Յօդուածներ

«Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորներին»

«Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորներին»

Փետրուար 23-ին, Հայրենիքի պաշտպանի օրուան ընդառաջ, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը անգամ մը եւս հանդէս եկած է հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ: Արդէն աւանդական դարձած «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորներին» ծրագիրը իրագործուեցաւ մասնաճիւղի գրեթէ բոլոր անդամներուն միահամուռ ջանքերով ու մեծագոյն սիրով` սահմանին կանգնած զինուորի մէկ օրը աւելի հետաքրքրական ու ջերմ դարձնելու համար: Աւելի քան 550 զինուորների համար նախատեսուած սնունդի արկղերը հասցէատէրերուն հասցուցին ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ...

«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ

«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արեւմտեան, մանաւանդ հոլիվուտեան մակերեսային բարքերէն հանդիսացող «Օսքար»-ներու մրցանակաբաշխութեան եւ հանդիսութեան կազմակերպիչները անշուշտ կը հետապնդեն նպատակներ, որոնցմէ տեսանելիները սպառողական շուկային մէջ քարոզչութիւնն ու...  դրամն են: Այս պայմաններուն մէջ, անշուշտ, մրցանակները շահողները անպայման ամէնէն որակաւորները կրնան չըլլալ, իսկ անուրանալի արժէքը, որակը, արդէն մրցանակէն եւ քարոզչութենէն կը խրտչի: Եթէ այս  համակարգը իր «պաշտպան հրեշտակները» ունի, անխուսափելիօրէն կան նաեւ «մերժող սատանաները»......

Անդրադարձ.  Բրիտանիոյ «Իւրայատկութեան»  Ամրագրումը

Անդրադարձ. Բրիտանիոյ «Իւրայատկութեան» Ամրագրումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 18-19 փետրուարին Պրիւքսէլի մէջ 30 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Բրիտանիան այլ զիջումներ ապահովելու կողքին Եւրոպական Միութեան մէջ ստացաւ յատուկ կարգավիճակ եւ իրաւունք ստացաւ չմասնակցելու միութեան հետագայ քաղաքական ու տնտեսական համարկումին: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն վեհաժողովի աւարտին յայտարարեց. «Բրիտանիան ընդմիշտ դուրս պիտի բերուի «աճող սերտ միութեան» սկզբունքի ենթակայութենէն եւ երբեք պիտի չդառնայ եւրոպական գերպետութեան մաս»: Ըստ անոր, «գոյացած համաձայնութեամբ...

«Այսօր Մարդը Ինքնիր Դէմ Կը Պատերազմի Իր Սեփական Գետնին Վրայ»

«Այսօր Մարդը Ինքնիր Դէմ Կը Պատերազմի Իր Սեփական Գետնին Վրայ»

ՄԱՅՏԱ ՂԱՆՏՈՒՐ ՀԸՐԹ Բանաստեղծ մըն է, որ կը պատկանի այլ դարու մը, այլ միջավայրի մը: Ուրբաթ, 29 յունուարին տեղի ունեցաւ այլ մոլորակէ մը հասած Ալեն Թասոյի «Սոլիլոք տէօն ժաքմար, օթրման տի լը լիպրեթիսթ տէ պրիւմ» - «Զանգակահարի մը մենախօսութիւնները, այլ խօսքով` մշուշներու հեղինակը» ժողովածուին մակագրութիւնը, «Լէ պլէ տոր»-ի հրատարակութեամբ: «Մարդուն եղելութեան յետ մահու օրաթորիաներ են», հեգնանքով կը հաստատէ Թասօ իր...

Երիտասարդ Գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

Երիտասարդ Գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

Այս օրերուն Ժմմեյզէի Կուրօ թաղամասին մէջ գտնուող` Ալֆրետ Սըրսոք Քոքրէյնի նախաձեռնութեամբ ու արուեստագէտ Նայիլա Պասիլիի զօրակցական ներդրումով  իրագործուած «392Ռմէյլ393» ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին երիտասարդ գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի շուրջ քառասուն գեղանկարները: Մեծ, միջակ, զանազան չափերով ու գեղանկարչութեան այլազան ոճերով` ջրաներկ, իւղաներկ, քոլաժ, աքրիլիք ու գեղագիտական այլ ոճերով ներկայացող այս տաղանդաւոր երիտասարդը փորձած է արտայայտել իր ներաշխարհի ապրումները, իղձերը, մղումները: Գեղանկարչական արուեստի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ «Սուրիոյ Տագնապը Եւ Հայութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 21 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` «Սուրիոյ տագնապը եւ հայութիւնը» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հասարակական գործիչ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան: Բացման խօսքով Մարիա Սարգիսեան յայտնեց, թէ նման...

«Բժիշկներուս Պարտականութիւնն Է Մեր Արիւնակիցներուն Բժշկական Գիտելիքներ Կամ Տեղեկութիւններ Փոխանցել Հայերէնով»   «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

«Բժիշկներուս Պարտականութիւնն Է Մեր Արիւնակիցներուն Բժշկական Գիտելիքներ Կամ Տեղեկութիւններ Փոխանցել Հայերէնով» «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան նախորդ տարուան ընթացքին չորս հատոր գիրք (երկուքը գիտական) դրաւ հայ ընթերցողին սեղանին: Պատկառելի եւ շնորհակալ աշխատանք մը, որուն օգուտները պիտի քաղէ հայութիւնը: Վաղը` ուրբաթ, 26 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերու շնորհահանդէսը: Նման աշխատանքի մը դրդապատճառին, ընթացքին եւ արդիւնքին, ինչպէս նաեւ անոնց բովանդակութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Երուանդ Գույումճեանի Տարիներու Ծառայութիւնը

կիրակի, 21 փետրուար 2016-ին «Ծառայութեան տարուան» առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիրով պատուեց Երուանդ Գույումճեանը, Ազգային ծերանոցի խնամակալութեան ճամբով անոր աւելի քան քառասուն տարիներու մատուցած ծառայութեան համար: Արամ Ա. կաթողիկոս իր օրհնութեան գիրին մէջ շեշտեց. «Արդարեւ, ընկերային ծառայութիւնը կը հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը: Ընկերային ծառայութեան մասնակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ա՛յս գիտակցութեամբ,...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. վրդ. Քեչէճեանի: Համախմբումը հիմնուած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` 2010 թուականին: Այս առիթով ՀՀՀ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան սեղմ գիծերու մէջ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ այս...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Գ.

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ 1932-ը անկիւնադարձային թուական մը կարելի է սեպել: Իր գաղափարական նախկին ընկերներուն հետ խզելէ ետք ամէն կապ` ան գրեթէ մեկուսացաւ. մանաւանդ որ իր հանրային բեմն եղող ընդդիմադիր «Մարտկոց» թերթը շուտով դադրեցաւ: 1939-ին ինք էր, որ կը գրէր. «Վեց տարիէ կ՛ապրիմ ֆրանսական մտաւորական շրջանակի մէջ, վեց տարիէ բարեւ իսկ չեմ ստանար հայ ժողովուրդէն» («Մարդ մը, որ...

Յատակի Բնակիչները – Ա. –

Յատակի Բնակիչները – Բ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Բեմ  2000» թատերախումբը անցեալ նոյեմբերին չորս ելոյթներով ներկայացուց  «100 տարի վերջ կամուրջին տակ» թատրերգութիւնը: Յօդուածի առաջին մասը (թուական) կը վերաբերէր թատրերգութեան ներշնչումին, տիպարներուն, դիպաշարին, լեզուին, բեմայարդարումին եւ այլն: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկրորդ եւ վերջին մասը: Խաղարկութիւն.- Երկրորդական տիպարները ներկայացած էին մէկ տարածաչափային կարծրատիպերով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր մէկ ու միակ որոշ յատկութիւն: Այսինքն չունէին հոգեկան խորք: Եթէ նկատի ունենանք,...

ՀՄԸՄ-ական Նուպար Ռումուլեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնին Կողմէ

ՀՄԸՄ-ական Նուպար Ռումուլեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնին Կողմէ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երէց խմբապետներու պարգեւատրման արարողութիւն: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը շքանշաններու տուչութիւն կը կատարէ այն անձերուն, զորս կ՛ուզէ գնահատել միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ իրենց ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին համար: Այս առիթով պատուոյ յատուկ գիրերն ու շքանշաններ յանձնեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ: Այս տարի...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

«Ի՞նչ Պիտի Տայ Հայաստանը Ինծի» Կամ` Ի՞նչ Պատահած Է Մեր Ժողովուրդին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ամբոխավարութեան եւ մարդորսութեան ծառայող քաղաքական այլասերած եւ այլասերող խօսքը մեզ աստիճանաբար հեռացուցած է ազգային եւ մարդկային իրաւ արժէքներէ: Մարդկային խորք եւ նուաճումներ մոռցուած են: Մրցակցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն ինքնանպատակ դարձած են: Այսպէս, հայ կեանքի քաղքենիացումը աւեր կը գործէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ուր անհատապաշտութիւնը իր յոռեգոյն չափանիշներուն կը հպատակի, այսինքն` դրամին, ժողովրդավարութիւնը նոյն այդ դրամին մականին կ՛ենթարկուի, ղեկավարութիւնները դրամի յառաջացուցած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մահացած Է Պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեանը 72 տարեկանին մահացած է ականաւոր պատմաբան, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Պետրոս Յովհաննիսեանը: Ծնած է 22 յունիս 1944-ին Գիւմրի քաղաքը, միջնակարգ կրթութիւնը աւարտելէ ետք ընդունուած է ԵՊՀ պատմութեան կաճառը, զոր աւարտելէն ետք` 1970-ին ընդունուած է ասփիրանթուրա` Հայոց պատմութեան ամպիոնի գծով: 1976-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը` «Միջնադարեան Հայաստանի ընկերային-տնտեսական...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազատագրութեան Պատերազմ»-ը Եւ Լիբանանի Ու Հայութեան Կրած Ծանր Կորուստները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տորայի վառելանիւթի ընդունարանին պայթումը 30 մարտ 1989-ին «Ազդակ»-ի շէնքը հարուածող բեկորը Պէյրութի արեւելեան շրջաններուն մէջ, բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն միջեւ 1989 փետրուարի կռիւներէն ետք, զօրավար Միշէլ Աուն 1989 մարտի 14-ին  «բաց պատերազմ» յայտարարեց Սուրիոյ դէմ: Այսպիսով, Լիբանան դարձեալ ինկաւ ամբողջական տարողութեամբ պատերազմի ոլորապտոյտին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 14 մարտ 1989-ի արեւածագին օդակայանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջաններուն մէջ ինկան քանի...

Նշմար.  Անյայտ Ժամանակով Սառեցուած

Նշմար. Անյայտ Ժամանակով Սառեցուած

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տխրահռչակ արձանագրութիւնները` միջնորդութեամբ Զուիցերիոյ եւ հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու ու Ռուսիոյ: Նշեալ փաստաթուղթերուն ստորագրուելէն անմիջապէս ետք, այդ հոլովոյթը ականահարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծման նախապայմանին պատճառով: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը ղարաբաղեան «սառեցուած» տագնապին առնչելով` թրքական կողմը սառեցուց իրարմէ տարբեր, սակայն նաեւ առնչակից երկու հոլովոյթներ` Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու...

Tabula	 Rasa Վերամտածել Հիմնադրոյթները

Tabula Rasa Վերամտածել Հիմնադրոյթները

ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ 2 Ըսածս յաւելեալ բացատրութիւններու կը կարօտի: Ո՛չ միայն մեզի կը մնայ մեր ժամանակներուն համաձայն դաստիարակչական մօտեցում մը ստեղծել, այլեւ կը թուի, թէ ԺԹ. դարու Օսմանեան կայսրութեան եւ Ի. դարու Միջին Արեւելքի փորձառութիւնները արգելք կը հանդիսանան, աւելի քան` օգնութիւն: Կարծէք ստիպուած ըլլայինք Մխիթար Աբբահօր վերադառնալու` գտնելու համար շրջան մը, ուր վաւերական փոխանակութիւն մը հնարաւոր էր հայերէնի եւ արեւմտեան լեզուներուն...

Տեսակէտ.  Հայրենիք

Տեսակէտ. Հայրենիք

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ «Ո՞րն է հայրենիքդ, Հայաստա՞նը, Սուրիա՞ն, թէ՞ Արեւմտեան Հայաստանը»: Պատահած է, որ նման հարցումի պատասխանին շուրջ խոկամ... ու մտովի, խղճմտօրէն պատասխանեմ: Սակայն երբ հարցումը կ՛ուղղէ օտար լրագրող մը, կը պատասխանես հակիրճ վերապահութեամբ, ան պարզապէս կ՛արձանագրէ խօսածներդ, իսկ դուն յետոյ... երկա՜ր ու խոր մտմտուքի մէջ կ՛իյնաս: Իննսունամեակ մը առաջ մեծ հայրս` թափառական հայու պատկերով ու ցուպով, նախընտրած էր զաւակները հայ...

Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Արցախը» Խորագիրով Գիտաժողով

Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Արցախը» Խորագիրով Գիտաժողով

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, 5 մարտին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Արցախը» խորագիրով երիտասարդական գիտագործնական գիտաժողով: Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մագիստրոսներ, ասպիրանթները, երիտասարդ գիտնականները: Ներկայացուող թեմաներն են` - ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը Արցախի մէջ` 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը: - Արցախահայութեան մասնակցութիւնը արեւմտահայութեան ազգային ազատագրական պայքարին: - ՀՅԴ-ն...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Բ.

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Վազգէն Շուշանեանի կենսագրութեան մէջ փոքր տեղ մըն ալ վերապահուած է Հալէպին: Տարագրութեան օրերուն, աքսորի ճամբաներուն վրայ կորսնցնելէ ետք իր ընտանիքին բոլոր անդամները, Վազգէն ապաստան գտաւ Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ: Իր կեանքին այս հանգրուանը կ՛երկարի 1916 յունուարէն մինչեւ 1918 յունուար: Ան, այդ ժամանակահատուածին նուիրած է լման գիրք մը` զայն կոչելով... «Առաջին սէր»: Մի՛ զարմանաք, որովհետեւ ոտաբոպիկ որբի իր...

Page 960 of 1110 1 … 959 960 961 … 1,110

Արխիւներ