Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստագիտութեան Բարի՞քները, Թէ՞…

Դեկտեմբեր 4, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արհեստագիտութիւնը կենսական դարձած է 21-րդ դարու մարդկութեան զանազան խաւերուն համար: Պէտք չէ խրտչիլ, կամ սկիզբէն իսկ մերժողական կեցուածք ճշդել նորարարութիւններու հանդէպ: Պէտք է յաղթահարել ներքին բարդոյթը նոր սարքերու եւ գործիքներու նկատմամբ եւ ատոնք օգտագործել անհրաժեշտ պարագային, մանաւանդ` դրական, շինիչ նպատակներով: Խնդիրը կը ծագի այն ատեն, երբ ժխտական եւ քանդիչ միտումները գերակայ կը դառնան:

«Թելեկրամ Ափփ» Կը Կոտրէ ՏԱՀԵՇ-ի
Քարոզչութեան Կայանները

Img1_120515

Ապահով բջիջային հաղորդագիրի «Թելեկրամ ափփ»-ը, սկսած է կոտրել Իսլամական պետութիւն խմբաւորման քարոզչութեան կայանները, ալիքները: Ահաբեկչական խմբաւորումը  շուրջ ութ շաբաթ առաջ տեղադրած էր իր սեփական հանրային սփռումներու ալիքները:

ՏԱՀԵՇ եւ ժիհատական այլ խմբաւորումներ արդէն կը շահագործեն սեպտեմբերի վերջաւորութեան «Թելեկրամ»-ի ներկայացուցած նորաստեղծ գործառնութիւնը, որ թոյլ կու տայ  օգտագործողներուն`  սեփական   Հեռագիր «ալիք»-ի միջոցով իրենց ուղերձները սփռել անսահման թիւով անդամներու:

Img2_120515

Կեդրոնատեղին Պերլին գտնուող «Թելեկրամ»-ը, անցեալ շաբաթ ըսաւ, որ փակած է ՏԱՀԵՇ-ի 78 ալիքներ եւ խոստացաւ օգտատէրերուն համար դիւրացնել նշումը` «Թելեկրամ»-ի միջոցով բաժնեկցուող «առարկելի հանրային բովանդակութեան»: «Մենք անհանգստացած ենք` տեղեկանալով, որ «Թելեկրամ»-ի հանրային  ալիքները կ՛օգտագործուին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ` սփռելու համար իրենց քարոզչութիւնը», կ՛ըսէ «Թելեկրամ», որ 2013-ին ստեղծած են երկու ռուս եղբայրներ` Պաւել եւ Նիքոլայ Տիւրովներ:

13 նոյեմբերի փարիզեան ահաբեկչական յարձակումներն ու 31 հոկտեմբերին Սինայի թերակղզիին վերեւ ռուսական ճամբորդատար օդանաւին ականահարումը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ: «Թելեկրամ»-ի վրայ 18 նոյեմբերին փակեցին ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութեան բանալի ալիք մը,  որ օգտագործուած էր հրապարակելու համար Իսլամական պետութիւն խմբաւորման անգլերէն պարբերականը` «Տապիք», որ կ՛ողջունէր Փարիզի յարձակումները  եւ կը ցուցադրէր պատկերը ռումբի մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի պնդումով օգտագործուած էր վար առնելու համար ճամբորդատար օդանաւը:

Իսլամական պետութիւնը իր քարոզչութիւնը 26 սեպտեմբերին «Թուիթըր»-էն փոխադրած էր «Թելեկրամ», որ միայն ատկէ չորս օր առաջ սկսած էր գործարկել իր նոր «Ալիքներ» գործիքը: ՏԱՀԵՇ-ի պաշտօնական ալիք մը` «Նաշիր», արագօրէն դարձած էր բեմ մը, ուր Իսլամական պետութիւն խմբաւորման քարոզչութիւնը սկսած էր յայտնուիլ` նախքան «Թուիթըր»-ով հրապարակումը: Ալիքը կուտակեց աւելի քան 16 հազար բաժանորդ` նախքան փակուիլը ՏԱՀԵՇ-ի այլ ալիքներու հետ, որոնք կ՛օգտագործուէին ցրուելու խմբաւորման քարոզչութիւնը բազմաթիւ լեզուներով, ներառեալ` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, թրքերէն: Բայց տակաւին կը գործեն ժիհատական բազմաթիւ այլ ալիքներ, օրինակ`  Եմէնի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Քայիտայի մասնաճիւղերու պաշտօնական ալիքները եւ  ՏԱՀԵՇ-ի աջակցողները:

«Թելեկրամ»-ի այս քայլը` ալիքներու խափանումը, չէ կրցած արգելք հանդիսանալ  ՏԱՀԵՇ-ի, որ վերադարձած է «Թուիթըր»-ի իր ցանցին, ուրկէ կը յղէ իր հաղորդագրութիւններն ու պատգամները: 2014 թուականի յուլիսէն ի վեր, երբ «Թուիթըր» արգելակեց Իսլամական պետութիւն խմբաւորման պիտակով հրապարակումները, ՏԱՀԵՇ-ի տեղեկատու մարզի գործիչները բռնուեցան մուկ ու կատուի խաղին, որուն մէջ կայքի պատասխանատուները  ամէն անգամ կը դադրեցնեն Իսլամական պետութիւն խմբաւորման պիտակով հրապարակումները:

ՏԱՀԵՇ կը յուսայ, որ «Թելեկրամ»-ը կրնայ աւելի կայուն եւ ճկուն բեմ դառնալ իր քարոզչութեան, որ ըստ երեւոյթին, կը թուի, թէ խորտակուած է: Բայց «Թելեկրամ» հասկցուցած է, որ մտադիր չէ գործելու սեփական հաղորդագրութիւններու ծառայութեան ահաբեկիչներու օգտագործման դէմ` ըսելով, որ կրնայ միայն գործել ճնշելու «հրապարակաւ մատչելի» ապօրինի նիւթերը:

Img3_120515

«Թելեկրամ»-ի բոլոր խօսակցութիւնները (chats) եւ խմբային խօսակցութիւնները անձնական, ներքին զրոյցներ են մասնակցողներու միջեւ: Ատոնց առնչուած ոչ մէկ դիմումի, խնդրանքի կրնանք ընթացք տալ», կ՛ըսէ ընկերութիւնը իր կայքին մէջ: Նոյնիսկ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի վերջին քարոզչական ալիքի սկսիլը «Թելեկրամ»-ով` ապացոյց կար, որ խմբաւորումը եւ անոր անդամները կ՛օգտագործէին ատոր անձնական հաղորդագրութիւններու ծառայութիւնը: Սեպտեմբերին  ՏԱՀԵՇ ծանուցած էր բջիջային հեռաձայնի իրաքեան թիւ մը, որ մարդիկ կրնային օգտագործել խմբաւորման հետ կապուելու համար «Թելեկրամ»-ի միջոցով, որպէսզի փրկագին վճարեն պատանդ բռնուած երկու անձերու համար: Եւ ՏԱՀԵՇ-ով ներշնչուած ժիհատականները, ներառեալ` վերջերս դատապարտուած բրիտանացի պատանին, օգտագործած են «Թելեկրամ»-ի անվտանգ գաղտնագիր հաղորդագրութեան ծառայութիւնը, որպէսզի վարեն յարձակման ծրագիրը:

Ժիհատականները կը նախընտրեն օգտագործել «Թելեկրամ»-ը, ատոր «գաղտնի խօսակցութեան» ծառայութեան համար, որ  իւրայատուկ բանալիով մը մեծապէս կը գաղտնագրէ օգտատէրերու միջեւ հաղորդագրութիւններու փոխանակումը` խուսափելու համար ցանցահէններու (հաքեր) կամ պետական գաղտնի սպասարկութիւններու խափանումներէն:

Img4_120515

«Թելեկրամ» իր անվտանգութեամբ այնքան վստահ է, որ հարիւր հազարաւոր տոլարներու պարգեւ երկու անգամ խոստացած է առաջին անձին, որ կրնայ կոտրել իր գաղտնագիրը:

Նախորդը

Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

Յաջորդը

Հեւք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?