Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոյր Սեսիլի Յիշատակին

Նոյեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ԳՐԱՃԵԱՆ – ՖՍՏԸՔՃԵԱՆ

6 նոյեմբեր 2015 առաւօտեան ժամերուն քոյր Սեսիլ աչքերը փակեց յաւիտեան, Գիւմրիի հիւանդանոցի եւ իր շատ սիրած հայրենիքի` Մայր Հայաստանի մէջ:

Քոյր Սեսիլը Անարատ յղութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մեծաւորուհին ու տնօրէնուհին ըլլալով` իր կեանքը նուիրած էր հայ դպրոցին երկար տարիներ շարունակ:

Իր իսկ հովանաւորութեամբ այս աղջկանց հաստատութիւնը եղաւ լոյսի տաճար մը, ուր Պէյրութի հեռաւոր վայրերու մէջ բնակող աշակերտուհիներու հոյլ մը փութաց հոն, ամէնօրեայ զանազան փոխադրամիջոցներով:

Դաստիարակչական, ընկերային ջերմ ու գուրգուրոտ իր գրկին մէջ աճած ու ծաղկած սերունդներ այսօր կը գտնուին ամէնուրեք` Լիբանանէն մինչեւ Մոնրէալ, Թորոնթօ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ ու քաղաքներ` սեղմ պահելով հայ լեզուի ու գրականութեան ու կրօնի սէրը, վառ պահելով նաեւ հայ ընտանիքին ջահը:

Քոյր Սեսիլ բարի խորհուրդ, անհատնում խրատները քրիստոնէական ու բարոյագիտութեան դասերը ամէնօրեայ սնունդ եղան մեր պատանեկան երբեմնի դժուարին օրերու:

Խանդավառ ու աշխուժ, ունէր բազմաթիւ աչքեր` տեսնելու, դիտելու ամէն տեղ, ամէն մանրամասնութիւն, միշտ պատրաստ դարմանելու զանազան դպրոցական եւ դասարանային դժուարութիւններ:

Քոյր Սեսիլ միշտ շեշտը կը դնէր ուսման բարձր մակարդակին վրայ: Ամէն ջանք կը թափէր, որպէսզի Հռիփսիմեանց վարժարանը ունենար որակաւոր ուսուցչական կազմ, հայ թէ օտար, մասնագիտացած իրենց աւանդած նիւթին մէջ: Մեր երախտագիտական զգացումները նաեւ կ՛երթան այդ կրթական մշակներուն, որոնք պատնէշի վրայ կանգնած` տուին իրենց լաւագոյնը օրնիբուն:

Քոյր Սեսիլի նպատակն էր նաեւ դաստիարակել հայ պարմանուհիները` ապագայի դիտաւորութեամբ:

Յաճախ առիթը չէր փախցներ մեզ իր շուրջը հաւաքելու եւ ըսելու. «Աղջիկնե՛ր, Շաքէ, Մարկօ, Վերա, Շուշի, Սոնա, Լետա, լա՛ւ լսեցէք, հնազանդ եղէք, քաղաքավար եղէք, օգնութեան հասէք կարօտեալին, ձեր լաւագոյնը տուէք ձեր ազգին ու եկեղեցիին, ես ձեր մէջ կ՛ուզեմ տեսնել ապագայ հայ տիպար մայրեր»:

Իրօք, Սիլվա Կապուտիկեանի «Քո մայր լեզուն չմոռանաք» քերթուածի յուզող տողերը միշտ մեր ականջներուն մէջ էին մեր հայերէնի դասապահերուն:

Եւ տակաւին կը յիշեմ ամէնօրեայ առաւօտեան աղօթքի պահերը, երբ պատշաճ լրջութեամբ կ՛առաջնորդէր մեր եկեղեցական շարականները, աւելի լաւ պատրաստելու մեզ, մեր առօրեայ ծանր պարտաւորութիւններ: Այդ մատուռը մեր հոգեկան սնունդի օրրանն էր, ուրկէ կը լսէինք Արարչին ձայնը` աղօթելու, ծառայելու եւ իմաստաւորելու մեր կեանքը:

Իսկապէս առանձնաշնորհում էր յաճախել մեսրոպեան բերդի նման կանգնած Սրբոց Հռիփսիմեանց քոյրերու վարժարանը, ուր քոյր Սեսիլ մեղուափեթակի թագուհիին նման` ժրաջան աշխատանքի կը լծէր աշխատակից քոյրեր` քոյր Աղվիթան, քոյր Ակիւլինէն, քոյր Հռիփսիմէն եւ ուրիշ քոյրեր, կրթական մշակներ, եւ նաեւ մեզ, իր անհատնում ջանքերով:

Քոյր Սեսիլ խոր ծերութեան հասած էր, բայց աստուածային նախախնամութեամբ իր մահը զուգադիպեցաւ 1915-ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցին: Ան իր մահէն առաջ տեսաւ մեր հիասքանչ անմոռուկը եւ այդպիսով ապրեցաւ հայու անցեալը, ներկան, ապագան, իր աճեցուցած սերունդին ընդմէջէն, եւ վերջապէս տեսաւ լոյսը գալիք սերունդին մէջ ու ապա փակեց աչքերը անմոռուկ ծաղիկը սրտին մէջ:

Այո՛, սիրելի՛ քոյր Սեսիլ, դուն համակ նուիրում եղար, եւ մենք` քու սիրելի աշակերտուհիներդ, երախտապարտ պիտի մնանք քեզի եւ միաբանութեան ծառայող քոյրերուն, որ երդիքի տակ ալ ըլլան անոնք:

Բիւր յարգանք քեզի, վարձքդ կատար, սիրելի՛ քոյր Սեսիլ, Աստուած օրհնէ քու յիշատակդ:

ՍՈՆԱ ԳՐԱՃԵԱՆ – ՖՍՏԸՔՃԵԱՆ
Նախկին աշակերտուհի Հռիփսիմեանցի

Թորոնթօ

Նախորդը

Տեսակէտ. Աղբացած Առօրեայի Լուսանցքին Ա՛լ Ի՛նչ Խօսք Անկախութեան Մասին (22 Նոյեմբեր 1943)

Յաջորդը

Անմոռանալի Քոյր Սեսիլը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?