Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան նախորդ տարուան ընթացքին չորս հատոր գիրք (երկուքը գիտական) դրաւ հայ ընթերցողին սեղանին: Պատկառելի եւ շնորհակալ աշխատանք մը, որուն օգուտները պիտի քաղէ հայութիւնը: Վաղը` ուրբաթ, 26 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերու շնորհահանդէսը: Նման աշխատանքի մը դրդապատճառին, ընթացքին եւ արդիւնքին, ինչպէս նաեւ անոնց բովանդակութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Դուք ասպարէզով բժիշկ էք, բայց մեծ հետաքրքրութիւն ունենալով գրականութեան նկատմամբ` նախաձեռնեցիք գիրք գրելու եւ զայն իբրեւ գիտութիւն դնելու ընթերցողին սեղանին վրայ: Ինչպէ՞ս ծագեցաւ գիրք գրելու գաղափարը:
ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Գրելու հետաքրքրութիւնս սկսաւ «Բժիշկ» ամսագիրէն, որ լոյս կը տեսնէր Լիբանանի մէջ: 1970-ին, երբ աւարտեցի մասնագիտութիւնս եւ սկսայ աշխատիլ, «Բժիշկ» թերթին խմբագիրը` ողորմած Գեղարդ Գազանճեանը, օր մը հանդիպեցաւ ինծի, ինքզինք ներկայացուց եւ խնդրեց, որ յօդուածներով օգտակար ըլլամ «Բժիշկ» թերթին: Առաջին յօդուածս «Բժիշկ» թերթին մէջ գրեցի 1970-ին, անկէ ետք ամէն ամիս տոքթ. Գեղարդը կը հեռաձայնէր, որ յօդուած մը գրեմ: Եւ այսպէս ամէն ամիս յօդուած կ՛առաքէի, մինչեւ որ թերթը դադրեցաւ պատերազմին պատճառով: Ուրեմն առաջին քաջալերողս եղած է տոքթ. Գեղարդը. շատ ուրախ եմ, որ այդպէս պատահած է:
Զիս քաջալերողներէն եղած են նաեւ տոքթ. Փափազեանը եւ տոքթ. Գոյնէլեանը, որոնց քաջալերական խօսքերը մինչեւ այսօր կը յիշեմ:
Իսկ երբ Քանատա փոխադրուեցայ, գործէս դադրեցայ, եւ դատարկութիւն մը ստեղծուեցաւ կեանքիս մէջ. ատիկա պէտք է լեցնէի բանով մը, իսկ ինծի համար ամէնէն հարազատ զբաղումը գրելն էր. այդպէս սկսայ գրել բժշկական նիւթերու մասին: Օրին կապուեցայ «Ազդակ»-ին, «Ասպարէզ»-ին, «Հորիզոն»-ին եւ բոլորն ալ քաջալերեցին: Առաքած յօդուածներէս շատ աւելին կը գրէի, այդ պատճառով ալ մեծաթիւ յօդուածներ ունեցայ: 2010-ին, երբ Պէյրութ եկած էի, դիմեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` ներկայացնելով յօդուածներուս հաւաքածոն, որ պատրաստ էր արդէն: Վեհափառը շուտով ընդառաջեց, եւ «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան մեկենասութեամբ գիրքը հրատարակուեցաւ: Գրելու երկրորդ խթանս եղած է վեհափառը, որ յաճախ քաջալերած է ու կը քաջալերէ տակաւին: Անցեալ տարի նկատեցի, որ արդէն հարիւր այլ յօդուած ունիմ գրուած: Որոշեցի հարիւր յօդուածը մէկ հատորով հրատարակել: Այս հսկայ աշխատանքիս մէջ գործակիցներս էին տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը եւ Վրէժ Արմէնը: Տոքթ. Տէր Գալուստեանը օգտակար եղաւ գիտական բաժինի խմբագրական աշխատանքին մէջ, իսկ Վրէժ Արմէնը` լեզուական, էջադրումին եւ բառամթերքի աշխատանքներուն: Երկուքին ալ երախտապարտ եմ: Կ՛ուզէի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տպել հարիւր յօդուածներս, բայց մինչ այդ նոյն առիթով պատրաստած էի ոչ բժշկական գիրքեր, որոնք անցեալ տարի Քանատայի մէջ տպուեցան: Յետոյ տեսանք, որ 100 յօդուածը մէկ հատորով հրատարակելը բաւական ծաւալուն պիտի ըլլար, ուստի որոշեցինք երկու մասի բաժնել: Ուրեմն «Բժիշկին Գ. խօսքը» հատորը կ՛ընդգրկէ 66 բժշկական յօդուածներ, որոնց մէկ երրորդը թերթերուն մէջ լոյս տեսած է, բայց զանոնք վերամշակած եմ եւ օժտած համապատասխան նկարներով, իսկ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքը կ՛ընդգրկէ 36 անտիպ յօդուածներ:
«Բժիշկին խօսքը» չորս հատորներուս բառարանները (140 էջ) յաւելուած բաժինով մը տեղադրեցինք Դ. հատորին մէջ: Յաւելուածը ո՛չ միայն անգլերէն – հայերէն եւ հայերէն – անգլերէն բառարան է, այլ նաեւ բաժնուած է 246 յօդուածներուն նիւթերուն համապատասխան: Եթէ մէկը հետաքրքրուած է նիւթով մը, կրնայ մտնել այդ բաժինը եւ նիւթի համաձայն յօդուած մը գտնել ու կարդալ: Բառարանին վերջաւորութեան դրած ենք ցանկը բժշկական եւ գիտական բառերու, որոնց դիմաց ստեղծած ենք հայերէն գիտական բառեր, որոնց մէկ մասը ես առաջարկած եմ, իսկ միւս մասն ալ` Վրէժ Արմէնը: Երկար ուսումնասիրութեան արդիւնք էր պատրաստուած հայերէն գիտական եզրերու ցանկը: Անգլերէն գիտական բառը առնելով ուսումնասիրած ենք, գտած ենք արմատը, որուն հիման վրայ գտած ենք հայերէն համապատասխան արմատը եւ ստեղծած գիտական նոր բառ: Ստեղծած ենք մօտ 200-300 գիտական նոր բառեր:
«Ա.».- Բառարանի գծով շատ մեծ ու դժուար աշխատանք կատարած էք: Ինչո՞ւ անհրաժեշտ կը նկատէք գիտական բառերու հայերէն օգտագործումը:
Կ. Հ.- Այսօր ոեւէ մէկը կրնայ համացանց մտնել եւ օտար լեզուով բառի մը մասին, հիւանդութեան մը մասին շատ դիւրաւ տեղեկութիւններ հաւաքել, բայց ես կը կարծեմ, թէ մեր եւ մանաւանդ բժիշկներուն պարտականութիւնն է իրենց արիւնակիցներուն բժշկական գիտելիքներ կամ տեղեկութիւններ փոխանցել հայերէնով: Ի վերջոյ մեր լեզուն հայերէն է եւ սովորաբար մարդ աւելի հարազատ կը զգայ, երբ մայրենի լեզուով կը կարդայ: Ասկէ մեկնելով, շատ մեծ պարտականութիւն կայ մեր ուսերուն, որ հայերէնով գրենք: Մենք` բժիշկներս, գիտական բժշկական շատ բառեր օտար լեզուով կը գործածենք, բայց պէտք է ջանանք հայերէնը տարածել: Ամէն ազգ ու ժողովուրդ բժշկական մարզին մէջ հսկայ գրականութիւն ունի, մենք ինչո՞ւ պիտի չունենանք: Մեր պարտականութիւնն է մեր ոսկեղինիկ լեզուն պահել, քաջալերել անոր գործածութիւնը, այսօր պատերազմի մէջ ենք, եթէ մենք չպայքարինք այս իմաստով եւ աշխատանք չտանինք, վաղը ուրիշը պիտի չընէ: Մաղթենք, որ ուրիշներ ալ ընեն: Կրնամ ըսել, որ ամբողջ սփիւռքի, նաեւ Հայաստանի մէջ այսպիսի գիրք չկայ: Եղած են պարբերաթերթեր, որոնք քանի մը տարի լոյս տեսած ու դադրած են, որովհետեւ հսկայ ճիգ կը պահանջէ, նիւթականէն աւելի մարդուժի խնդիր կայ ամէն տեղ:
Ես կը կարծեմ, թէ ինչքան կը ներեն մեր կարողութիւնները այդքան պէտք է աշխատինք տարածել մեր լեզուն, մեր բառամթերքը ու զանոնք գործածենք, որովհետեւ օր մը անպայման կացութիւնը պիտի փոխուի, եւ մեր բառամթերքը կորսուի, նոր սերունդը աշխարհի չորս կողմերուն անգլիախօս եւ ֆրանսախօս կը դառնայ, մինչ մենք` հայերս, ունինք շատ հարուստ գիտական բժշկական բառամթերք, որ մեզի հասած է միջնադարեան հայ բժիշկներէն, ինչպէս` Ամիր Տաուլաթէն, Հերացիէն: Այդ հարստութիւնը պէտք չէ կորսնցնենք:
«Ա.».- Խօսինք գիրքերու բովանդակութեան եւ անոնց նախաբանին մասին:
Կ. Հ.- «Բժիշկին Գ. խօսքը» գիրքը բաղկացած է 66 յօդուածներէ, որոնք բժշկական են, բացի առաջին երկուքէն: Առաջին յօդուածը հայ բժշկութեան պատմութիւնն է հին դարերէն մինչեւ 19-րդ դարու վերջը: Անդրադարձած եմ հնագոյն դարերուն առողջապահական եւ բժշկական հարցերով զբաղող անձնաւորութիւններուն, ինչպէս` Աղուիթան կամ մեր թագաւորներուն կիներն ու աղջիկները, որոնք` առողջապահական հարցերով մտահոգ, ժողովուրդին օգտակար դարձած են: Շինած են կուրանոցներ, հիւանդանոցներ (ոչ մեր այսօրուան հասկացողութեամբ), չքաւորներու կեդրոններ: Ապա հասած եմ միջին դարեր ու նշած 13-14-րդ դարուն եւ աւելի ուշ գործած ամէնէն յայտնի բժիշկները, ինչպէս Հերացին եւ ուրիշներ, եւ վերջապէս ներկայացուցած եմ 18-րդ դարուն բժշկութեան վերածնունդը, որ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ: Բարեբախտաբար այն հայ բժիշկները, որոնք ուզած են բժշկութեան հետեւիլ, Պոլիսէն անցած են Եւրոպա, ուր զանազան համալսարաններուն մէջ ուսանելով նոր զարթնումին իրենց մասնակցութինը բերած են եւ նոր զարգացումով վերադարձած Պոլիս ու զարգացուցած բժշկական ասպարէզը: Բազմաթիւ բժիշկներու կեանքին մասին խօսած եմ այս յօդուածովս:
Երկրորդ յօդուածս բժշկական բարոյագիտութեան մասին է: Ես նկատած եմ, որ բժշկութեան ասպարէզին մէջ շատ կարեւոր եւ մեծ դեր կը խաղայ բժշկական բարոյագիտութիւնը: Այո՛, բժշկութիւնը ազատ ասպարէզ է, բայց հիմնական նպատակը մարդուն օգտակար ըլլալն է, մարդուն մարմինի առողջ պահպանման աշխատանքին մէջ է: Բժիշկ մը շատ դիւրութեամբ կրնայ շեղումներ ունենալ, հետեւաբար նպատակը այնպէս պէտք է ըլլայ, որ ան մաքուր ձեւով, առանց ապօրինի միջոցներու դիմելով գիշեր-ցերեկ միշտ պատրաստ ըլլայ հասնելու ոեւէ հիւանդի կամ տառապողի, ուր որ ալ ըլլայ ան: Ա՛յս է բժիշկին բարոյախօսութիւնը:
Գիրքին մնացած յօդուածները բժշկական են: Իսկ «Բժիշկին Դ. խօսքը» հատորին բոլոր յօդուածները բժշկական են:
Գիրքերուս նախաբանը գրած է Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան: Ինք ուզեց, որ գրէ նախաբանը, ինչ որ պատիւ էր ինծի: Իսկ յառաջաբանը ես գրած եմ: Կը կրկնեմ, գիրքերուս պատրաստութեան աշխատանքին մեծապէս օգտակար եղան տոքթ. Վազգէնը եւ Վրէժ Արմէնը: Մօտ մէկ տարի աշխատած ենք գիրքերու սրբագրութեան վրայ, որ գործին ամէնէն ծանր բաժինն էր: Գիրքը սրբագրած ենք եօթը անգամ: Էջադրումը կատարած է «Հորիզոն» թերթի էջադրողը` Նենսի Կիրակոսեան, կողքի նկարը` արուեստագէտ մը, իսկ լոկոն` Վազգէն Թիւթիւնճեանը` Լիբանանէն: Չորս հատորներուս ալ նոյն լոկոն գործածած եմ: Երբ առաջին հատորը պիտի հրատարակէի Պէյրութի մէջ, Վազգէն տեղեկացած էր եւ առաջարկեց, որ ինք պատրաստէ լոկոն: Ան Կ եւ Հ տառերը բժշկական ձեւաւորումով պատրաստեր էր: Երախտապարտ եմ արուեստագէտին, մինչեւ այսօր նոյն լոկոն կը շարունակեմ գործածել:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը կատարէք բժշկական նիւթերուն ընտրութիւնը:
Կ. Հ.- Ես կ՛ազդուիմ շրջապատէս, ընտանիքէս եւ միջավայրէս: Ուր ալ գտնուիմ անպայման մէկը կը հարցնէ ինծի բժշկական հարցի մը կամ հիւանդութեան մը մասին: Հետեւաբար, երբ շրջապատիս մէջ բժշկական նիւթի մը մասին խօսուի, եւ մարդիկ կ՛ուզեն կարծիք ունենալ այդ մասին, իսկոյն կ՛որոշեմ բան մը գրել: Նախապէս չեմ պատրաստեր գրելիք նիւթերս, այլ մեծապէս կ՛ազդուիմ շրջապատէս եւ կը գրեմ նաեւ այժմէական հիւանդութիւններու մասին. օրինակ` երբ Իպոլայի մասին շատ կը խօսուէր, ուզեցի գրել այդ մասին ու հասարակութիւնը տեղեկացնել: Այս ձեւով կը կարծեմ, թէ օգտակար կ՛ըլլամ միջավայրիս ու հայութեան:
«Ա.».- Խօսինք ձեր ստեղծած հայերէն գիտական եւ բժշկական բառամթերքին մասին:
Կ. Հ.- Շնորհահանդէսներուն ամէն մարդ կը հարցնէր, թէ գիտական բառերը ինչպէ՛ս գտած եմ: Ըսեմ, որ անոնց կէսէն աւելին իմ գործածած բառերս են, որոնց քով անպայման անգլերէնով բառը դրած եմ, որ ժողովուրդը գիտնայ, իսկ մնացածները յայտնագործելու համար բառարաններուն դիմած եմ:
Աշխատանքիս ընթացքին իմացած եմ նաեւ, որ Լոս Անճելըսի մէջ պարսկահայ տարեց բժիշկներէն մէկը` Դանիէլեան, 550 էջէ կազմուած ծաւալուն բացատրական գիտական բժշկական բառարան մը ունի, որուն պատրաստութեան համար աշխատած է 30 տարի: Դանիէլեան սիրով տրամադրեց բառարանը, զոր մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ, հակառակ արեւելահայերէն ըլլալուն:
Եւ այսպէս բազմաբնոյթ բառարաններ մանրակրկիտ կերպով ստուգած ենք, պեղած ու շատ գեղեցիկ բառեր բերած ենք մէջտեղ: Երբ մենք հայերէն բառը ունինք, ինչո՞ւ պիտի գործածենք օտար լեզուովը: Ես ու Վրէժը ըսած ենք գիրքին մէջ, թէ մենք անպայման չենք պարտադրեր գիտական բառերու գործածութիւնը, այլ կ՛առաջարկենք, որ օգտագործուին անոնք բոլորին կողմէ ու յատկապէս բժիշկներուն: Իսկ եթէ ուրիշներ այսպիսի բառամթերք ունին, թող տեղեկացնեն, որ ալ աւելի ծաւալուն աշխատանք տանինք, որովհետեւ ցարդ նման աշխատանք չէ կատարուած սփիւռքի մէջ:
«Ա.».- «Ազդակ»-ին մէջ ձեր յօդուածներուն հետեւելով եւ վերջերս ձեր հրատարակած զոյգ գիրքերը տեսնելով` գիտենք, որ նաեւ գրականութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ նորութիւններ բացայայտելով մեծապէս հետաքրքրուած էք: Խօսինք այս գծով ձեր աշխատութիւններուն մասին:
Կ. Հ.- Բժշկական յօդուածներուս զուգահեռ ոչ բժշկական գրութիւններ ալ կ՛ունենայի «Ազդակ»-ին կամ ուրիշ թերթերուն մէջ: Այս աշխատանքը զարգացաւ Քանատա տեղափոխուելէս ետք, որովհետեւ աւելի ազատ ժամանակ ունէի, իսկ հետաքրքրութիւնս կ՛երթար դէպի մեր հիմնական հարցը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ հսկայ դաշտ մըն է պեղելու:
Իբրեւ վերապրողի մը զաւակ, պարտականութիւն զգացի եւ ճիտիս պարտքը նկատեցի մէկ տարի աշխատիլ եւ ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատութիւն մը պատրաստել: Հետաքրքրութիւնս գնաց նահատակ հայ բժիշկներուն, ցեղասպանութեան ընթացքին ոճրագործ թուրք բժիշկներու դերակատարութեան, հայ որբերու հարցին, հայկական որբանոցներուն մասին` Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր: Բաւական աշխատանք տանելէս ետք տեսայ, որ ճիշդ չէ կանգ առնել Ցեղասպանութեան քով, որովհետեւ հայ ազգը յարութիւն առաւ, կազմուեցաւ սփիւռքը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 20 տարի գաղթական տեղէ-տեղ փոխադրուելէն ետք հաստատուեցաւ Անթիլիաս: Նկարագրեցի կաթողիկոսութեան փոխադրութիւնը Անթիլիաս` մանրամասնութեամբ. Խապայեան կաթողիկոսին տարիներուն խելացի քայլերով յաղթահարուած բոլոր դժուարութիւնները, ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաճուն վերելքը մինչեւ այսօր` Արամ Ա. վեհափառին օրերուն: Այսպիսով անդրադարձած եմ մեր ութը կաթողիկոսներուն եւ անոնց գործունէութիւններուն: Պարզ է, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը առանձինը չի ներկայացներ ամբողջ հայութեան յարութեան պատկերը, այլ յարանուանութիւնները, կազմակերպութիւնները, միութիւնները մեծապէս նպաստեցին հայ ժողովուրդի յարութեան, բայց ես պէտք է ուղղութեամբ մը առաջ տանէի աշխատանքս, հետեւաբար կեդրոնացայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուղիին վրայ: Կաթողիկոսութիւնը ընտրեցի, թերեւս անոր համար, որ Լիբանան ապրած տարիներուս 25 տարի եղած եմ Ազգային իշխանութեան մէջ, կաթողիկոսարանին, եկեղեցիին շատ մօտ: Գուցէ այս իրականութիւնը առիթ մը եղած է, որ իմ երկրորդ գիրքս նուիրեմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու կաթողիկոսներուն:
Յայտնեմ, որ այս գիրքերուն կողքերը պատրաստեց Մոնրէալ ապրող Պերճ Չաքըճեան, որ հանրածանօթ արուեստագէտ մըն է:
Ցեղասպանութեան նուիրուած երկու գիրքերս Մոնրէալ տպուեցան, անոնց մեկենասները մանկութեանս ընկերներէն մէկն է` Եդուարդ Մըսրլեան, որ Սան Ֆրանսիսքօ կ՛ապրի: Հազիւ լսեց, որ նման աշխատանք մը կը տանիմ, առաջարկեց, որ մեկենաս ըլլայ գիրքերուս: Ես իրապէս շնորհակալ եմ բոլոր մեկենասներուն, որովհետեւ շատ դժուար է այս օրերուն մեկենաս գտնել: Առաջին գիրքս կաթողիկոսարան տպուեցաւ, երկրորդը նորէն կաթողիկոսարան, բայց «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան մեկենասութեամբ: Վերջին երկու գիրքերուս համար անձամբ դիմեցի «Կիւլպէնկեան»-ի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին, որուն կը յայտնեմ խորին շնորհակալութիւններս, որ շուտով ընդառաջեց ու յանձն առաւ տպել գիրքերս: Ըսեմ նաեւ, որ այս գիրքերուս յառաջաբանն ալ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանը գրած է:
«Ա.».- Մեղրիկ սրբազանը յառաջաբանին մէջ յիշած է, որ Լիբանանի պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութեան ծառայած էք: Կ՛ուզէ՞ք այն օրերէն յատկանշական դէպքեր բաժնեկցիլ ընթերցողներուն հետ:
Կ. Հ.- Պատերազմի տարիներուն` 1980-էն մինչեւ 2002-2003 Մոնրէալ փոխադրուիլս, փոխն ի փոխ կա՛մ Ազգային վարչութեան ատենապետը կա՛մ ալ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը կ՛ըլլայի: Պատերազմի տարիները դժուար տարիներ էին Ազգային իշխանութեան համար, մանաւանդ որ դպրոցները կը դիմագրաւէին տնտեսական շատ վատ պայմաններ: Ուսուցիչները ամիսներով իրենց թոշակները չէին գանձած: Այն ծանր տարիներուն հանգանակութիւն մը կազմակերպուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որպէսզի Լիբանանի ազգային վարժարանները ոտքի պահուին: Այն ծանր օրերուն ազգային իշխանութիւնը ամէն ձեւով տէրն էր կացութեան. պարզ է, որ աշխատանք կը տանէր նաեւ առաջնորդը, քաղաքական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, ԼՕԽ-ը եւ միւս բոլոր կազմակերպութիւնները:
Յիշողութեանս մէջ փորագրուած է լաւ երեւոյթ մը: Երբ 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժը պատահեցաւ, Լիբանան առաջին հայ գաղութն էր, որ օգտակար դարձաւ Հայաստանի: Անմիջապէս յարանուանական, կուսակցական միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծեցինք եւ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ կից Առաջնորդարանին մէջ ընկերային բոլոր կազմակերպութիւններով գործի լծուեցանք: Մենք կեդրոնացած էինք հաշմանդամներուն օգտակար դառնալու գործին վրայ: Ժամ առ ժամ լուրեր կը հասնէին, թէ հաշմանդամներուն թիւը կը բարձրանայ: Անմիջապէս հանգանակութեան սկսանք: Հաշմանդամներու արուեստական ոտքեր շինող հայու մը դիմեցինք եւ անոր միջոցով կապուեցանք Գերմանիա` արուեստական ոտք շինող հաստատութեան մը, որու հետ համաձայնելէն ետք Պէյրութէն խմբակ մը հայորդիներ գացին Հայաստան, հաստատուեցաւ հոն եւ այդ աշխատանքը տարին: Յետոյ միւս գաղութներն ալ մասնակցեցան եւ օգտակար դարձան նոյն գործին: Հաշմանդամներու աշխատանքը շարունակուեցաւ 20 տարի, ապա դադրեցաւ, որովհետեւ նոյն աշխատանքը աւելի արդիական ձեւով սկսաւ մատուցուիլ հիւանդներուն:
Ամէնէն յատկանշականը այն էր, երբ ամէն մարդ կը ներկայանար առաջնորդարան իր լուման տալու: Ես դարմանատանս գործը ձգած ամէն օր առաջնորդարան կ՛երթայի այս գործին համար ու ժամերով հոն կը մնայի: Յուզիչ էր ու միտքէս չի հեռանար այն երեւոյթը, երբ հայ մամիկներ գաւազանով աստիճաններէն կը բարձրանային արցունքոտ աչքերով իրենց ձեռքի մատանին, ապարանջանը կամ ինչ որ ունէին կը հանէին ու կը դնէին սնտուկին մէջ: Անոնք կու տային իրենց միակ ունեցածը, ինչ որ խօսուն է: Հետագային աշխատանքը ծաւալուեցաւ հագուստեղէնի, դեղորայքի, սննդեղէնի եւ այլն:
«Ա.».- Վերջին տարիներուն հայութեան տագնապի ու մտահոգութեան կիզակէտը սուրիահայութիւնն է: Խօսինք Մոնրէալ գաղթած սուրիահայութեան մասին:
Կ. Հ.- Քանատայի կառավարութիւնը դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար որոշում տուաւ ընդունիլ որոշ թիւով գաղթականներ: Այստեղ կարելի չէ մեղադրել ո՛չ մնացողը, ո՛չ ալ հեռացողը Սուրիայէն: Մենք ալ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ պատերազմական պայմաններ, դժուար ու մութ օրեր: Որոշումը բարեբախտութիւն է անոնց համար, որոնք ձգեցին ու դուրս եկան Սուրիայէն որոշ չափով իրենց ցաւին լուծում մը տալու, իսկ դժբախտութիւն` Սուրիոյ գաղութը պարպուելուն համար ու դեռ կը շարունակուի պարպուիլ. մաղթենք, որ այս հոսքը դէպի Քանատա շուտով դադրի: Այսօր Քանատա հասնողները մեծ թիւ կը կազմեն:
Մինչեւ Լիբանան գալս ընդունեցինք 180 սուրիացի աշակերտներ: Ստիպուած եղանք ստեղծելու ութը դասարան մէկուկէս տարուան ընթացքին: Եկողները ոչ մէկ բառ ֆրանսերէն գիտեն, իսկ շատ քիչերը գիտեն անգլերէն: Եւ որովհետեւ Քէպէքի պաշտօնական լեզու ֆրանսերէնն է, անպայման բոլորը պէտք է ֆրանսերէն սորվին: Ասոր համար ալ մասնաւոր դասարաններ ստեղծուեցան, մասնաւոր ուսուցիչներ յատկացուեցան, որպէսզի 6 ամիսէն մէկ տարի եկողները կարենան ֆրանսերէն լեզուն իւրացնել:
Դպրոցը նեղ կացութեան սկսաւ մատնուիլ, որովհետեւ հսկայ ծախս է գաղութին համար, դպրոցին համար: Սովորաբար մեր քով դպրոցի ծախսին կէսը ծնողները կը հոգան, միւս կէսն ալ` կառավարութիւնը: Սուրիահայերուն պարագայի որոշում տրուեցաւ, որ անոնցմէ պիտի չգանձուի, եւ ծախսը պիտի հոգայ դպրոցը: Տեսէ՛ք, իւրաքանչիւր դասարանի տարուան մը ծախսը կը կազմէ 170 հազար տոլար. երեւակայեցէք ինչքան ծախսի տակ յայտնուեցաւ գաղութը: Բարեբախտաբար եկողներուն մեծամասնութիւնը հայկական դպրոցներ մտան: Դպրոցները ձրի ըլլալուն ալ նպատակը այն էր, որ սուրիացի հայ աշակերտները օտար վարժարաններ չյաճախեն: Կրնամ ըսել, որ Քանատայի հայ գաղութը մեծ ճնշումի տակ է: Եկողները հազիւ օդակայան կ՛իջնեն, կը դիմաւորուին «Հայ Տուն» կեդրոնին Կեդրոնական մարմինին անդամներուն կողմէ, որուն կեդրոնը կը գտնուի Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ: Մեր համայնքը կուսակցութիւններով, ընկերային ծառայողներով, համայնքային մարմիններով, միութիւններով միակամ ու միաբերան աշխատանք կը տանի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու ընտանիքներուն: Մարմինի անդամները նոր հասած ընտանիքը տեղաւորելու աշխատանք կը տանին: Եթէ զաւակներ ունի, դպրոցի հարցը կը լուծեն, գործի զանազան առաջարկ կը ներկայացնեն: Բաւական լաւ երեւոյթ մըն ալ կայ. եկող պատանիները եւ երիտասարդները համախմբուած են Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն շուրջ. կ՛ուզեն հայկական կեդրոններուն մէջ ժամանակ անցընել ու իրենց մասնակցութիւնը բերել աշխատանքներուն, ինչ որ յոյժ քաջալերելի է: Նշեմ նաեւ, որ Քանատա հասնողներուն մէջ կայ տոկոս մըն ալ, որ միշտ դժգոհ է: Սուրիահայերուն մէկ մասը Թորոնթօ կու գան, բայց որովհետեւ հոն կեանքը համեմատաբար սուղ է, կը փոխադրուին Մոնրէալ: Մոնրէալի գաղութը բոլոր միջոցներով օգտակար դառնալու աշխատանքին լծուած է: Ամէն հայ ընտանիք իր բաժինը կը բերէ այս աշխատանքին: Կան հայ հաստատութիւններ, որոնք որոշ թիւով սուրիահայերու գործ հայթայթեցին իրենց քով: Կը ճանչնամ կահ կարասիներու հաստատութիւն մը, որ 20 սուրիացի հայ երիտասարդ առաւ աշխատանքի, այլ հաստատութիւններ 8-9 պաշտօնեայ: Ոմանք անձամբ կրցան գործ գտնել: Եկողները ստիպուած են եւ առանց տատամսելու ինչ գործ որ գտնեն, կ՛աշխատին անպատճառ:
«Ա.».- Եզրափակենք Լիբանանի մէջ գիրքերու շնորհահանդէսներուն մասին խօսքով մը:
Կ. Հ.- Վերջերս տոքթ. Գ. Էճիտեանին կապուեցայ ու տեղեկացուցի գիրքերուս շնորհահանդէսներուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի, Մոնրէալի, Լաւալի մէջ: Էճիտեանը առաջարկեց, որ գիրքերուս շնորհահանդէս մը Լիբանանի մէջ ալ կազմակերպուի: Ես իսկոյն համաձայն գտնուեցայ ու առաջարկեցի, որ անիկա «Ազդակ»-ին հետ համագործակցաբար կազմակերպուի ու այդպէս ալ եղաւ:
Հոս գալէս ետք իմացայ նաեւ Համազգայինն ալ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերուս շնորհահանդէսը պիտի կատարէ:
Ուրախ եմ, եւ լիբանանահայութեան մէջ ըլլալով` ինքզինքս տանս մէջ կը զգամ: Ես հոս մեծցած, սորված, աշխատած ու ապրած եմ, մանաւանդ «Ազդակ»-ի յարկին տակ: Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ի խմբագրութեան շնորհահանդէսի կազմակերպութեան համար, ուրախ եմ, որ հոս եմ ու լաւ յիշատակներով պիտի վերադառնամ Քանատա: