Յօդուածներ

Մեր Փրկութեան Իրական Տօնը

Հրաշափառ Յարութեան Նորոգող Զօրութիւնը

«Առաքեալները մեծ զօրութեամբ վկայ էին Տէր Յիսուսի յարութեան:  Անոնց ամէնուն վրայ մեծ շնորհք կար»: (Գործ 4.33) Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը նոր յոյսով եւ նորոգուած զօրութեամբ լեցուց Անոր աշակերտները:  Խաչին պատճառած յուսահատութենէն եւ վախէն ետք, կարելի միակ ընթացքը եւ վարմունքը առաքեալներուն համար, թաքնուիլը կամ փախուստ տալն էր. սակայն անոնք տեսած էին յարուցեալ Յիսուսը եւ դարձած Անոր վկաները: Վկաներ, որոնք ոչ...

Սերժիկը

Սերժիկը

Մարտ 26-ի առաւօտուն Սերժիկ ընկերոջ մը հետ սուրճ խմելու կ՛երթայ ծանօթ ազգայինի մը ատաղձագործարանը: Կը տեսնէ երկար ձեւով ձեռնառումբ մը, կը հետաքրքրուի, ձեռքը կ՛առնէ, լաւ մը կը քննէ, ապա կը ժպտի: Ժպտիլը նշան էր, որ հաւնած էր ապրանքը: Գործատէրը տեսնելով Սերժիկին հետաքրքրութիւնը եւ հիացումը` կ՛առաջարկէ, որ հետը վերցնէ: - Ա՛ռ, տա՛ր, ինձմէ նուէր թող ըլլայ քեզի: Սերժիկ, ձեռնառումբը առած` ուրախ...

Նահատակութեան 40-Ամեակ.  Ասպետական Ուխտաւորին Կարօտի Երգը (Սերժ Թովմասեանին)

Նահատակութեան 40-Ամեակ. Ասպետական Ուխտաւորին Կարօտի Երգը (Սերժ Թովմասեանին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Սովորական, փառաբանող, զգացումներ շոյող, ժամանակաւոր, ինքնագոհ եւ ընթացիկ երգի մը մասին չէ խօսքը, այլ անիկա կեանքով, քրտինքով, արեամբ ու զոհողութեամբ շաղախուած համանուագ մըն է: Այո՛, անանձնականութեան եւ նուիրումի կեանքի համանուագ (life symphony): Գաղափարի ասպետներու նուիրուած կարօտի երգ մըն է անիկա, որ չունի չափուած-ձեւուած խազեր, ենթակայ չէ տեսական օրինաչափութիւններու, ազատ է իր էութեամբ, չի հաւատար խաբուսիկ կանոններու, անկաշկանդ եւ...

Նահատակ Սերժ Թովմասեանի Նահատակութեան Գէորգ Գանտահարեանի Արտասանած Դամբանականը

Հոս կը հանգչի Սերժ Թովմասեանի մարմինը: Բայց մեր մէջ կը հանգչի Սերժ Թովմասեանի հոգեղէն մարմինը: Ու մեր հոգիներուն մէջ հանգչող Սերժը պիտի մնայ նախ եւ առաջ տիպարը համեստութեան: Այս առաքինութիւնը իր մէջ պատմուճան մը չէր, որուն աչքերուն տակէն հպարտութիւն կը տեսնուէր: Իր բջիջային կազմին, իր հոգեկան բաղադրութեան հիմնական մասն էր այդ: Համեստ էր ընկեր Սերժը. ամէն անգամ որ իր մասին...

«Վերամտածել Քաղաքացիական Առողջ Դաստիարակութեան Մասին» Թեմայով Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

«Վերամտածել Քաղաքացիական Առողջ Դաստիարակութեան Մասին» Թեմայով Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի, Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր սեմինար մը` «Վերամտածել քաղաքացիական առողջ դաստիարակութեան մասին» թեմայով: Սեմինարը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահէն ներս, հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան եւ Լիբանանի կենսոլորտի եւ արդարադատութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կրթական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու տնօրէններու, ներկայացուցիչներու, համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու: Սոյն սեմինարը...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը

  Յատկանշական ու իւրայատուկ ձեւով նշելու համար Հայ սկաուտի օրը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ծրագրեցին եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն հետ կազմակերպեցին զանազան աշխատանքներ, որոնք գործադրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու կողմէ, իրենց յայտագիրներու ընթացքին, փետրուարէն մարտ երկարող 3 շաբաթներու ընթացքին: Այս տարբեր բնոյթի աշխատանքները  կ՛ամփոփուէին «Հայ սկաուտ եմ ու հպարտ» լոզունգին տակ ու անոնց նպատակն էր ապահովել մասնակցութիւնը անխտիր բոլոր մասնաճիւղերու...

Պահելով Տրամաբանութիւնը

Պահելով Տրամաբանութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մալխասեան բառարանը «պատմագրութիւն» բառը կը բացատրէ երկու ձեւով. առաջին` պատմութիւն գրելը, ասպարէզ մը, որ կը պատկանի Հերոդոտոսի նման պատմագիրներու, եւ երկրորդ` գրուած պատմութիւնը: Սակայն իսկութեան մէջ ո՞վ է, որ կը գրէ պատմութիւնը: «Յաղթողները», կը պատասխանէ Նափոլէոն Պոնափարթ: Ուինսթըն Չըրչիլ այդ տեսակէտին համակարծիք ըլլալով` կը նշէ. «Պատմութիւնը ինծի նկատմամբ ազնիւ պիտի գտնուի, որովհետեւ մտադիր եմ զայն ես գրել»: Այս...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հարստանալ Քոնկրեսի Մէջ Եղած Ատեն Եւ Նոյնիսկ Թոշակի Անցնելէ Ետք…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Երկու շաբաթ առաջ գրած էի, որ նախկին քոնկրեսական Տեն Պըրթըն հրաժարական տուած է Ուաշինկթընի մէջ գործող ազրպէյճան-ամերիկեան դաշինքի նախագահի պաշտօնէն, քանի որ մէկ տարիէ ի վեր չէին վճարած իրեն... Դժուար է խղճալ մարդու մը, որ հաճոյքով անկողին մտած էր Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին հետ, այնքան ատեն որ վճարումը չէր դադրեցուած... Տարիներ շարունակ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրկին Սեղանի Վրայ Է… Արցախի Հիմնահարցը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Սեղանի Վրայ Է… Արցախի Հիմնահարցը

Ժամացոյցի դէմ մրցում մըն է, որ կը կատարուի Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ: Գաղտնի եւ դռնփակ հանդիպումներ... մէկ կողմէ` Մոսկուա- Երեւան եւ միւս կողմէն` Մոսկուա-Պաքու, եւ այդ ալ` քանի մը փուլով եւ տարբեր մակարդակի: Ի՞նչ է այս հանդիպումներուն մարաթոնին պատճառը, որուն մէջ երեք երկիրներն ալ առաջնահերթ դեր ունին: Առաջին հերթին, տեղին է ամփոփ կերպով ներկայացնել այս հանդիպումներու շարանին յայտագիրն ու խօսակցութիւններու միտք...

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Ներշնչման Աղբիւրներ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հենրիկ Մխիթարեան միջազգային ճանաչում նուաճած մարզիկ է ու հպարտութեան աղբիւր` ոչ միայն ոտնագնդակի սիրահարներուն համար: Մխիթարեանի երկրպագուներու շարքին եմ եւ կը գնահատեմ այս երիտասարդին ոչ միայն մարզական գերազանց վարպետութիւնը, այլեւ իր հայրենասիրութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր կատարած ազգօգուտ գործունէութեամբ դրսեւորուած: Մխիթարեան երեւոյթը, որուն կողքին նաեւ սկսած են փայլելու հայ այլ ֆութպոլիստներու անուններ, այդ մարզական ոլորտը աշխուժացնելու եւ...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Նշմար. Արամ Նահապետին Օրինակով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ իրլանտացի թատերագիր ու անհեթեթի թատրոնի ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչը` Սամուէլ Պեքեթ 1948-49 տարիներուն գրած չըլլար իր հռչակաւոր «Սպասելով Կոտոյին» գործը, վստահաբար այսօր պիտի գրէր «Վարձատրելով թուրք ոճրագործը» խորագրեալ գործ մը` ի տես այն այլանդակ զաւեշտներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Թուրքիա-Արեւմուտք «սիրաբանութեան» բեմին վրայ: Եւրոպայի ժողովուրդները հաւանաբար Պեքեթի մը պէտք ունին տեսնելու համար այն ահաւոր անհեթեթութիւնը, որ իրենց գրպաններուն հաշուոյն...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Ցրտահարութիւն Եւ Թրքական Բանջարեղէն

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Այս տարի գարունը շուտ ժամանեց Հայաստան: Փետրուարի վերջերուն արդէն իսկ եղանակը բաւականին մեղմացած էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ ուրախ էին, որ բնակարաններու ջեռուցման համար այլեւս մեծ գումարներ պիտի չվճարէին կազի եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւններուն: Ծառերն ալ սկսած էին ծաղկիլ` գարնանային ջերմ տրամադրութիւն տարածելով ամէնուր: Դժբախտաբար, սակայն, մարտի կէսերուն, եղանակը դարձեալ փոխուեցաւ, ու ցուրտի ալիք մը Հայաստան թափանցելով` Արարատեան դաշտի գիւղական...

Անի Քաղաքը Կը Յիշենք, Կը Պահանջենք

Անի Քաղաքը Կը Յիշենք, Կը Պահանջենք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը ընթացիկ ամսուան մէջ «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ը եւ Պի.Պի.Սի.-ն տարբեր յօդուածներով անդրադարձած են այժմ բռնագրաւեալ հայկական Անի քաղաքին: Պի.Պի.Սի.-ի կայքին մէջ 15 մարտ 2016-ին տպուած «Կայսրութիւնը, որ աշխարհը մոռցաւ» վերնագիրով յօդուածը (հեղինակ` Ժոզեֆ Ֆլահերթի) կը բովանդակէ բացառիկ գեղեցիկ նկարներ, որոնց ներքեւ հեղինակը ե՛ւ վաւերական բացատրութիւններ, ե՛ւ  իր անձնական տպաւորութիւնը կը յայտնէ: «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի մէջ հրատարակուած Փոլ...

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան տեղահանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան ապրի օտարութեան մէջ: Անմիջական ներգաղթի մը փորձերը յաջող աւարտ չունեցան: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ անոր արագ քայքայումը ստեղծեցին տարբեր իրավիճակներ, որոնց ընթացքին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին ճակատագիրը վերջնականապէս մնաց անորոշ: Բնական էր, գաղութներու կազմութիւնը եւ բարգաւաճումը նկատի ունենալով, որ դէպի երկիր Արեւմտահայաստան վերադարձը կը թուէր անկարելի, իսկ Հայաստանի վարչական մեքենան...

Կարծիքներ` Հայաստան Ներգաղթի Եւ Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծին Մասին

ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական էջ»-ի յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկերներ Արամ Սոմունճեանի, Նարէ Աղասարգիսեանի, Խաժակ Թապաքեանի, Շանթ Տերունեանի եւ Սէրուժ Կիտանեանի հետ` ներգաղթի ու արտագաղթի եւ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման նիւթերով : ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ.- (1) Ի՞նչ են այն գործօնները, որոնք պատնէշ կը կանգնին դէպի Հայաստան ներգաղթին: (2) Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Լիբանանէն արտագաղթը ինչպէ՞ս կը դիտես: ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ.-...

Մեղա՛յ Ամենասուրբ Երրորդութեան

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ «Մեղա՛յ չարաբանութեան լեզուիս, եղայ հրէշի փաստաբանը, սատանայի գործակալը: Պաշտպանեցի վատը, քաջալերեցի մոլարը, եղայ ականատես ու ձեռնածալ, արդարացուցի նենգ արարքը: Ես կուրացայ փառքին առջեւ, յանձնեցի հոգիս աղէտին: Կամքս չդիմադրեց խարդաւանանքի ուղիին: Զրպարտեցի ընդունակը, քանզի տեսլականի մէջ չէի, քարկոծեցի պարկեշտը, վասնզի կարող էի: Մեղա՛յ գողութեան ձեռաց` հեշտութեամբ կազմեցի հարստութիւն` մոռնալով, թէ ամէն հեքիաթ ունի վկայ եւ վերջաւորութիւն: Իւրացուցի հալալը, իւրացուցի...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Տեղեկատու

- Զաւարեան ուսանողական միութիւնը նախորդ քանի մը ամիսներուն ունեցաւ շարք մը զրոյցներ. - Թիւֆենքեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Անդրանիկ Գասպարեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` Միացեալ Նահանգներու մէջ 100-ամեակի աշխատանքները: - Գրագէտ Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` պոլսահայութիւնը: - Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ` Ալիոշա Գաբրիէլեանի հետ: - Չորեքշաբթի, 25...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրի Զատկուան Տօնակատարութիւն

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրի Զատկուան Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրի մայրերը իւրայատուկ կերպով նշեցին Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը: 162 մայրեր, ընկերակցութեամբ խումբի պատասխանատուներուն, առաջին հերթին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, որպէսզի մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը նշեն մեր ազգի տարեց մայրերուն եւ հայրերուն հետ միասին եւ միեւնոյն ժամանակ ստանան անոնց  օրհնութիւնն ու աղօթքները: Մայրերը ճոխ մթնոլորտի մէջ ուրախացուցին պատսպարեալները`...

«Ուրախալի Է, Որ Սփիւռքահայ Մեր Կառոյցներուն Մէջ Կայ Համազգայինի Նման Միութիւն Մը, Որ Լուրջ Արուեստ, Լուրջ Մշակոյթ Հետապնդող Է»   «Ազդակ»-ին Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

«Ուրախալի Է, Որ Սփիւռքահայ Մեր Կառոյցներուն Մէջ Կայ Համազգայինի Նման Միութիւն Մը, Որ Լուրջ Արուեստ, Լուրջ Մշակոյթ Հետապնդող Է» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. Այս ամսուան սկիզբը լիբանանահայութիւնը ուրախութիւնը ունեցաւ ըմբոշխնելու հայ աշուղական հարազատ երգն ու երաժշտութիւնը, որոնց լաւագոյն առաքեալները` «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթի անդամները Լիբանան այցելեցին, ներկայացուցին այն, որուն իսկական ծարաւը ունէր լիբանանահայը, որ ապրեցաւ հարազատութեամբ եւ վայելեց զայն: Բայց եւ այնպէս այս համոյթին ու յատկապէս անոր հիմնադիր փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեանի առաքելութիւնը աշուղական երգերը պահպանելու եւ զանոնք...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 22. Լիբանանեան Գրաւոր Մամուլը Մարտահրաւէրի Դիմաց

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Վերջին օրերուն լիբանանեան գրաւոր մամուլին մէջ մեծ պատմութիւն կերտած կարգ մը օրաթերթերու դիմագրաւած տնտեսական խոր տագնապը մեծ մտահոգութիւն յառաջացուցած է ժողովրդային եւ պետական շրջանակներու մէջ: Կառավարութեան նիստին, երկիրը տագնապեցնող այլ հարցերու կողքին, արծարծուած է նաեւ այս օրակարգը, եւ նոյնիսկ կառավարութիւնը յանձնառու եղած է հարցին լուծում ապահովելու ճիգերուն իր մասնակցութիւնը բերել: Թէ ինչքանո՞վ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը յաջողի այլ...

Page 949 of 1110 1 … 948 949 950 … 1,110

Արխիւներ