Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատակի Բնակիչները – Բ.

February 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Բեմ  2000» թատերախումբը անցեալ նոյեմբերին չորս ելոյթներով ներկայացուց  «100 տարի վերջ կամուրջին տակ» թատրերգութիւնը: Յօդուածի առաջին մասը (թուական) կը վերաբերէր թատրերգութեան ներշնչումին, տիպարներուն, դիպաշարին, լեզուին, բեմայարդարումին եւ այլն: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկրորդ եւ վերջին մասը:

Կամուրջ-15_022416Կամուրջ-14_022416Խաղարկութիւն.- Երկրորդական տիպարները ներկայացած էին մէկ տարածաչափային կարծրատիպերով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր մէկ ու միակ որոշ յատկութիւն: Այսինքն չունէին հոգեկան խորք: Եթէ նկատի ունենանք, որ անոնք սկսնակներ են, ապա մեզի կը մնայ շնորհաւորել անոնց կորովը եւ մաղթել յաջողութիւն: Բեմական որոշ ներկայութիւն ունէր համր աղջիկը: Անոր կ’օգնէին ե՛ւ ֆիզիքական գրաւչութիւնը, ե՛ւ հոգեհարազատութիւնը բեմական տարերքին: Անժելինա պէտք էր, որ «խօսէր» միայն ու միայն «մարմնի լեզուով»: Այս մեծ մարտահրաւէր է իր տարիքի դերակատարի մը համար: Դիմախաղերն ու շարժումները հարուստ էին եւ բազմիմաստ: Պարզ էր նաեւ, որ հետեւած է պարարուեստի, ինչպէս հարկ է որ հետեւի իւրաքանչիւր դերասան: Կը լսեմ, որ արդէն իսկ գրաւած է  բեմադրիչներու ուշադրութիւնը: Բարի՛ երթ, շնորհալի՛ աղջնակ:

Վ. Մկրտիչեանի դերասանական ձիրքին մասին մօտիկ անցեալին գովեստ տեղացուցած եմ (17): Վարդան համակրելի էր նոյնիսկ իր հաշմուած մարմնով եւ աղտոտ ցնցոտիներով: Նախանձելի՛ մարդ: Որպէս հեղինակ-բեմադրիչ եւ փորձառու դերասան` անշուշտ միւս կերպարներէն անհամեմատ աւելի լաւ ըմբռնած էր իր դերը:

Յարութ Թորոսեան ներկայացաւ որպէս հտպիտ: Պէտք է ցաւօք ճշդել. կրկի՛ն ներկայացաւ որպէս հտպիտ: Հարկ է, որ Թորոսեան փորձէ ոչ թէ յոյն աւազակ Փրոքրութէսի (18) հետեւութեամբ դերը յարմարեցնել իր այլեւս կարծրատիպ դարձած ծիծաղաշարժ շարժուձեւերուն, այլ` մտնել տուեալ դերին մէջ: Այդ անշուշտ կը պահանջէ խոր ուսումնասիրութիւն  եւ աշխատանք: Մենք իր խաղարկութեան մէջ չտեսանք հայ ուսուցիչի ողբերգութիւնը եւ  թաքուն տառապանքը: Այդ կը պահանջէր նրբութիւն:

Կամուրջ-16_022416Սաթենիկի կերպարը աւելի բազմաշերտ էր: «Զիֆիր» լեզուով «արջ»-ի կերպար խաղալ ինքնին արտակարգ հմտութեան չէր կարօտեր: Յատուկ ձիրք չէր պահանջեր նաեւ աւարտական տեսարանին մէջ սառեցուած շանթահար կնոջ դիմակը, որ չափազանց  երկար յամեցաւ: Ձիրքի կը կարօտէր, սակայն, այդ կոշտ կնոջ նուրբ ներաշխարհը արտայայտել: Գուցէ այդ կոշտ արտաքինը ինքնին դիմակ մըն էր: Գուցէ Սաթենիկ իսկապէս «ինկած իշխանուհի» մըն է, ինչպէս կը թելադրէ իր ճակտի կարմիր երիզը: Այտա Սրապոնեանի մօտ մենք տեսանք նման պահեր, որոնք, սակայն, հպանցիկ էին եւ կրնային վրիպիլ միջին հանդիսատեսի ուշադրութենէն (տես կողքի նկարը):

Խաղարկութեան շուրջ կարելի պիտի ըլլար աւելի հանգամանօրէն գրել, եթէ ելոյթին տեսերիզը դիտելու հնարաւորութիւն ընծայուէր:

Թատրերգութեան ասքը.-  Մկրտիչեան մէկէ աւելի առիթներով ըսած է, թէ այս թատրերգութեամբ  ուզած է մեզի փոխանցել տարիներու ընթացքին հաւաքուած մտքեր: Այդտեղ կը տեսնենք առնուազն վեց ամեհի բներգներ. հայրենիք-արտասահման «կամուրջ», անօթեւան մարդոց կոխկռտում, ազգային ինքնութեան սահմանում, մարդկային յարաբերութիւններ, ազգային կառոյցներու ինքնախաբէութիւնը, թմրամոլութիւն … որոնց թղթակիցի մը կայացած տեսակցութեան ընթացքին պիտի գային աւելնալու յանդուգն դաստիարակութիւն, հայրենասիրութիւն, խիղճ, պատիւ եւ այլն: Հետեւանքը եղած է թեմաներու ահաւոր խճողում, ուրեմն եւ` գորդեան հանգոյց: Սարոյեանի «Քարանձաւ»-ը շատ աւելի համեստ եւ յստակ առաջադրանք ունի(13):

«Կամուրջ»-ը որքա՞ն լոյս սփռեց, օրինակ, հայկական ինքնութեան բարդագոյն հարցին վրայ: Մի՞թէ պարզ չէ, որ աղբանոցի բնակիչները հայրենիք չունին: Մի՞թէ պարզ չէ, որ կամուրջի տակ ապրողներ չեն կրնար ունենալ նաեւ ազգութիւն: Կրնան, Հայկի նման, առաւելագոյնը ունենալ «ուղեղի մորմոք»(14):

Հեղինակ-բեմադրիչը կը թելադրէ կամուրջը տեսնել որպէս խորհրդանշական կապ հայրենիքին հետ, որպէս անցք` դէպի ապագայ, որպէս … Կը տեսնենք, որ այդ կամուրջը խախուտ է եւ կիսատ, ինչպէս օրին դիտել տուած էր «Արարատ»-ի թղթակիցը(15):  Հայկի խանգարուած (dysfunctional) «Երեւանի ձայն» ռատիոն նոյնպէս բացայայտ խորհրդանիշ է հայրենիքի հետ կապի խզման: Հեղինակը, ըստ երեւոյթին, կը ջատագովէ հայրենիքին կառչած հայապահպանում: Այս կը շեշտեն նաեւ Հայկի արձակած ոտանաւոր կոչերը: Մինչդեռ մենք, որ կ’ապրինք արտասահմանեան բազմազան եւ բազմապիսի «կամուրջ»-ներու վրայ, կարիք ունինք ոչ թէ վերագտնելու կամ պահպանելու կորսուած/կորսուող իտէալական ինքնութիւն մը, այլ` հասկնալու եւ վերասահմանելու հայկական ինքնութիւնը: Բայց այդ առանձին, գրեթէ խոպան նիւթ է:

Իր կարգին, որքա՞ն լոյս սփռեց արդեօք մետասաներորդ ժամուն պայթած թմրամոլութեան «ական»-ը:  Ականը քանդեց կամուրջին տակ պատսպարուած «ընտանիքը»: Ի՞նչ էր սակայն անոր ճանաչողական դերը: Սաթենիկին դառնութեան պատճառը տրամաբանական այլ տարբերակ չէ՞ր կրնար ունենալ: Անգամ մը եւս կը տեսնենք, որ հեղինակին (ինքնին ողջունելի) մտահոգութիւնները արհեստականօրէն խցկուած են թատրերգութեան մէջ: Առածը կ’ըսէ` «Դժոխքը սալայատակուած է բարի նպատակներով» (16): Ծանօթ է, որ Մկրտչեան թմրամոլութեան «Հորիզոն» կեդրոնին համար 2012-ին բեմադրած էր «Խեցիներ» (Shells) դաստիարակչական ներկայացումը:

Բեմադրիչը հեգնական կը մօտենայ Պատմութեան: Այո՛, գլխագի՛ր Պատմութեան: Այն պահուն, երբ ուսումնասիրութիւն պատրաստող ուսանողուհիները կը պատրաստուէին «Կամուրջ»-ի բնակիչները նկարել, անցորդ մը կը միզէ խումբին վրայ: Եթէ թիրախը միայն փարիսեցի «ուսումնասիրողները»  ըլլային, ապա կարելի պիտի ըլլար աքթը հասկնալ որպէս հրապարակային նշաւակում: Բայց Մկրտիչեան կը միզէ բոլորին վրայ, ինքնին` նկարելու գործողութեան վրայ: Նկարել` կը նշանակէ արձանագրել: Նկարելու գործողութիւնը  ձեւով մը «պատմագրութիւն» է: Կարեւոր չէ` ինչո՛ւ հեղինակը յուսախաբուած կամ դառնացած է պատմագիրներէն: Այդ կրնայ ունենալ կամ չունենալ «նրբցուցիչ դէպ յանցանաց»(19): Արդիւնքը այն է, որ Մկրտիչեան հրապարակաւ կը միզէ Պատմութեան վրայ: Այս կարելի չէ դրական կեցուածք համարել:

Մկրտիչեանի թատրերգութիւնը ժխտական է, իմա` ժխտող է առհասարակ: Ցաւի եւ բողոքի ճիչ մը: Բողոք եւ ճիչ` ամէն ուղղութեամբ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար մէկ ձեռքով տասը ձմերուկ կրել: Թատրերգութեան միտքերը մնացած են սաղմնային եւ խառնափնթոր: Թուաբանական բաժանումի պարզ գործողութիւն մը ցոյց կու տայ, որ միջին հաշուով իւրաքանչիւր թեմայի բաժին կ’իյնար նուազ քան տասը վայրկեան: Այդքան սուղ ժամանակի ընթացքին պարզապէս անհնար է տասնեակ մը ահաւոր թեմաներ ըստ պատշաճի զարգացնել: Կարելի է միայն փողոցի բարբառով` «խօսք նետել», տեղական արաբերէնով` «թալթիշ քելեմ»: Նման գործ կը դադրի ընկերային / քաղաքական թատրոն ըլլալէ եւ կը նմանակէ «théâtre de dix heures»-ի մենախօսութիւնները: Թատրերգութիւնը, աւա՜ղ, կ’ընկնի քաջ-քաջ պարսիկ … ներողութիւն, «թալթիշ» սփռած «ի ձախ ի աջ»(20):

Կու տամ օրինակ մը. հայկական երկու կուսակցութիւններու պատկանող հարսնեւորներու միջեւ, չես գիտեր` ինչո՛ւ, բռնկած է ծեծկռտուք: Զաւէն բեմ կը մտնէ գզգզուած եւ կ’ըսէ.  «Իշտէ՛ քեզի հայու տեսակ, խայտառակութիւն …»: Կուսակցութիւններու մասին այսքան: Վերջակէտ: Մի՞թէ սփիւռքը կը գտնուի միջկուսակցական գզվռտուքներով բնորոշուող պատմական շրջանի մը մէջ: Հազիւ թէ: Կ’ենթադրեմ, որ ակնարկը աւելի լոյս կը սփռէ հեղինակի կեցուածքին, քան արտասահմանի իրավիճակին վրայ: Կը թուի, թէ Մկրտիչեան նաեւ կ’արհամարհէ բոլոր գաղափարական ասքերը, զորս կը վարկաբեկէ որպէս «սին լոզունգներ»: «Շատ ընելիք կայ», կ’ըսէ հարցազրոյցի ընթացքին: Ի հա՛րկէ շատ անելիք կայ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է գործել առանց գաղափարական ուղեգիծի…

Անօթեւաններու «Կամուրջ»-ի գաղափարը գեղեցիկ է: Անկասկած ազնիւ է նաեւ Վարդան Մկրտիչեանի  առաջադրանքը: Ան պատճառ չունէր աճապարելու, որովհետեւ տարիքի բերմամբ կը գտնուի արդիւնաբերելու իր տարիքային ամէնէն ձեռնտու շրջանին մէջ: Կը յուսամ, որ իր յաջորդ գործը լուսարձակի տակ կ’առնէ աւելի յստակօրէն սահմանուած թեմա եւ կը զարգացնէ զայն, ինչպէս որ հարկ է: Համոզուած եմ, որ Մկրտիչեան ունի այդ կամքն ու կարողութիւնը: Կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք:

———————————————–

  1. Տես Tim Fitzpatrick, Playwright, Space and Place in Early Modern performance, Ashgate Publishing, 2013, էջ 223:
  2. G. Bellafante, «50 Years Later, Another Look at Saroyan’s Theater as Haven and Fortress» NY Times, 8 մարտ 2007:
  3. Տես Ե. Չարենցի «Երկիր նայիրի» (1926) վէպի վերջաբանը:
  4. Ա. Իւրնէշլեան «Կամուրջի տակէն. զգաստացնող ապտակ մը» «Արարատ» 11 նոյ. 2015
  5. Մօտաւոր թարգմանութիւն սուրբ Bernard de Clairvaux-ի (1091-1153) վերագրուող խօսքին «L’enfer est plein de bonnes volontés»։
  6. Տես «Առ կոթողն երկբայական» Ա. եւ Բ. «Ազդակ» 29 եւ 30 յուլիս 2015:
  7. Procrustes «զուարճասէր» աւազակ մըն էր, որ ունէր մեքենական յատուկ մահճակալ մը: Իր զոհերը կը սպաննէր զանոնք «յարմարեցնելով» մահճակալի երկայնքին: Ծանօթ է նաեւ այլ անուններով:
  8. Յ. Պարոնեան, «Պաղտասար Աղբար», 1886, Օգսէն դատաստանական ատեանի տեսարանին մէջ:
  9. Ձօն Վարդանի.- « Զարկիր-զարկուար ընկար քաջ-քաջ` /պարսիկ սփռած ի ձախ, ի աջ»:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ական Նուպար Ռումուլեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնին Կողմէ

Յաջորդը

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Գ.

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.