Արցախի Մէջ Ապրիլեան Պատերազմին Պատճառով Վնասուած Շրջաններու Վերակառուցման Աշխատանքները Աւարտական Փուլի Մէջ Են
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով եւ անոր յաջորդող զինուորական գործողութիւններէն վնասուած շրջաններու վերակառուցման աշխատանքները աւարտական փուլի մէջ են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Յունան Թադեւոսեան: «Ապրիլեան զինուորական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած էին` Մարտակերտ քաղաքը, Թալիշը, Մատաղիսը եւ Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտար գիւղը: Զինադադարէն անմիջապէս ետք չափագրումի եւ գոյքագրումի աշխատանքները կատարուած են: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած...




















