Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ծրագիր» Հասկացութեան Խորհուրդն Ու Պատգամը Դաշնակցականներու Մօտ (ՀՅԴ Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով) Բ.

Նոյեմբեր 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ծրագիր բառը բառարանային իմաստով ունի տարբեր իմաստներ եւ հոմանիշներ: Օրինակ`

ա.- Կատարելիք աշխատանքներու` գործունէութեան եւ այլն նախագիծ,

բ.- Որեւէ համաժողովի, գիտական նստաշրջանի, կուսակցական համագումարի եւ այլնի իրագործելու կարգն ու բովանդակութիւնը,

գ.- Քաղաքական կուսակցութեան, պետութեան, հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան ու նպատակներու եւ հիմնական սկզբունքներու շարադրանք:

Հետեւաբար, ամէն անհատ կամ հաւաքականութիւն` միութիւն, ընկերութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, գործելէ առաջ կ’ունենայ յատուկ ծրագիր մը կամ նոյնիսկ` ծրագիր-կանոնագիր մը, եւ անոր հիման վրայ կ’որդեգրէ իր աշխատանքի ոճը եւ ընթացքը:

Ծրագիր, որուն հիման վրայ կ’իրականանան աշխատանքները, կազմակերպութեան գործողութիւնները: Ծրագիրը կը բովանդակէ կազմակերպութեան, մարմիններու, խմբակներու, յանձնախումբերու, անհատներու, գործընթացներու կազմակերպումը եւ անոնց հունաւորումը:

Ծրագիրը ինքն է, որ կը կողմնորոշէ կազմակերպութեան նպատակը, ճշգրիտ, մատչելի եւ հասկանալի ձեւով կը նկարագրէ եւ կը ներկայացնէ կարեւորագոյն հեռանկարները եւ կը սահմանէ անոր հասնելու միջոցները: Ծրագիրը փաստաթուղթ մըն է, որ թոյլ կու տայ կառավարելու տուեալ խմբաւորումը, այդ պատճառով ալ պէտք է դիտարկել իբրեւ ռազմավարական ծրագրաւորման անբաժանելի մաս եւ իբրեւ կատարման ու վերահսկման ուղեցոյց: Կարեւոր է դիտարկել ծրագիր-կանոնագիրը որպէս այդ ծրագրաւորման գործընթաց եւ որպէս կազմակերպութեան ներքին կառավարման գործիք:

Ծրագիրը կը ներկայացնէ նպատակներու սահմանումին եւ անոնց հասնելու ուղիներ` մշակուած գործողութիւններու ծրագրի միջոցով, որոնք իրականացման ընթացքին մէջ կարելի են ճշգրտուիլ` փոփոխուող հանգամանքներուն համապատասխան:

Որոշ է, որ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը յատուկ ծրագիր ու կանոնագիր մշակած է: 1892-ի ապրիլին կը հրատարակուի կոչ մը (Հրաւէր առաջին Ընդհանուր ժողովի հայ յեղափոխականներին), «ՀՅ դաշնակցութեան մի խումբ» ստորագրութեամբ: 1894-ին հրապարակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրը եւ այդ օրէն ի վեր ժամանակի ընթացքին ՀՅԴ Ընդհանուր (արտակարգ) ժողովներով, ՀՅԴ ծրագիրը կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկուած է: 1998-ին ՀՅԴ ԻԷ. Ընդհանուր (արտակարգ) ժողովին կողմէ հաստատուած «Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»-ի սկիզբը կը կարդանք. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն իր բոլոր ուժերով պայքարում է յանուն հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերի պաշտպանութեան:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարը հիմնաւորում է իր գաղափարաբանութեամբ: Նա առաջադրում է անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան, համերաշխութեան եւ բարօրութեան ճանապարհով ապահովել հայ մարդու եւ հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ձգտում է Հայ դատի լուծմանը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի կերտմանը»:

Քաղաքագէտ ու զինուորական նախարար Ռուբէնը` Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան, ՀՅԴ ծրագրի մասին այսպէս կը գրէ. «Ծրագիրը մի սրբութիւն է Դաշնակցութեան համար եւ անտեղի չէ, որ շատ շարքայիններ, մանաւանդ` մարտական դասէն, կը խաչակնքեն, կը համբուրեն զայն, աչքերնին կը դնեն եւ յետոյ ձեռք կ՛առնեն»: Ապա կ’աւելցնէ. «Նկատելի է, որ Դաշնակցութիւնը ճշմարիտ առումով տեսաբան չունի, եւ դրա կարիքն էլ նա չէ զգացած. նրա տեսաբանը ժողովուրդն է, իր Ընդհանուր ժողովները: Մենք ականջ կը կախենք զանգուածի բանաւոր թելադրանքին. կը ջանանք հասկնալ զայն եւ մեր ծրագիրը յարմարեցնել ժողովուրդին եւ ոչ թէ ժողովուրդը յարմարեցնել մեր ծրագրին»:

Նշանաւոր յեղափոխականը ՀՅԴ ծրագրի փոփոխութեան ենթարկուելու իրողութիւնը բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ. «Դաշնակցական ծրագիրը փոփոխական է, նա ո՛չ քարացած տոկմա է եւ ո՛չ ալ Դաշնակցութեան առաջին եւ վերջին խօսքը: Շատերը այս երեւոյթը նշմարելով` մեզ կը նկատեն անծրագիր եւ անսկզբունք, մինչ մենք, ընդհակառակն, դրա մէջ կը տեսնենք կեանք եւ կենսունակութիւն»:

Իսկ յայտնի մարտական ղեկավար Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան) ՀՅԴ ծրագիր երկու բառերու գումարումովը կը ներկայացնէ ՀՅԴ ծրագրի փիլիսոփայութիւնը. «Ի՞նչ է Դաշնակցութեան ծրագիրը. ի՞նչ է նրա փիլիսոփայութիւնը, ի՞նչ է նրա գիտնականութիւնը:

«Դաշնակցութեան ծրագիրն է` հայ ժողովուրդի ազատ լինելը հայ ժողովուրդի հայրենիքին մէջ: Այս է Դաշնակցութեան ամբողջ ծրագիրը»:

Աւետիք Շահխաթունեան այլ բնորոշումով մը կը պարզաբանէ. «Վիճաբանութիւն պէտք չէ լինի, թէ Դաշնակցութեան ծրագիրը դասակարգային է: Հարցը պէտք է այնպէս դնել, թէ իրաւացի՞ քայլ արեց Դաշնակցութիւնը` իբրեւ մի դասակարգային կուսակցութիւն, գործ սկսելով նաեւ Կովկասում: Ա՛յլ բան է աշխատաւորներից կազմուած լինել, եւ ա՛յլ է աշխատաւորական ծրագրով գործել: Մի աշխատաւոր կարող է ինքնին աւելի խիստ հակաշխատաւորական լինել, քան` մէկ ոչ աշխատաւոր»:

ՀՅԴ ծրագրին մասին Աբրահամ Գիւլխանդանեան կը գրէ. «ՀՅ դաշնակցութիւնը առաջին յեղափոխական կուսակցութիւնն էր, որ հանդէս գալով հայ իրականութեան մէջ` նպատակ էր դրել ոչ թէ իր ծրագիրը յարմարեցնել արեւմտեան Եւրոպայում գոյութիւն ունեցող նոյնանման կուսակցութիւններին, այլ` ստեղծել այնպիսի մի ծրագիր, որ բխէր մեր իրականութիւնից, ինչպէս այդ կէտի վրայ շեշտուած է մեր առաջին ծրագրի մէջ:

«Երեւան գալով այդպիսի մի ցանկութեամբ, բնական է, որ Դաշնակցութեան առաջին ծրագրի հեղինակները նախ եւ առաջ մանրազնին կերպով ուսումնասիրէին մեր ժամանակուան իրականութիւնը: Այդ է պատճառը, որ մեր ծրագիրը երեւան եկաւ միայն 1894 թուին, երբ կուսակցութիւնը արդէն գոյութիւն ունէր երեք տարուց աւելի: Իսկ մինչեւ պաշտօնական ծրագրի վերջնական ձեւ ստանալը եղան զանազան ուսումնասիրութիւններ, մինչեւ իսկ` նախագիծ»:

Ազգային-պետական ղեկավար գործիչ Նիկոլ Աղբալեան. «Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ունի որոշ ծրագիր, այդ ծրագիրը թարգման է որոշ շահերի: Հանրային շահերի պաշտպանութեան եւ հետապնդման կուսակցութիւն լինելով` Դաշնակցութիւնը շահակցական կազմակերպութիւն չէ: Նա հանրային շահեր է պաշտպանում եւ ոչ թէ իր անդամների շահերը», ու ապա կ՛աւելցնէ, թէ` «Պարզ համակիրն ու գործակիցը չեն կարող կուսակցութեան անդամ համարուիլ: Նրանք կարող են շատ յարգելի մարդիկ լինել, շատ խելացի, հայրենասէր եւ ազգասէր, շատ պարկեշտ եւ գիտուն, բայց նրանք միշտ կը մնան համակիր, երբե՛ք կուսակցութեան անդամ, քանի դեռ կազմակերպուած չեն, այսինքն քանի մեր ծրագիրն ընդունելով` կանոնագրական կապով միացած չեն մեզ հետ իբրեւ նոյնիրաւ ընկերներ: Նրանք կարող են մեր կուսակցութեան մեծամեծ ծառայութիւններ մատուցած լինել, բայց իրաւապէս մեր կուսակցութեան կեանքի, մեր ծրագրի եւ կանոնագրի վրայ ազդել չեն կարող: Համեստագոյն անդամի ձայնը մեր կուսակցութեան մէջ աւելի կշիռ ունի, քան` մեծատաղանդ համակիր մարդու կարծիքը»:

Արդարեւ, ՀՅԴ ծրագրին ընդմէջէն դաշնակցականներու վերոնշեալ հիմնաւորումներով երեւան կու գան ՀՅ դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը եւ զօրութեան գաղտնիքը: Վերջապէս, ՀՅԴ ծրագիրն է այն գերակշիռ ուժականութիւնը, որ Դաշնակցութեան հետագայ բոլոր սերունդները անսահման զոհողութեամբ ու անձնուիրութեամբ 125 տարի շարունակաբար կուռ հաւատքով, բարոյականութեամբ եւ յեղափոխական ոգիով գործեցին:

(Շար. 2)

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ալիեւեան Ապագայ Մտորումներ

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?