ ետք ելոյթ ունեցան երգիչներ` Հրաչ Կայծակեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Յովիկ Ճիւնիոր, Ռիքի Աճեմեան եւ Իշխան Սարգիսեան,  երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի,  իսկ Սելլա Սվաքճեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց երաժշտական կտորներ:

Յայտնենք, որ Նոր տարուան առիթով «Մեր շուկան 6»-ը տեղի պիտի ունենայ երկու օրերու վրայ, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 18 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Նախորդը

արդ եւս 2022 – 2023. Արեւմտահայերէնի Մշակութային Նպաստ

Յաջորդը

Իվան Արտալճեան Լիբանանահայութեան Ներկայացուց Ջաւախքի Մէջ Տիրող Ներկայի Կացութիւնն ու ՀՕՄ-ի Իրականացուցած Ծրագիրները

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.