Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Վերջին Զարգացումներուն Շուրջ Հարցազրոյց Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

December 4, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

mgrdich_120315

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ:

Միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց` «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով ահաբեկչութեան նոր թատերաբեմ` Եւրոպա փոխադրուելով ընդհանրապէս վերջինիս եւ մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին, Մկրտիչեան ըսաւ, որ այն ինչ որ եւրոպացիք կը կոչեն եւրոպական արժէքներ, կրնան տուժել, որովհետեւ Փարիզի մէջ պատահածին նման դէպքերէ ետք կառավարութիւններ ժողովրդային ճնշումի տակ կրնան որդեգրել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը վնասեն եւրոպական արժէքներուն:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ան ըսաւ, որ երկու տարի առաջ արդէն որոշ իրաւունքներ տրուեցան միութեան անդամ պետութիւններուն` ժամանակաւորապէս որոշ հսկողութիւն հաստատելու իրենց սահմաններուն վրայ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար, իսկ այժմ կացութիւնը աւելի լուրջ է Եւրոպայի համար:

Պատասխանելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի հասարակաց նպատակի լոյսին տակ Ռուսիա-Արեւմուտք մերձեցման կարելիութեան մասին հարցումին` Մկրտիչեան այդպիսի մերձեցում մը կարելի չնկատեց` աւելցնելով, որ եթէ նոյնիսկ մերձեցում մը պիտի ըլլայ, ապա շատ պարագայական եւ ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկու կողմերուն շահերը անհամատեղելի են: Ան աւելցուց, որ ճիշդ է, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ եւ ռուսական ղեկավարութեամբ երկու խմբաւորումները նոյն ուժին դէմ կը պայքարին, սակայն ունին տարբեր շահեր: Ան նշեց, որ այս բոլորին մէջ գոյութիւն ունի Թուրքիոյ ազդակը, եւ շատեր հարց կու տան, թէ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդա՞մ է, թէ՞ ոչ:

Ինչ կը վերաբերի ռուս-թրքական յարաբերութեանց հետագայ զարգացման, Մկրտիչեան ըսաւ, որ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու, որովհետեւ հասարակաց տնտեսական շահեր կան եւ երկու կողմերուն համար ալ լաւ պիտի չըլլայ այս դիրքորոշումներուն շարունակումն ու զարգացումը, սակայն ինչպէս որ անկանխատեսելի էր ռուսական «Սու-24»-ի վար առնուիլը, նաեւ կրնան այլ անկանխատեսելի դէպքեր պատահիլ: Եւ որովհետեւ թատերաբեմը արեւելքն է` ենթակայական տուեալները նաեւ ունին իրենց ազդեցութիւնը: Էրտողան եւ Փութին ստիպուած են ուժեղ ղեկավարի կերպարով ներկայանալ իրենց ժողովուրդին, այլ խօսքով` տեղի ունեցածը թատրոն մըն է, «սակայն թատրոնին մէջ եւս ոճիրներ կը պատահին», ըսաւ Մկրտիչեան:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին եւ հայրենի «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան կայքին վրայ:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիբանանի Անդամները Այցելեցին Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Օրուան Տօնակատարութեան Նախապատրաստութիւնները Ամբողջացան

RelatedPosts

Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ.  Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի
Հարցազրոյց

Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի

March 4, 2026
«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով
Հարցազրոյց

«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով

February 20, 2026
Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ
Հարցազրոյց

Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.