Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմոռանալի Քոյր Սեսիլը

Նոյեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Sesil_112115Իրաւամբ անմոռանալի է քոյր Սեսիլը բոլոր անոնց համար, որոնք զինք ո՛չ միայն իբրեւ ջերմեռանդ կրօնաւորուհի կամ իբրեւ բարեկամ, դաստիարակ, կրթական մշակ եւ ինծի պէս` որպէս  գործակից ճանչնալու եւ իրեն հետ կապ հաստատելու առիթ ունեցած են Հռոմի, Մարսէյի, Պոսթընի, Ֆիլատելֆիոյ մէջ, բայց մանաւանդ  այն բազմահազար հայուհիներուն եւ ընդհանրապէս հայորդիներուն համար, որոնք Լիբանանի մէջ իր հայաբոյր շունչով ու հայատրոփ սրտով դաստիարակուած ու կրթուած են Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ 1960-ական թուականէն սկսեալ աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին: Ափսոս, որ ասոնք հնարաւորութիւնը չունեցան իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու եւ վերջին հրաժեշտը  տալու իրենց ուսուցիչին, դաստիարակին, տնօրէնուհիին, որուն մայրական հոգատարութիւնը վայելեցին իրենց մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն, իսկ այնուհետեւ` հարազատի մտերմութիւնը:

Արդարեւ, 2015-ի նոյեմբերի 7-ին Գիւմրիի կաթողիկէ Հայոց Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ  եկեղեցիին մէջ քոյր Սեսիլ Քէհէեանի հոգւոյն հանգստեան համար տէր Ռաֆայէլ Մինասեանին կողմէ մատուցուած Ս. պատարագին եւ ապա անոր յուղարկաւորութեան ներկայ եղած են հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ յղութեան միաբանութեան  Հայաստանի առաքելութեան քոյրերը, Երեւանի եւ Սպիտակի մէջ ծառայող Գթութեան քոյրերը, «Տիրամայր Հայաստանի»  կուսաստանի սաները, «Հայկական քարիթաս»-ի աշխատակիցներ, հաւատացեալներու բազմութիւն մը, որոնք բաւարար չէին ներկայացնելու համար քոյր Սեսիլի յիշատակին առջեւ խոնարհելու պարտքէն զրկուածներուն բանակը:

Շատ բնական է, որ քոյր Սեսիլ ցանկութիւն յայտնած ըլլայ իր կեանքին վերջին տարիները անցընել Հայաստանի մէջ եւ մեռնիլ ու թաղուիլ մայր հայրենիքի մէջ, ինչպէս հաստատած է իր միաբանակից եւ այնքան հոգատար քոյրը, «Տիրամայր Հայաստանի» առաքելութեան մեծաւորուհին` քոյր Արուսեակը, յընթացս յուղարկաւորութեան արտասանած ցաւակցական խօսքին մէջ, որովհետեւ քոյր Սեսիլ իր հաւատքին լրումը կը տեսնէր  հայուն ինքնութեան, հայ մշակոյթին մէջ:  Ան իրեն վստահուած սերունդներուն ջամբեց քրիստոնէական դաստիարակութիւն ու հայրենասիրութիւն հաւասարապէս` հաւատացած ըլլալով, որ  կարելի չէ ճշմարիտ հայ ըլլալ առանց ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու: Իր այս համոզումին վկայութիւնը հանդիսացաւ «Տիրամայր Հայաստանի» Ծաղկաձորի ճամբարին մէջ հարիւրաւոր երեխաներուն ջամբուող  քրիստոնէական դաստիարակութեան  ի տես իր գնահատանքն ու հիացումը, զոր արտայայտեց մինչ իր մահէն շուրջ երկու ամիս առաջ իրեն հետ կը զրուցէինք եւ Հռիփսիմեանցի պատմութեան վերաբերեալ կարգ մը ստուգումներ կը կատարէինք` շրջապատուած Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն, Արցախէն եւ մանկատուներէն ժամանած աւելի քան  երկու հարիւր երեխաներով: Ինք բոլորէն աւելի գիտէր քոյր Արուսեակին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, բայց նաեւ` ծանրութիւնը, ի՛նք` որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց նորահաս սերունդներու քրիստոնէութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան, անոնց սորվեցուց քրիստոնէութիւն, հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ, ի՛նք որ հայ մանուկներու հոգիներուն մէջ եկեղեցասիրութեան ու  քրիստոնէական հաւատքին հետ սերմանեց սէր առ հայրենիք եւ հայկականութիւն, այնպէս, ինչպէս կը յորդորէր իր միաբանութեան հիմնադիրը`  կարտինալ Անտոն Հասունեան, այնպէս, ինչպէս ինք ուխտած էր  ըլլալ ու ընել  1948-ին`  դառնալով  Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամ: Իր ամբողջ կեանքը եղաւ եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայելու իր  միաբանութեան առաքելութեան հաւատարմութեան վկայութիւնը:

Քոյր Սեսիլը պիտի չմոռնան մանաւանդ անոնք, որոնք  անոր տնօրէնութեան 30 տարիներու ընթացքին տողանցեցին Հռիփսիմեանց վարժարանէն` իբրեւ աշակերտ, ծնողք, գործակից կամ բարեկամ, եւ վկաները եղան անոր մանկավարժական յառաջադէմ գաղափարներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնք զինք դարձուցին լիբանանահայ կրթական շրջանակներու տիրական եւ ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը եւ իր անունը` հոմանիշ հայ տիպար վարժարանի: Անոնց` բոլորին համար  անմոռանալի պիտի մնայ քոյր Սեսիլը, որուն յիշատակին առջեւ պիտի խոնարհին յուզումնախառն, բայց նաեւ` հպարտալից եւ դրուատալից երախտագիտութեամբ:

12 / 11 / 2015

 

 

Նախորդը

Քոյր Սեսիլի Յիշատակին

Յաջորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (2)

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?