Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Լիբանանի Թեմի Դպրաց Դասերու Համագումար
Երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմին մէջ եկեղեցիներուն դպրաց դասերու համագումարը, Ժիւնիէի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ մէջ: Համագումարին մասնակցեցան թեմի ինը եկեղեցիներէն 60 անդամներ: Համագումարին աշխատանքը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն բոլոր ներկաները մասնակից դարձան շարականներու երգեցողութեամբ: Ապա, նախաճաշի կարճ դադարէ ետք, համագումարին մասնակցողները ամփոփուեցան եկեղեցւոյ սրահը` սկսելու օրուան ծրագիրը: Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց դպրաց դասերու վարիչ Խաչիկ...



















