ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի արեւելեան շրջաններուն մէջ, բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն միջեւ 1989 փետրուարի կռիւներէն ետք, զօրավար Միշէլ Աուն 1989 մարտի 14-ին «բաց պատերազմ» յայտարարեց Սուրիոյ դէմ: Այսպիսով, Լիբանան դարձեալ ինկաւ ամբողջական տարողութեամբ պատերազմի ոլորապտոյտին մէջ:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 14 մարտ 1989-ի արեւածագին օդակայանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջաններուն մէջ ինկան քանի մը ռումբեր:
Արեւելեան շրջանի բանակի հրամանատարութիւնը առաւօտուն յանձնարարեց, որ շրջանի դպրոցները փակ մնան, իսկ քաղաքացիք զգուշանան շրջագայելէ:
Այնուհետեւ սկսաւ սաստիկ ռմբակոծումը:
Առաջին ռումբերը ինկան արեւմտեան Պէյրութի խճողուած մէկ խաչմերուկին վրայ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Թալլէթ Խայեաթ ճամբուն վրայ, առաւօտեան ժամը 7:15-էն ետք, այն պահուն, երբ քաղաքացիք եւ դպրոցական աշակերտներ իրենց գործատեղիները եւ դպրոց կ՛ուղղուէին: Ինկան բազմատասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ: Այնուհետեւ ծայր տուաւ ռմբակոծումներու եւ հակադարձութիւններու ամբողջ դժոխք մը:
Զօրավար Աուն յայտարարեց, որ «Սուրիոյ դէմ ազատագրական պայքարը սկսած է» եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որպէսզի օգնեն իրեն: «Լիբանանեան ուժեր»-ը Աունի կողքին կանգնեցան:
Պէյրութի եւ լեռնային սահմանագիծերուն վրայ հրթիռարձակումները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն, ահ ու սարսափի մթնոլորտի մէջ պահելով քաղաքացիները:
Մարտ 17-ին, Ժէլ էլ Տիպի օթոսթրատին վրայ, կամուրջին կից, փուռի մը առջեւ, ուր բազմահարիւր քաղաքացիներ կարգի կը սպասէին հաց գնելու համար, ականուած ինքնաշարժի մը միջոցով հաւաքական սպանդ մը տեղի ունեցաւ:
Մարտ 21-ին, Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն միջեւ բոլոր անցքերը փակուեցան:
Չորեքշաբթի, մարտ 22-ի երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ եւ ամբողջ հինգ ժամ, Պէյրութէն Լեռնալիբանան եւ Պեքաա տարածուող գօտին ապրեցաւ սաստիկ եւ ահաւոր ռմբակոծումներու սարսափազդու ռաունտ մը: Բազմահազար ռումբեր եւ հրթիռներ տեղացին բնակարանային եւ զինուորական շրջաններու մէջ, պատճառելով քանդում, հրդեհներ, անհաշուելի վնաս եւ բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ:
Ահարկու ռմբակոծումները, յատկապէս գիշերային սաստիկ ռմբակոծումները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն, եւ Պէյրութի ու շրջաններու բնակիչները աւագ հինգշաբթին, աւագ ուրբաթը, ճրագալոյցը եւ զատկուան տօնը անցուցին ծանրակշիռ մթնոլորտի մէջ:
Կիրակի, մարտ 26-ի գիշերը, անգամ մը եւս հրթիռներ ինկաւ նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ. վնասներ կրեցին ազգային Նուպարեան վարժարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, շրջակայ Նորաշէն թաղամասը, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից բնակարանային թաղ մը եւ այլ շրջաններ: Նոյն ժամանակամիջոցին, Տորայի քարիւղի մթերանոցները առաջին անգամ ըլլալով կրակ առին:
Հինգշաբթի, 30 մարտը պատմական եւ յիշատակելի օր մը եղաւ Պէյրութի եւ յատկապէս Էշրեֆիէէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, Տորա, Նահր Մոթ, Ժտէյտէ եւ Անթիլիաս տարածուող գօտիի բնակիչներուն համար: Արդարեւ, առտուան ժամը 8:40-ին, Տորայի պիւթակազի շտեմարանը պայթեցաւ եւ վերոյիշեալ շրջաններու բնակիչները քանի մը ակնթարթի մէջ ապրեցան աղէտի մը բազմերես հետեւանքներու մէկ ահաւոր խտացումը: Պայթումին ստեղծած դղրդիւնն ու ճնշումի ալիքը ստեղծեց միջին տարողութեամբ երկրաշարժի մը փորձառութիւնը: Ակնթարթի մը մէջ, կրակի հսկայական գունտ մը բարձրացաւ դէպի երկինք: Պայթումին յառաջացուցած ճնշումին հետեւանքով, բնակարաններու ապակիներ փշրուեցան մինչեւ իսկ Ռաուշէի, Անթիլիասի եւ Սին էլ Ֆիլի շրջաններուն մէջ, պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորներ:
Աւելի ահաւոր էր մետաղեայ ընդունարանին մեծ ու փոքր մասերուն տարափը` Պուրճ Համուտի, Տորայի, Սըտ Պաուշրիէի եւ Նահր Մոթի շրջաններուն մէջ: Այդ բեկորներէն ամէնէն մեծը` շուրջ տասը մեթր երկայնքով եւ երկու յարկանի շէնքի մը բարձրութեամբ, հարուածեց «Ազդակ»-ի շէնքը, քանդելով շինութեան ընթացքի մէջ եղող շէնքին վերի երեք յարկերուն մէկ բաժինը եւ շէնքին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժները:
Այլ բեկոր մը ինկաւ Ազգային Կիլիկեան վարժարանէն երկու թաղ անդին եւ քանդեց բնակարանի մը երկու յարկերը: Երրորդ մը ինկաւ Տորայէն Մար Եուսէֆ տանող ճամբուն վրայ, քանդելով արհեստանոցներ: Ուրիշ մըն ալ վնասներ հասցուց Պաուշրիէի ելեկտրակայանին:
***
Սաստիկ ռմբակոծումները մահ ու աւեր կը սփռէին ամէնուրեք: Արեւելեան կողմէն կը ռմբակոծուէին «սուրիական գրաւող ուժերու» դիրքերը, իսկ արեւմտեան կողմէն` «Ֆաշական եւ սիոնականներու կամակատար Աուն- Ժահժահ խմբակին» դիրքերը:
Երկուշաբթի, 3 ապրիլի յետմիջօրէն ահաւոր եղաւ: Ռաուշէէն մինչեւ արուարձաններ, Էշրեֆիէէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, Քֆար Շիմա-Շուէյֆաթ շրջանէն մինչեւ Պաապտա, Հատէթ, Եարզէ, Պէյթ Մերի եւ Մեթնի ու Քեսրուանի ծովեզերեայ շրջանները, Ալէյ-Սուք էլ Ղարպ ճակատէն մինչեւ Քահալէ, Ժամհուր, Մտէյրէժ եւ Պեքաա սաստկօրէն ռմբակոծուեցան:
Արագած թաղը իրերայաջորդ հրթիռներ ստացաւ. ինկաւ վիրաւորներ: Յակոբ եւ Գօգօ Աբգարեան եղբայրները, որոնք ակումբի մնայուն պահակներէն էին, վիրաւորի մը օգնութեան վազեցին: Նոյն պահուն այլ հրթիռ մը ինկաւ եւ երկու եղբայրները նահատակուեցան: Յակոբ ծնած էր 1961-ին եւ արհեստով մեքենագործ էր, իսկ Գօգօ ծնած էր 1964-ին եւ անուշեղէն պատրաստող էր: Անոնց երէց եղբայրը` Յարութ, ծնած` 1957-ին, արհեստով դերձակ, նահատակուած էր 1976-ին: Երեք եղբայրներն ալ ինկան պարտականութեան ճամբուն վրայ:
Կարօ Տէրտէրեան, որ նոյնպէս ակումբի պահակներէն էր, իր կարգին վիրաւորուած թաղեցիներու օգնութեան վազեց, երբ այլ հրթիռ մը ինկաւ իր մօտ, խլելով կեանքը: Ան ծնած էր 1968-ին:
Երեկոյեան սաստիկ ռմբակոծումը կը շարունակուէր եւ Արագած թաղը դժոխային քաոսի մատնուած էր: Ինկան նորանոր վիրաւորներ: Օգնութեան կանչերուն վրայ պահակ տղաքը կրկին վազեցին: Նոյն պահուն նոր հրթիռ մը ինկաւ եւ Եղիկ Գայայեան կուրծքէն կտոր մը ստացաւ: Արագ քալելով ան հասաւ ակումբ, շրջանի պատասխանատուին յանձնեց ատրճանակն ու փամփշտարգելը եւ արիւնաքամ գետին ինկաւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Քանի մը ժամ առաջ Եղիկ նախազգացում մը ունեցած էր եւ լոգնալու համար տուն ելլելէ առաջ ըսած էր. «Եթէ պիտի մեռնինք, մաքուր մեռնինք»: Ան ծնած էր 1964-ին: Համեստ, անձնազոհ ու խոնարհ, ան ինքնազարգացման շնորհիւ լայն գիտելիքներ ամբարած եւ պատասխանատու պաշտօններ վարած էր:
Կէս գիշերէն ետք, լոյս ապրիլ 4-ի առաւօտը, Պուրճ Համուտ եւ շրջակայ գօտին ապրեցան ընդհատ հրթիռարձակումի ծանր պահեր:
Ապրիլ 5-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, սաստիկ ռմբակոծումներու պահուն Զարուհի Սիմիթեան իր տան մէջ զոհ գնաց ռումբի մը պայթումին:
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Արամ արքեպիսկոպոս Քէշիշեան շաբաթ, 8 ապրիլին այցելութիւններ տուաւ Պուրճ Համուտի այն թաղամասերը, որոնք ռմբակոծումներուն վնասներ կրած էին եւ անոր ժողովուրդը համախմբուած էր ապաստանարաններու մէջ: Ան այցելեց Արագած, Նորաշէն, Նոր Ատանա, Նոր Ամանոս, Նոր Սիս եւ Նոր Մարաշ թաղերը եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ շրջանի ժողովուրդին եւ պատասխանատուներու հետ:
Առաջնորդ սրբազանը այնուհետեւ, ապրիլ 11-ի գիշերը այցելութիւններ տուաւ Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի շրջաններու ակումբները եւ ապաստանարաններ եւ մօտէն ծանօթացաւ ռմբակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուած վնասներուն եւ ժողովուրդին վիճակին:
***
Շաբաթ, ապրիլ 15-ի յետմիջօրէէն սկսեալ, եւ մինչեւ կիրակի, 16 ապրիլի կէս գիշերը, 30 ժամ անընդհատ, Պէյրութն ու շրջակայքը ահաւոր ռմբակոծումներու թիրախ դարձան: Ինկան շուրջ հարիւր զոհ եւ վիրաւոր: Զոհերու շարքին էր Սպանիոյ դեսպան Մանուէլ տէ Արիսթեկի: Էշրեֆիէի մէջ զոհուեցաւ Գրիգոր Նազարեան (ծնած` 1962-ին):
Մայիս 9-ին, ռումբի պայթումի մը հետեւանքով զոհուեցաւ Վարուժան Ալաճաճեան (ծնած` 1969-ին):
Մայիս 16-ին հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Հասան Խալէտ զոհ գնած ոճրային խափանարարութեան մը:
Շաբաթ, 1 յուլիսին սաստիկ ռմբակոծումները վերսկսան. մահասփիւռ եղաւ մանաւանդ Էշրեֆիէի ռմբակոծումը. զոհերու շարքին էր յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդի փոխանորդ Նիքոլա Պատաուի արքեպիսկոպոսը: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին զոհուեցան Սամուէլ Թորանեան (ծնած` 1962-ին) եւ Անդրանիկ Քէօշկէրեան (ծնած` 1945-ին):
Յուլիս 4-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժէլ էլ Տիպի մէջ, զինեալ միջադէպի մը ընթացքին, հայու մը օգնութեան կանչին փութալու պահուն զոհուեցաւ Կարօ Գաբլանեան (ծնած` 1970-ին):
Կիրակի, յուլիս 30-ը դժոխային օր մը եղաւ Պէյրութէն մինչեւ Լեռնալիբանան եւ Պեքաա տարածուող շրջաններու բնակիչներուն համար:
Ալէյ-Սուք էլ Ղարպ ճակատէն ծայր տուած ռմբակոծումները յետմիջօրէին սաստկացան: Անոնք տարածուեցան նախ` մինչեւ Պիքֆայայի ճամբան, անցնելով Մեթնի ծովեզերեայ եւ ներքին շրջաններէն, ապա` կրակի գօտին ընդգրկեց օդակայանէն, Արամունէն, Քարամէ ճամբէն մինչեւ Պէյրութի երկու գօտիները, Պուրճ Համուտ, մինչեւ Քեսրուան ու Ժիպէյլ, մինչեւ Պոլոնիա, Մրուժ, Շթորա եւ Պար Իլիաս: Հրթիռները հրդեհներ յառաջացուցին ամէնուրեք:
Սաստիկ ռմբակոծումներու ընթացքին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հրթիռ մը ինկաւ Նորաշէն թաղին մէջ, թէեւ զոհ կամ վիրաւոր չարձանագրուեցաւ, բայց աղմուկ ու օգնութեան կանչեր բարձրացան: Փութով, Ռուբէն ակումբէն տղաք նեղ փողոցներէն սուրալով օգնութեան վազեցին: Նոյն պահուն երկրորդ հրթիռ մը ինկաւ: Հրայր Վարդանեան (ծնած` 1970-ին) զոհուեցաւ, իսկ Րաֆֆի Զատիկեան (ծնած` 1971-ին) ծանրօրէն վիրաւորուելով Յունական հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, ուր մահացաւ 24 ժամ ետք, երկուշաբթի, 31 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
***
Սուք էլ Ղարպի ճակատամարտը ծայր տուաւ կիրակի, օգոստոս 13-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Ընկերվարական յառաջդիմական, սուրիական եւ պաղեստինեան ուժեր չորս առանցքի վրայ յարձակում գործեցին բանակային դիրքերուն վրայ, սակայն ետ մղուեցան:
Կէսօրուան մօտ, յարձակող ուժերը գրաւեցին 888 բլուրը եւ երկու այլ դիրքեր:
Ռումբերու եւ հրթիռներու տեղատարափը դժոխային իրավիճակ մը ստեղծեց Պէյրութէն մինչեւ Լեռնալիբանան եւ Պեքաա տարածուող գօտիին մէջ:
Աստուածածնի այդ կիրակին պատարագ եւ խաղողօրհնէք տեղի չունեցաւ եկեղեցիներուն մէջ: Անթիլիասի կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ եւս ռումբեր ինկան եւ մայր տաճարն ու վեհարանի շէնքը լուրջ վնասներու ենթարկուեցան:
Սուք էլ Ղարպի մէջ արիւնալի գօտեմարտեր մղուեցան: Բանակի ուժգին դիմադրութեան առջեւ յարձակող ուժերը յետմիջօրէին նահանջեցին, բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ ահագին վնաս տալէ ետք:
Միաժամանակ, յետմիջօրէին, կարմիր գիծի խախտումի երկրորդ եւ աւելի սահմանափակ փորձ մը կատարուեցաւ Ռաս Նապաայի ճակատին վրայ, սակայն այդ փորձը եւս վերջ գտաւ առաջինին պէս եւ սահմանագիծը մնաց անխախտ:
Երկուշաբթի, 14 օգոստոսի Պիքֆայա-Տհուր Շուէյր գօտիին մէջ ճակատի գիծը ճեղքելու փորձ մը կատարուեցաւ:
Երեքշաբթի, 28 օգոստոսին արեւածագէն առաջ, կեդրոնական հրապարակներէն մինչեւ Թանգարան եւ Թայունէէն մինչեւ արուարձարաններ գօտին, ինչպէս նաեւ նաւթատար նաւ մը սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Նաւթատար նաւուն ռմբակոծման պատճառով, առաւօտեան ժամը 2:30-ին, պարտականութեան ճամբուն վրայ զոհուեցաւ Յովհաննէս Կրպիճեան:
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 15-ին թնդանօթներն ու հրթիռները գործեցին ամենայն սաստկութեամբ եւ վայրագութեամբ եւ սեւ ու թուխ ծուխի եւ կրակի օղակներով պատեցին Պէյրութն ու շրջակայքը: Զոհերու շարքն էր Հայրապետ Էքմէքճեան (ծնած` 1906-ին):
Հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերի կէսօրին, Անթիլիասի իր բնակարանին առջեւ, վրիպած փամփուշտի զոհ գնաց Գրիգոր Գրիգորեան (ծնած` 1972-ին):