ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
«Ո՞րն է հայրենիքդ, Հայաստա՞նը, Սուրիա՞ն, թէ՞ Արեւմտեան Հայաստանը»: Պատահած է, որ նման հարցումի պատասխանին շուրջ խոկամ… ու մտովի, խղճմտօրէն պատասխանեմ: Սակայն երբ հարցումը կ՛ուղղէ օտար լրագրող մը, կը պատասխանես հակիրճ վերապահութեամբ, ան պարզապէս կ՛արձանագրէ խօսածներդ, իսկ դուն յետոյ… երկա՜ր ու խոր մտմտուքի մէջ կ՛իյնաս:
Իննսունամեակ մը առաջ մեծ հայրս` թափառական հայու պատկերով ու ցուպով, նախընտրած էր զաւակները հայ պահել, մերժելով Ամերիկա փոխադրուելու առաջարկը` ներգաղթած էր հայրենիք: Ստալինեան խառն օրեր… Աշխատանքի համար բերած իրերը, նիւթերը ամբողջութեամբ կը բռնագրաւուէին, կ՛ամբաստանուէր որպէս «կուպեց», բայց բաւարար փաստեր չգտնուելուն` ժամանակաւորապէս կը մնար զերծ Սիպիր աքսորուելէն, «Ազատ սովետ»-ի մէջ ապրելու արժանի: Ծայրայեղ հաւատացեալ քրիստոնեայ մեծ հօրս համար ամէն ինչ տանելի էր` բացի իր զաւակներուն տրուած աթէիզմի դասերէն: Մեծ հայրս, հօրենական պարսկական քաղաքացիութեան շնորհիւ, վեց տարի ետք, 1931-ին, ընտանեօք դուրս կու գար Հայաստանէն` բախտաւոր մարդու պիտակին տակ… բախտաւոր փախչելո՞ւն, թէ՞ ստալինեան փոթորիկէն հրաշքով ազատելուն…
Հայրս կարօտով կը յիշէր Խանճեան փողոցի նախկին ախոռը` ծնողքին սեփական ձեռքերով «կարգի բերուած» իրենց բնակարանը, վանեցի դրացիները, դասընկերները… Հայրս կարօտով կը յիշէր մանկութեան օրերու վեց տարիները, երբ այս թաղերուն մէջ երջանիկ կը վազվզէր, անոնք անցած էին պատմութեան, ու ես անոնց հետքերով կը վերադառնայի… «ուրիշ տեղ չկար» գոնէ ինծի համար, անկասկած հայրս ալ պիտի քաջալերէր, եթէ… Յաջորդող օրերուն խորթ ու ցաւցնող այս արտայայտութիւնը աստիճանաբար դարձաւ սովորական, այն ապտակին նման, որ փոքրիկին էութիւնը կը խռովէ առաջին անգամ ու յետոյ սովորականէն ալ աւելի` պարզ ու սպասելի կը դառնայ:
Էստեղ ապրելու տեղ չի…
Սփիւռքի մէջ «Մայր հայրենիք», «Չքնաղ Հայաստանը» լոկ բառեր չէին, այլ` թանկարժէք մասունք, այդպէս սորվեցուցած էին մեզի մեր մեծերը, մեր հայրենասէր ուսուցիչները, մեր միութենական պատասխանատուները: Թերեւս, երբ հողը ոտքերուդ տակ է, չես զգար անոր արժէքը, չես գիտակցիր, որ զայն կորսնցնելը որքա՜ն ահաւոր է, վերագտնելը` արիւնալի, հսկայ զոհողութիւններ պահանջող (վկա՛յ Արցախը)… ու պահ մը կը մտածես, այնքան անձնուէր, կամաւոր մարդիկ կային ու անկասկած կան հայրենիքի մէջ, իսկ այս մտածողութիւնը կրող խաւը, որ վարակիչ ըլլալէ անդին` քաղցկեղի նման գրեթէ անբուժելի անզգալաբար կը տարածուի, կ՛ուռճանայ ու կը կոտորէ:
Արդէն շատ ընդհանրացած երեւոյթ է, հոս փոխադրուած սուրիահայերուն համար եւս, այլ, նիւթապէս ապահով, «ապագայ ունեցող» երկիրներ չուել: Թափառական հայու ծանօթ հոգեբանութիւնը «Ուր հաց, հոն կաց», յաջորդող սերունդները կամաւորաբար եւ երախտապարտօրէն նուիրուած են տուեալ երկրին: Անոնք լիաթոք կը շնչեն, առատ սեղանին դիմաց կը խմեն, բաժակ կը բարձրացնեն` հայրենասիրական երգեր պատուիրելով ու… յետոյ պարզապէս կը կրեն «արմատներով հայ» պիտակը:
Իրատես ըլլալը անկասկած տեղին է, հայրենիքի մէջ ապրիլը հեշտ չէ, անհամար ռեստորաններով, թաքսիներով եւ լոյսերով ողողուն Երեւան մայրաքաղաքը առաջին նայուածքով կը մրցի եւրոպական քաղաքներուն հետ: Իգական սեռի ճնշիչ թիւը նկատելի է, անոնց հեւքոտ վազքը, մեզի համար տեսակ մը խորթ թուացող տարեց կիներուն փողոցները աւլելը: Ամենակենսականը «ապրուստը», «ցածր աշխատավարձն» է, մի՞թէ մարդը նախ պիտի ապրի որպէս մարդ, թէ՞ որպէս հայ, մանաւանդ երբ պատկերը կը հակադրուի շքեղ ինքնաշարժներու մէջ սուրացող, ճաշարաններու մէջ ճոխ սեղաններու շուրջ քէյֆ ընող նոյն երկրի վերնախաւին հետ: Երեւութապէս եւրոպականը եւ աղքատութեան մէջ խրուած Երրորդ աշխարհը կը միատեղուին անսպասելիօրէն… Տարիներու սպասումը, ճնշուածութիւնը կը վերածուին մերժողականի, սովորական մարդիկ դիտելով այլ երկիրներ անցնող ու ապահով ապրող, մանաւանդ ապահով ծերութիւն ունեցող իրենց ծանօթները, ազգականները, ի վերջոյ որպէս մարդ «բարի նախանձով», թէեւ նախանձը բարի չի կրնար ըլլալ, վարորդ, մատուցող, վաճառող կը կրկնեն «էստեղ ապրելու տեղ չի» եւ յարմար առիթով երկիրը կը ձգեն «լաւ ապրող»-ներուն:
«Ի՞նչ հարստութիւն ունի Հայաստանը», կը հարցնէ լրագրողը, հարստութիւնը մշակոյթն է, ջուրը, քարը… այո՛, հարստութիւնը իմանալն է ունեցածիդ արժէքը: Լրագրողը կ՛արձանագրէ պատասխանը, ապա լրագրողի վայել ճարտարութեամբ` «Կ՛ըսեն, թէ հարիւր տարի առաջ եղածը կը կրկնուի ձեզի հետ, ճի՞շդ է», կը տեղադրէ հարցումը: Սա եւս ապտակ է հայու յիշողութեան:
«Ո՛չ, այդ արտայայտութիւնը ընդունելի չէ երբեւէ, դուք արձանագրեցէք այս մէկը, մենք կորսնցուցինք տուն, բայց ոչ ոք մեզ վտարեց, մեր պապերը սպաննուեցան, խոշտանգուեցան, բռնաբարուեցան, ահաւոր էր. կարելի չէ նմանութեան եզր գտնել ու, ամենակարեւորը, որ հայրենիք ունինք, ՀԱԶԱ՛Ր ՓԱՌՔ, որ հայրենիք ունինք»:
Գոյնզգոյն տերեւները հիմա աւելի առատօրէն կը թափին մայթերուն վրայ, ես արդէն վարժ եմ տեսնել ու հաւաքարար կիներ, մուրացող ծերեր ու լսել` «էստեղ ապրելու տեղ չի»: Լաւատես մարդու համոզումով կը հաւատամ, որ օր մը կրնայ ամէն ինչ բարելաւուիլ, ու մանաւանդ գտած եմ պատասխանը հարցումին.
«Ո՞րն է հայրենիքդ»:
«Գրական թերթ»
24/12/2015