Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի, ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը:
Մեր կուսակցութեան հիմնական արժանիքներէն մին է ինքնավստահութիւնը,- տոկուն կեցուածք, սուր նայուածք եւ վճռականութիւն` խօսքի թէ գործի մէջ:
Ինքնավստահութեան, ինքնագործունէութեան այդ առնական կորովն էր, որ հաւատք ներշնչեց անճար ժողովուրդի մը, աստիճանաբար հարթելով անոր ազատութեան ճամբան:
ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Հսկայ լուսարձակի մը նման, որ պայծառութիւն կը մտցնէ անծիր տարածութիւններու վրայ, կը պատռէ գիշերը, այդպէս ալ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իննսունական թուականներու թանձր խաւարէն, մշակութային յոյլ թմբիրէն, հանրային կեանքի ճահճախուտէն հանած է դուրս Հայկական Բարձրաւանդակը ու զայն վերստին կոչած է հայրենի ոգեւոր ու տենդահար կեանքի, մտաւոր բարձր խանդավառութեամբ:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
Մասիս, Արագած, Սիփան, Գրգուռ ու Նեմրութ, Անտոք եւ Խոյթ, Մարաթուկ ու Ծովասար, որոնք վեհանիստ լեռներն են Հայոց Աշխարհի, որոնց լանջերը գոռ մրրիկներն են ծեծել, նրանց վրայ օրհասական եւ հերոսական մարտեր մղուել, եւ այդ մարտերի մէջ մեր լեռները ոգի ու շունչ են տուել մեր յոգնատանջ մարտիկներին, հայրենի նուիրական լեռների ոգին: Երբ ամէն մի հայի հոգում տեղ բռնի Մասիսը, հայը կը մնայ անխորտակելի: Մասի՜ս… ներշնչարանը մեր հոգու: Այսպէ՜ս տեսայ Մասիսը:
ԱՆԴՐԷ ԱՄՈՒՐԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան փոթորկոտ կեանքին մէջ ոչ մէկ գաղափար այնքան տիրական ազդեցութիւն ձգած է, ինչքան հայրենիքը, մայրենի հողը, իր պատմութեամբ, իր կենսունակութեամբ ու իր վառ երազներով:
Ահա՛ Դաշնակցութեան հաւատամքը նաեւ գալիք օրերուն համար:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԼԱԶԵԱՆ
Այսօր չենք ժխտում ի հարկէ խաղաղ պայքարը, դա էլ փաստերի վրայ հիմնուած վերլուծութիւններով, ոչ թէ հայհոյանքով կամ ամբոխավարութեամբ. բայց դրան զուգընթաց պէտք է երկաթեայ շերեփի վերականգնումը, պէտք է ակնընդական նշանաբանը, եթէ ոչ մինչեւ վերջ մեզ կը համարեն տհաս, մեզ ոչինչ չեն տայ եւ մեր սերունդը կը ձուլուի, կը գոռան մեր երեսին թէ հայ չենք մենք:
ԲԱՂԴԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
82.- Դաշնակցութեան տարագիր գործունէութեան հպարտութիւնն ու փառքը կազմող դրուագը եղաւ անկաշառ այն աջակցութիւնը, որ համակիր հայ մտաւորականներու եւ միութենականներու կողմէ ցուցաբերուեցաւ ի նպաստ գաղափարական մեր շարժումին ուժեղացման: Ամբողջ աւանդ մը ժառանգած ենք այդ իմաստով եւ Կարօ Փօլատեանի հետագայ վկայութիւնը լաւագոյնս կը խտացնէ բարոյական մեր այդ դրամագլուխը.- «Ոչ-շարքայիններու ստուար բանակն ենք մենք: Նո՛յն կառքին լծուած, նո՛յն գաղափարականին ծառայող, որդեգրած նո՛յն ուղին` մեր մարդկային ու ազգային սրբազնագոյն իտէալներու իրագործման ձգտող: Դաշնակցականներու հետ կրնանք միշտ համաձայն չըլլալ, բայց ե՛նք ու պիտի մնա՛նք Դաշնակցութեան հետ, կ՛ապրինք ու պիտի ապրի՛նք Դաշնակցութեան համար, մինչեւ վերջ, մինչեւ մեր կանքին վախճանը: Հասկնալի կը դառնայ ուստի, թէ ինչո՛ւ մենք կ՛ուրախանանք իր յաղթանակներով, կը հրճուի մեր հոգին իր հերոսական արարքներով եւ թէ ինչո՛ւ կը տխրինք, կ՛արիւնի մեր սիրտը, երբ ան ձախորդութիւններու կը մատնուի, ձախող գործեր կը տեսնէ»:
83.- 1933 թ.ի փետրուար-մարտին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովը: Այս ժողովին է որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշեց լուծուած յայտարարել Երկրի իր կազմակերպութիւնը: Ժողովը որդեգրեց այն ռազմավարական ուղեգիծը, որ Միացեալ Հայաստանի ազատագրութեան համար խորհրդային լուծին դէմ պայքարելու հրամայականը ընդունելով հանդերձ` մեր ուժերը պէտք է անտեսել եւ կեդրոնացնել Թուրքիոյ դէմ պայքարի ուղղութեամբ, որովհետեւ Թուրքիան ոչ միայն բռնագրաւած է մեր հողերը, այլեւ կը շարունակէ հայաջնջումի իր քաղաքականութիւնը: Ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց համաթրքութեան շարունակուող վտանգին դէմ հայ-պարսկական զինակցութիւն առաջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ժողովին է նաեւ, որ ՀՅԴ որոշած է իր կարելին ընել` տարագիր հայութեան ներգաղթը քաջալերելու եւ կազմակերպ հիմերու վրայ դնելու համար:
84.- 1933-ի գարնան, ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովէն անմիջապէս ետք եւ անոր որոշումը գործադրելով Գ. Նժդեհ Պուլկարիայէն կը մեկնի Մ. Նահանգներ, ուր կը գործէ մինչեւ 1934-ի աշունը` հիմը դնելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Ցեղակրօն շարժումին: Ամերիկեան ձուլման կաթսային դէմ հայապահպանման ազդու գաղափարախօսութիւն մը եղաւ Նժդեհի հիմնած շարժումը, որ միաժամանակ հայ ազատագրական շարժման գաղափարական եւ քաղաքական արժէքներուն հանդէպ խորարմատ հունտեր ցանեց ամբողջ սերունդներու մէջ, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական կազմակերպութեան պահպանումն ու ամրապնդումը` խորհրդային մեծապետական միջոցներու գործակցութեամբ Դաշնակցութեան դէմ բացուած անոպայ արշաւներու ընթացքին: ՀՅԴ միշտ արթուն հսկեց, սակայն, որպէսզի ցեղակրօնութիւնը չվերածուի շովինիստական տրամադրութեանց, ընդհակառակն` ժողովրդավարութեան հանդէպ յանձնառութիւնը դարձուց շրջանի դաշնակցական կազմակերպութեան կարեւոր աւանդներէն մէկը:
«մեր ուժերը պէտք է անտեսել եւ կեդրոնացնել Թուրքիոյ դէմ պայքարի ուղղութեամբ,»
Յ.Չ. Այստեղ յստակ է վրիպակը: