Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

Դեկտեմբեր 4, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բաժանումը, խզումը ծանր է, մանաւանդ` «Ֆէյսպուք»-ի վրայ:

Img-couple_120515

Չկայ զգացում մը, այնքան նման` ստամոքսի պրկումին, որ դուք կ՛ունենաք, երբ պատահաբար կը տեսնէք նամակագրութիւն մը  ձեր եւ նախկին սիրելիին միջեւ, աւելի երջանիկ ժամանակներու մէջ: Նոյնիսկ աւելի դաժան է, երբ կը նկատէք, որ անոր մականունը փոխուած է այդ ատենէն ի վեր: Ամէն պարագայի: Աշխարհի ամենամեծ ընկերային ցանցը յայտարարած է, որ կը փորձարկէ  նոր գործիքներ, որպէսզի նուազ ցաւ զգաք, երբ դիմակալէք յարաբերութիւններու խզումի տագնապը:

Ճիշդ հիմա, եթէ դուք որոշէք, թէ չէք ուզեր, որ ձեզի  յիշեցնեն յատուկ անձի մը գոյութեան մասին, Երկիր մոլորակին վրայ, պէտք է «unfriend» ընէք, կամ արգելափակէք ատոնք: Խնդիրն այն է, որ անոնք շատ հաւանաբար պիտի գիտնան, որ այդպէս ըրած էք, բան մը, որ շատ իտէալական չէ, եւ որ «Ֆէյսպուք»-ի վրայ մէկը  արգելափակելը լաւ քայլ մը չի նկատուիր:

Img-woman_120415

Փոխյարաբերութիւնը «Ֆէյսպուք»-ի վրայ մեծ գործարք է. Նիւ Եորքի մէջ դատաւոր մը ըսած է, որ  «Ֆէյսպուք»-ը օգտագործելով` ամուսնալուծումի ազդեր ուղարկելը ամբողջովին օրինական է: «Ֆէյսպուք»-ի բաժանումի, խզումի նոր գործիքը  կը վերաբերի նախկին հաղորդակիցի մը տեսնելիքին, սակայն` առանց գիտնալու, որ դուք բան մը ըրած էք:

Գործիքին միջոցով մարդիկ կրնան`

«Ֆէյսպուքի մէջ աւելի նուազ տեսնել նախկին ընկերոջ մը անունը եւ նկարը` առանց զանոնք «unfriend» ընելու կամ արգելափակելու: Անոնց հաղորդագրութիւնները կամ նամակները չեն յայտնուիր լուրերու էջին վրայ,  եւ անոնց անունները չեն նշուիր, երբ մարդիկ հաղորդագրութիւն մը կը յղեն, կամ ընկերներ նշեն նկարներու մէջ»:

«Սահմանափակել նկարները, տեսերիզները կամ անձնական նոր տուեալներ, զորս կրնայ նախկին ընկերը տեսնել»:

«Խմբագրել, կամ ջնջել այն անունը,  որ կրնայ տեսնել նախկին ընկերոջ հետ իրենց անցեալի հաղորդագրութիւնները (նամակները) եւ իրենք զիրենք դուրս բերել այդ անձի հաղորդագրութիւններէն»:

Երբ «Ֆէյսպուք»-ը առաջին անգամ սկսաւ համալսարաններու շրջափակերուն մէջ, ատիկա ըստ էութեան, «տաթապէյս» մըն էր  յարաբերութիւններու կարգավիճակներու: Տեսակ մը` երթեւեկութեան լոյսերու  թուային խումբ մը, որուն շնորհիւ շատեր բաւական ժամանակ խնայեցին:

Img-family_120515

Սակայն բոլորովին վերջերս մենք շատ աւելի ամչկոտ կը դառնանք մեր սիրոյ եւ յարաբերութիւններու մասին «Ֆէյսպուք»-ի վրայ յայտարարելու:  Դուք հազուադէպօրէն կը տեսնէք մարդիկ, որոնք խզուող յարաբերութիւններու մասին բազմաթիւ տարբերակներէն կ՛ընտրեն «ատիկա բարդ է» եզրը: Փոխարէնը` մենք այժմ կը փութանք նշելու կեանքի  աւելի շօշափելի իրադարձութիւններու, ինչպէս` նշանուելու կամ ծննդաբերութեան մասին: Կամ պարզապէս`  ատոր համար, որ սկսած եմ տարի՞քս առնել:

«Այդուհանդերձ, նոր գործիքը շուտով պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ», կ՛ըսէ  «Ֆէյսպուք»: «Այս գործը մէկ մասն է, մեր շարունակական ջանքերուն, զարգացնելու միջոցներ այն մարդոց համար, որոնք իրենց կեանքերուն մէջ դժուար պահեր կը դիմագրաւեն», կը գրէ «Ֆէյսպուք»-ի արտադրութեան տնօրէն Քելլի Ուինթըրզ: Ան կ՛աւելցնէ. «Կը յուսանք, որ գործիքները պիտի օգնեն մարդոց, որպէսզի «Ֆէյսպուք»-ի վրայ իրենց յարաբերութիւնները աւարտեն աւելի դիւրաւ, հանգիստ եւ հաւասարակշռուած»: Եթէ դուք բջիջային օգտագործող էք Միացեալ Նահանգներու մէջ, կրնաք գործիքը փորձել, ը՜ը, մէկու մը հետ ձեր յարաբերութիւնը խզելով…

 

Յատկանշական Տողեր
Ֆէյսպուքէն

– «Եթէ ես երկու օրէ աւելի ֆէյսպուքի վրայ բացակայիմ, ոստիկաններուն լուր տուէ՛ք»:

– Ծնողներս ինձմով հպարտ պէտք է ըլլան, որովհետեւ ես թմրեցուցիչի մոլի չեմ, այլ` ֆէյսպուքի»:

– «Կարգ մը մարդոց պէտք է յիշեցնել, որ ֆէյսպուք ընկերային ցանց է, օրագիր չէ»:

– «Ֆէյսպուք մարդոց կեանքը կը մսխէ 2004 թուականէն ի վեր»:

– « Կ՛ուզե՞ս ֆէյսպուքի միջոցով հարստանալ. փակէ՛ զայն եւ աշխատանքի գնա՛»:

– «Բարի եկաք ֆէյսպուք, ուր ոչ ոք իսկապէս ձեր բարեկամն է»:

– «Ֆէյսպուքը միակ տեղն է, ուր դուն այնպէս կը ձեւացնես, թէ բազմաթիւ բարեկամներ ունիս»:

– «Լաւ բարեկամը գիտէ քու բոլոր պատմութիւններդ, լաւագոյն բարեկամը ատոնք քեզի հետ կ՛ապրի»:

 

 

 

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

Յաջորդը

Արհեստագիտութեան Բարի՞քները, Թէ՞…

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?