Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ամբոխավարութեան եւ մարդորսութեան ծառայող քաղաքական այլասերած եւ այլասերող խօսքը մեզ աստիճանաբար հեռացուցած է ազգային եւ մարդկային իրաւ արժէքներէ: Մարդկային խորք եւ նուաճումներ մոռցուած են: Մրցակցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն ինքնանպատակ դարձած են:
Այսպէս, հայ կեանքի քաղքենիացումը աւեր կը գործէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ուր անհատապաշտութիւնը իր յոռեգոյն չափանիշներուն կը հպատակի, այսինքն` դրամին, ժողովրդավարութիւնը նոյն այդ դրամին մականին կ՛ենթարկուի, ղեկավարութիւնները դրամի յառաջացուցած «էսթէպլիշմընթ»-ի դրածոներն են, որոնք կը խեղդեն ժողովրդավարութիւնը, որ ընդարմացած ըլլալով` քաղաքացիական հակազդեցութեան-անհնազանդութեան առջեւ բաց դուռ չի ձգեր: Այս ախտը համաշխարհային է:
Հարցականները մեղանչում են: Իշխանութիւնները յաւերժացման բեմ են, նոյն հունով` մերօրեայ աւատապետութիւն: Դրամի «կայսերապաշտութեան» ներքեւ տեղեկատուութիւնը ընդհանրապէս ծառայական բեմադրութիւն է, այսինքն կը բացակայի կարծիքի եւ քննադատութեան իրաւ ազատութիւնը:
Այս կացութեան վրայ կը գումարուի հոգեպէս քաղքենիացած, ընդհանրապէս օտարախօսութիւնը առաւելութիւն համարող մտաւորականներու փակ շրջանակ մը, որ կը կարծէ ազգ եւ հայրենիք փրկել փոխհիացման «ակումբ»-ներու մէջ, արուեստակեալ եւ բեմէն վար չիջնող ճառով, ուռուցիկ կամ գաղտնագրութեամբ յատկանշուող, որուն մէջ չկայ ժողովուրդ եւ չկայ ազգի համար ապագայակերտ տեսիլք: «Ազգային»-ով զբաղիլ` դարձած է բարեսէրի կեցուածք կամ փառասիրութիւն, այսինքն` աւատապետութեան միւս երեսը:
Այս մթնոլորտը վերնախաւէն երբ կ՛իջնէ զանգուածին, կը տեսնենք, որ ան ենթարկուած է հոգեկան-բարոյական փտախտի, երբ այլեւս անկարող քաղաքացիական հակազդեցութիւն-անհնազանդութիւն ցուցաբերելու, դեռ տեսնելով հանդերձ նահանջը եւ տեղատուութիւնները, հոգեկան-ոգեկան խեղճացումը, որ ժամանակ մըն ալ կրնայ տեւել բեւեռային արշալոյսներու ճառագայթներու խաղի շլացումով, «ազգային» համարուած յուզումներու խաղին մէջ:
Այս վերաբերումները նահանջ եւ լքում են, բնականօրէն կ՛առաջնորդեն հայրենադարձութեան մերժումի, որ հակասութիւնն է շաբաթավերջի հայրենասիրական յուզումներու-զեղումներու, խրախճանքներու եւ ճառ-կարգախօսներու: Պէտք է կարենալ նկրտիլ եւ երբեմն իրատես ըլլալ ոչ թէ քարոզչական կամ տպաւորելու ճապկումներով: Պէտք է լսել ոչ թէ բջիջներու պատկերներէ տեսութեան վերածուած ժողովուրդը, այլ անհատները` իրենց արտայայտութիւններով եւ ընտրանքներով:
Հալէպի հայ համայնքէն երիտասարդ մը դիմած է երէցի մը խորհուրդին` Քանատա գաղթելու մասին: Հայկական վարժարան յաճախած, արհեստաւոր, հայախօս, միութիւններու մէջ գործած եւ գործող «չօտարացած» երիտասարդ մը: Երէցը, որուն խորհուրդին դիմած է երիտասարդը, անոր թելադրած է Հայաստան երթալ, եւ հոն հաստատուիլ, հոն շարունակել իր կեանքը, օգտակար ըլլալ նաեւ հայրենիքին:
Պատասխան. «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի»:
Մի՞թէ չենք սորվեցուցած, որ պէտք չէ ակնկալել, որ հայրենիքը տայ, այլ մտածել` թէ մենք ի՛նչ կրնանք տալ հայրենիքին: Իսկ այս «տալ»-ը չի սահմանափակուիր «թելեթոն»-ներու խիղճ հանդարտեցնող եւ փառասիրութիւն հովահարող թմբկահարումներուն մէջ: Ուրեմն, մեր զգացական աղմկարարութիւնները նմանած են ժայռի վրայ ինկող անձրեւի կաթիլի: Ինչո՞ւ այդպէս պիտի չըլլար: «Լսող»-ները վարժեցուցինք ծափահարելու, երբ բարձրախօսներէն հնչեցուցինք գովերգանք, թէ այս կամ այն շնորհալին «ֆրանսերէնը ֆրանսացիէն լաւ կը խօսի, անգլերէնը անգլիացիէն եւ ամերիկացիէն լաւ կը խօսի, արաբերէնը արաբէն լաւ կը խօսի»: Օտարագիր հեղինակը երբ կուռքի կը վերածենք եւ քաղաքէ քաղաք կը պտտցնենք, եւ հայագիր հեղինակը կը մոռնանք մուտքի դրան ետին, պէտք չէ զարմանալ, երբ ճառերու հակառակը լսուի:
Երբ հոգեկան-ոգեկան չափանիշները կը խախտին, բնական կ՛ըլլայ լսել հարցումը` «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի», կամ` «Ինչների՞ս է պէտք հայերէնը»… Լսել նաեւ հայ մամուլին մէջ արձագանգող հայրենամերձ գօտիէն, Հայաստանի փոխարէն, հեռաւոր աշխարհ գաղթողի խօսքը, թէ` «դրախտը գտած է»…
Ան ո՞վ էր երգած էր… «Հայաստա՛ն, երկի՛ր դրախտավայր…», եւ այդ երիտասարդը լսած էր եւ` ծափահարած:
Այս` ներսը եւ դուրսը: Պարոյր Սեւակի եւ Չարենցի տողերը լսած ենք, ծափահարած, բայց կ՛արտագաղթենք, կը մտածենք, թէ` «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի»… Երբեմն կը յիշեմ եւ կը յիշեցնեմ Հայաստանի ուսանողուհիին խօսքը, թէ` «Ինչների՞ս է պէտք հայերէնը»: Եթէ այս է պատկերը «հայ կեանք»-ին, հարց պէտք է տալ, թէ վերականգնում կարելի՞ է, ո՞վ պիտի կատարէ այդ վերականգնումը, քանի որ այդ վերականգնումը չէ եղած, եւ` ինչպէ՞ս:
Կրկնե՞նք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին խօսքը. «Վաղը միշտ ուշ է»:
Վաղը ուշ է հայրենադարձութեան համար, հայրենատիրութեան համար:
Հալէպի համայնքի զաւակ` ծառայած եւ ցարդ հաւատաւոր հայ երիտասարդը պիտի տեսնէ՞ այս տողերը:
Պիտի տեսնե՞ն նաեւ անոնք, որոնք հայրենադարձութեան որպէս չափանիշ կ՛ընդունին կենսամակարդակը, ապահովութիւնը` ափ առնելու համար «հրեշտակաց» Լոս, Թորոնթօ, Սիտնի, Շանկհայ:
Պիտի պատահի՞, որ հրաշք օր մը հասցէները ճշդուին այս տեղատուութիւնները շաբաթավերջի զբաղում համարող եւ բառերով զուարճացած եւ զուարճացող նաւավարներուն: Այսինքն` տեղատուութիւնները տնտեսածներուն եւ յաւերժացող տնտեսողներուն:
Հայրենալքում-արտագաղթը եւ ճառերը դատափետող հայրենադարձութեան բացակայութիւնը պատասխանատուներ ունի, եւ ազգավնաս է ճկոյթի ետին թաքնուիլ եւ արդարանալ:
Գերմանիան կամ Քանատան աշխատողներու պէտք ունի: Օտարը պիտի չըսէ, բայց գէթ մենք թերթերէն, բեմերէն եւ ամպագորգոռ ժողովներու ընթացքին պիտի չըսե՞նք (չըսէի՞նք), որ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔն ալ իր զաւակներու ուժին եւ աշխատուժին պէտք ունի:
Հայրենադարձութեամբ ուժ` ամրանալու, տոկալու եւ տեւելու համար, ընթացք, որ տարբեր է հեռուն նստածի բարեսիրութենէն, բարձրախօսային աղմուկէն, բեմերէն փոշի հանող պարերէն եւ «տուրիստ»-ական արձակուրդ մը տեւող յուզումներէն:
Բայց ինչպէ՞ս այս ընել, երբ որդ ինկած է, որ երիտասարդին ըսել կու տայ, թէ` «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի»…
Հայաստանը պիտի տայ շարունակելու, շարունակութիւն եւ յարգելի ըլլալու ազնիւ հպարտութիւնը:
16 յունուար 2016, Նուազի-լը-Կրան