Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ալիեւեան Ապագայ Մտորումներ

Նոյեմբեր 20, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

med_112015

Հիմա որ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած են եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ իր ղեկավարութիւնը, սպասուածին նման, կրկին բեմի վրայ են, տեղին է մեկնաբանել, վերլուծել եւ եզրակացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յառաջիկայ հինգամեակի Ալիեւի եւ իր վարչամեքենային գործընթացը, մանաւանդ որ թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ ամերիկեան քարոզչամեքենան բաւական մը հարցադրումի տակ առած էր կատարուած ընտրութեան օրինականութիւնը:

Ոչ թէ միայն տեղական այլախոհ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ հոսանքներ պոյքոթի ենթարկած էին արդէն իսկ «դասաւորուած ընտրութիւնները», այլ նաեւ` միջազգային դէտեր, որոնց կարգին ԵԱՀԿ-ը, որոշած էին չուղարկել դէտեր` ժամավաճառութիւն նկատելով այդպիսի պայմաններու տակ ներկայութիւն:

Ալիեւ եւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող քարոզչական մեքենան լաւապէս տեղեկացած էին թէ՛ դուրսի եւ թէ՛ ներսի, այսինքն ներքին եւ արտաքին պոյքոթներու մասին: Անոր համար հաւանաբար արտաքինը աւելի վտանգաւոր եւ աւերիչ կը թուի ըլլալ, քան ներքինը: Սակայն կարգ մը իրադարձութիւններ ցոյց կու տան, թէ հետզհետէ սաստկացող այս ներքին խռովութիւններն են, որոնք ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնն ունին արտաքին աշխարհին վրայ:

Ի՞նչ կը պատահի երկրէն ներս: Հոս հետաքրքրական է նշել, թէ դժգոհներու ալիքը այնքան մը սաստկացած է երկրէն ներս, որ ամէնէն աւելի զգայուն կառոյցը` ապահովականը ցնցուած եւ փոփոխութիւններու ենթարկուած է, եւ այս իրադարձութեան ցայտուն օրինակը ազգային անվտանգութեան նախարար Էլտար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն ու կալանքի տակ առնուիլն էր:

Ասոր կողքին, նաեւ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կարգ մը ներկայացուցիչներ պաշտօնազրկուած էին, իսկ այլոց համար այլ գործերու վերադասաւորումներ կատարուած էին:

Ռազմական գետնի վրայ, թէեւ Արցախի ճակատին վրայ, հետեւողական խախտումները կը շարունակուին, սակայն բանակին ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը հետզհետէ աւելի կարեւոր կը նկատուի նոյնիսկ երկրին մէջ, ուր ներքին ապահովութեան ուժերը երբեք վստահութիւն եւ յարգանք չեն վայելեր:

Արդեօք այսպիսի կացութիւն ստիպողաբար կը մեղմացնէ՞ Արցախի վրայ հետեւողական ձեւով կատարուող ազերի յարձակումներ… Այս մէկը հաւանաբար նոյնինքն Ալիեւին համար անընդունելի նկատուի, սակայն երբեմն ստեղծուած կացութիւնն է, որ կ՛առաջնորդէ դէպքերն ու իրադարձութիւնները, եւ ոչ թէ` անձն ու իր քմահաճոյքը:

Եւ այս մէկը, հոս տեղին է շեշտելը, մանաւանդ որ հետզհետէ սկսած են յայտնուիլ Իսլամական պետութեան համակիր բջիջներ, որոնք կրնան խախտել ներքին ապահովական իրավիճակը` ծանր հարուած մը տալով Ալիեւի ղեկավարութեան:

Այս գծով, դեռ վերջերս, նոյեմբեր 1-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ յատուկ բաժանմունքը, կրցաւ ձերբակալել քանի մը տասնեակ Իսլամական պետութեան համար կռուող մարտիկներ, որոնք կը փորձէին Վրաստանի սահմանային արահետներով Ազրպէյճան մուտք գործել:

Ապահովութեան կացութիւնը մէկդի դրած` յետընտրական այլ մտահոգութիւններու առջեւ կը գտնուի Ալիեւը: Այս մտահոգութիւնները քաղաքական եւ տնտեսական բնոյթ ունին: Առաջին հերթին, Վրաստանի մէջ, Ալիեւ բուռն ընդդիմութեան առջեւ գտնուած է, երբ փորձած է իր քարիւղի ընկերութիւնը` Սոքարը վերածել մենատիրութեան: Իսկ կարկինը աւելի լայն բանալով եւ շրջանէն ներս, Պաքուի որդեգրած քաղաքականութեան մասին խօսելով, վերջերս հետզհետէ աւելի կը նշուի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին:   Միութիւն մը, որուն նախագահութիւնը մէկ տարիով ստանձնած է Հայաստանը… եւ չորս տարիով այդ միութեան գործադիր մարմնի` տնտեսական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Սարգսեանը:

Նոյեմբեր 8, 2015

Նախորդը

Վրաստանի Նոր Օրէնքն Ու Ջաւախքը (Ա. Մաս)

Յաջորդը

ՀՅԴ «Ծրագիր» Հասկացութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Բ.

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?