Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ: Նա համոզուած է նաեւ, որ եթէ նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայ դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար` դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման – լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն – որպէսզի գործը քալէ:
Ա. ՋԱՄԱԼԵԱՆ
Տեսնել Հայրենիքը ազա՛տ: Տեսնել զայն անկա՛խ: Տեսնել միացած եւ ամբողջացած անոր նուիրական հողը: Արցունք եւ արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ: Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին: Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր աստծուն աղօթելու: Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները: Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն: Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ: Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին` ազատ Հայաստանի մէջ:
Վ. ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
Ընդհանուր ա՛յն սպանդէն յետոյ, որուն զոհ գնաց Թուրքիոյ հայութիւնը, եւ այն տմարդի գազանութիւններէն ետք` որուն ենթարկուեցան Ուրֆայի ղեկավարներն ու Գուտէմէի հայ զինուորները, այլեւս հաւատք չունինք թուրք կառավարութեան վրայ: Ուրֆայի հայութիւնը չ՛ուզեր ոչխարային համակերպութեամբ զոհուիլ անապատներուն մէջ… Մեր տուներու շէմին թէ անապատներու մէջ, միեւնոյնն է վախճանը, քաջութեամբ վերջացնենք քաջութեա՛մբ սկսած մեր գործը:
ՄԿՐՏԻՉ ԵՕԹՆԵՂԲԱՅՐԵԱՆ
Տեսնե՜լ իր ժողովուրդին նահատակութիւնը, կատաղօրէն ատել ոճրագործները, եւ, սրտին քար դրած, ատամները սեղմած, ներսիդին եռացող ընդվզումը զսպած, դառնալ «թուրք» եւ ամիսներով, գիշեր ու ցերեկ ապրիլ այդ ոճրագործներու անմիջական շրջապատին ու մտերմութեան մէջ – օ՜, շատ էր… Բայց Հրաչ տոկաց, պահեց իր պաղարիւնն ու վճռականութիւնը եւ մնաց արի, յանուն իր ստանձնած պարտականութեան եւ յանուն սուրբ գործին, որ մեր նահատակներու արեան արդար հատուցումն էր (Կը վկայէ Կարօ Գէորգեան):
ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ի զուր կը փորձուի Դաշնակցութեան մուտքը արգիլել իր ազատագրած հայրենիքէն ներս: Կարելի է փակել սահմանները Դաշնակցութեան ֆիզիքական մուտքին առջեւ, բայց արար աշխարհ թող իմանայ, որ ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ միջոց կրնայ արգիլել Դաշնակցութեան ոգիին մուտքը Հայաստանի ժողովուրդի սրտէն ու հոգիէն ներս, ոչ մէկ ուժ կամ միջոց կրնայ արգիլել Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու սկզբունքներուն ուռճացումը հայրենի հողին վրայ, որ ներկուած է դաշնակցական հերոսներու արիւնով:
ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
78.- 1929 թ.ի մարտ-ապրիլին կը գումարուի 11-րդ Ընդհ. ժողովը: Գլխաւոր որոշումները եղան` Ա.- ՀՅԴ Ծրագրի վերամշակումը յետաձգել, նկատի ունենալով որ մտքերու անհրաժեշտ բիւրեղացումը դեռ չէր իրականացած. այդ յետաձգումը երկարեցաւ մինչեւ 1972-ի ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը, երբ ի վերջոյ ձեռնարկուեցաւ եւ յաջորդ Ընդհանուր ժողովին գործադրուեցաւ ՀՅԴ Ծրագրի վերամշակումը: Բ.- Հայաստանի խորհրդային իշխանութեան դէմ գաղափարական անհաշտ պայքար մղել, բայց այդ նպատակով բռնի ուժի գործածութիւնը բացառել, իրարմէ զատորոշելով Խ. Միութիւնը եւ Խ. Ռուսաստանը` երկրորդին հետ Հայ դատի ի խնդիր գործակցութեան եզրեր փնտռելով: Գ.- Հայ դատի ի խնդիր պայքարը ծաւալել Թուրքիոյ դէմ` անոր լուծին տակ ապրող այլ փոքրամասնութեանց, յատկապէս քիւրտերու հետ զինակցութիւն հաստատելով:
79.- 1925-էն սկսեալ, աւելի քան տասը տարի, ՀՅ դաշնակցութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ Քրտական հարցի արծարծումին եւ Քրտական շարժումի ծաւալումին` Հոյպունի եւ Արարատեան ապստամբութեանց ճամբով: Մեր քաղաքականութեան խօսուն խտացումը կը կատարէր «Դրօշակ» օգոստոս 1930-ի առաջնորդող իր յօդուածով, դիտել տալով որ` «Ով գիտակցում է թէ ի՜նչ ահռելի վտանգ է ներկայացնում Տաճկահայաստանը ազգագրականապէս թիւրքացնելու քաղաքականութիւնը – վտանգ թէ՛ այդ հողերի վրայ ունեցած մեր իրաւունքների համար եւ թէ՛ Անդրկովկասի հայ ժողովրդի ապահովութեան համար – անշուշտ համաձայն կը լինի մեզ հետ, որ եթէ քիւրտական շարժումներն ուրիշ որեւէ այլ շահեկանութիւն չունենային` այս մի հատիկը մենք պէտք է բաւական նկատէինք` արտակարգ ուշադրութեամբ հետեւելու նրանց ընթացքին:
80.- 1924-ի 10-րդ Ընդհ. ժողովի որոշումով, ՀՅԴ Երկրի կազմակերպութիւնը պոլշեւիկեան սադրանքներուն դէմ պաշտպանելու նպատակով, 1925-էն սկսեալ կը ձեռնարկուի դաշնակցական գործիչներու դէպի Երկիր առաքումին: Պարսկաստանի վրայով Հայաստան կ՛ուղարկուին գործիչներ ու դաշնակցական գրականութիւն: Երկրի մեր կազմակերպութիւնը ճզմելու պատրուակով պոլշեւիկներու ծաւալած հակաժողովրդային հալածանքն ու խժդժութիւնները, սակայն, պատճառ կը դառնան որ հետագային առկախուի այդ գործունէութիւնը:
81.- Դաշնակցութեան 100-ամեայ պատմութեան ցաւոտ կնճիռներէն 1930-ական թուականներու «Մարտկոցական շարժումը», որուն պարագլուխներէն էր Վազգէն Շուշանեան: ՀՅԴ Բիւրոյի դէմ ըմբոստացման շարժում մըն էր. շարքերէն հեռացած ըլլալով հանդերձ` Շուշանեան եւ իր ընկերները – ընդհանրապէս երիտասարդներ – շարունակած էին գործել իբրեւ «ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կ. Կոմիտէ», հրատարակելով «Մարտկոց» պաշտօնաթերթը, «Դաշնակցութեան մէջ ներքին յեղափոխութիւն յառաջացնելու համար» – ինչպէս կը հաստատէ անոնց 1933-ի թուակիր շրջաբերականը: Ս. Վրացեան կը հաստատէ, թէ սկզբնապէս երիտասարդական ըմբոստացման ծնունդ այդ շարժումը վիժեցաւ, երբ «շուտով որոշ կերպով յայտնի եղաւ, որ ըմբոստների ետեւը կեցած էր բոլշեւիկեան Չեկան»: Շուշանեան եւ իր ընկերները վերջ տուին իրենց գործունէութեան եւ ոմանք շարքերը վերընդունուելու դիմում կատարեցին, երբ անդրադարձան թէ իրենց շարժումը կը շահագործուէր «մութ ու անյայտ աղբիւրի» մը կողմէ, թէ «թերթը ապրած է ոչ բնական միջոցներով» եւ թէ «այս մութ ու անծանօթ աղբիւրի հանդէպ եղած որոշ յանձնառութեամբ միայն կարելի է բացատրել «Մարտկոց»-ի մէջ ի յայտ եկած ու մեր սկզբնական ուղղութեան բնաւ չհամապատասխանող գիծը»: