Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հարստանալ Քոնկրեսի Մէջ Եղած Ատեն Եւ Նոյնիսկ Թոշակի Անցնելէ Ետք…

Մարտ 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Երկու շաբաթ առաջ գրած էի, որ նախկին քոնկրեսական Տեն Պըրթըն հրաժարական տուած է Ուաշինկթընի մէջ գործող ազրպէյճան-ամերիկեան դաշինքի նախագահի պաշտօնէն, քանի որ մէկ տարիէ ի վեր չէին վճարած իրեն…

Դժուար է խղճալ մարդու մը, որ հաճոյքով անկողին մտած էր Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին հետ, այնքան ատեն որ վճարումը չէր դադրեցուած…

Տարիներ շարունակ Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ աջակցած են ամէն տեսակի ստուերային գործերու եւ օտար ու տեղական շահեր ներկայացնող խումբերու` ֆինանսական օգուտներ քաղելով ոչ միայն Քոնկրեսի մէջ իրենց  պաշտօնավարման ընթացքին, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է, եկամտաբեր լոպիստական աշխատանքի անցնելու պահուն` «հանրային ծառայութենէն» թոշակի անցնելէ ետք…

Անցեալ շաբաթ ընթերցողներէս մէկը ինծի ղրկեց հին յօդուած մը, որ կը բացայայտէր քոնկրեսական Տեն Պըրթընի գործունէութիւնը Քոնկրեսէն ներս առաջին 18 տարիներու ընթացքին` տակաւին չհաշուած անոր վերջին 12 տարիները` պաշտօնէն հեռանալէն առաջ… Դեկտեմբեր 2001-ին հրապարակուած «Տեն Պըրթընի կեղծաւորութիւնը» վերնագրով յօդուածին հեղինակը American Prospect Online-ի լրագրող Լինծի Սոպըլն է:

Որքան ալ տարօրինակ թուի, երբ Պըրթըն նախագահած է Ներկայացուցիչներու տան պետական բարեփոխումներու յանձնախումբին, ան «մեծ ծառայութիւններ մատուցած է նուիրատուներուն` ըստ Տը Հիլ-ի համակողմանի հետաքննութեան եւ այլ հրապարակումներու` 1997 եւ 1998 թուականներուն», գրած է Սոպըլ: Պըրթըն «հովանաւորած է յայտնի ահաբեկիչներ, մարդկային իրաւունքները ոտնահարողներ եւ բռնակալ մը»: Իբրեւ օրինակ` Սոպըլ կը մէջբերէ Պըրթընի խնդրանքը «Արտաքին գործոց նախարարութեան` Զայիրի նախկին բռնապետ Մոպութօ Սեսէ Սեքոյի Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր տալու մասին` Մոպութոյի ուաշինկթընեան լոպիստներէ հազարաւոր տոլարներու քարոզչական նուիրատուութիւններ եւ վարձատրութիւն ստանալէ ետք…:  Նուիրատուութիւններու ամբողջ ընթացքին Պըրթըն Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանդէս եկած է նաեւ Մոպութոն գովաբանող յայտարարութիւններով»:

Պըրթըն «նաեւ հազարաւոր տոլարներ գանձած է Թուրքիոյ մէջ գործառնական շահեր ունեցող մարդոցմէ` օրինական նուիրատուութիւններու անունով», հաղորդած է Սոպըլ: «Ատկէ ետք ան Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, զոր արտագրած էր թուրք պետական պաշտօնեայէ մը: Այդ յայտարարութիւնը կը պաշտպանէր Թուրքիան` ապացուցուած մեղադրանքներէ, ըստ որոնց,  թրքական կառավարութիւնը մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ կատարած է քիւրտերու հանդէպ: 1996-ին Պըրթըն հանդէս եկաւ մէկ այլ յայտարարութեամբ, որ ըստ The Los Angeles Times-ի, գրեթէ ամբողջութեամբ կը կրկնէր այն նիւթերը, զորս Թուրքիոյ լոպիստական ընկերութիւնը բաժնած էր Քոնկրեսի անդամներուն: Պըրթըն ինքզինք կ՛անուանէ մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպան, սակայն Թուրքիոյ դաշնակիցներէն վճարումներ ստանալէ ետք ան բազմաթիւ առիթներով կը պաշտպանէր տուեալ երկրի կառավարութիւնը` հակառակ այն հանգամանքին, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ բազմաթիւ միջազգային իրաւապաշտպան խումբեր լուրջ մեղադրանքներ ներկայացուցած էին Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ»:

Սոպըլ նաեւ հաղորդած է, որ Պըրթըն «Պահպանողական ազատութեան միջազգային հիմնադրամին կողմէ իրականացուած ծրագիրներուն մէջ ներգրաւուած է: Հետագային հետաքննութիւնները ցոյց տուին, որ Հարաւային Ափրիկէի խտրականութեան կառավարութիւնը ֆինանսաւորած է հիմնադրամը` խտրականութեան աջակցութիւնը արտերկրի մէջ ընդլայնելու եւ Նելսըն Մանտելայի Ափրիկեան ազգային քոնկրեսը վարկաբեկելու նպատակով»:

«Մէկ այլ պարագայի, Պըրթըն միջամտած է կրթութեան նախարարութեան գործերուն մէջ քարոզարշաւի նուիրատուի մը օգտին, որ ըստ Roll Call-ի, բժշկական դպրոց ունի Քարայիպեան կղզիներուն մէջ: Ծառայութիւնը մատուցելէ անմիջապէս ետք Պըրթըն հարցուցած էր իր նուիրատուին, թէ արդեօ՞ք իր դուստրը կրնայ դիմել նշեալ դպրոցին առընթեր անասնաբուժական ծրագրին»:

Սոպըլի հետազօտութիւնը Պըրթընի մասին ցոյց կու տայ, որ վերջինս «գտնուած է նաեւ այլ խառն գործերու մէջ: Օրինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոն (FBI) հետաքննած է մեղադրանքները այն մասին, որ Պըրթըն Փաքիստանի մէկ լոպիստէ պահանջած է կա՛մ վճարել 5 հազար տոլար` իր կատարելիք քարոզարշաւին համար, կա՛մ հեռանալ Պըրթընի գրասենեակէն: (Պըրթըն խոստովանած է լոպիստին հետ ունեցած հանդիպման մասին, սակայն հերքած է զայն ճնշելու փաստը): Բացի այդ, The Hill կը տեղեկացնէ, որ Պըրթըն իր քրէական գործերով զբաղող փաստաբանին 25 հազար տոլար վճարած է ոչ թէ անձնական, այլ իր քարոզարշաւի գումարներէն: Նաեւ, ըստ The Hill-ի, Պըրթըն ապօրինի նուիրատուութիւններ ստացած է խումբէ մը, որուն հինգ հիմնադիր կազմակերպութիւնները արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ընդունուած են իբրեւ սիխական ահաբեկչական խումբեր: Պըրթըն պաշտպանած է խումբին նպատակը` Հնդկաստանի մէջ սիխական ինքնավար հայրենիք հաստատելը»:

Ցաւօք, Պըրթըն բացառութիւն չէ Ուաշինկթընի մէջ: Անոր նման շատեր կան Քոնկրեսի մէջ եւ անկէ դուրս: Հետեւաբար խիստ կարեւոր է ստեղծել ամերիկահայ դիտորդական խումբ մը, որ  պիտի հետապնդէ դրամական հաշիւները այն բոլոր ընտրուած պաշտօնեաներուն, որոնք հետեւողականօրէն դէմ կը քուէարկեն հայկական հարցերուն եւ կը սատարեն Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ: Այս երկու երկիրները մարդկային իրաւանց բնագաւառէն ներս այնքան վատ համբաւ ունին, որ զանոնք պաշտպանելու միակ դրդապատճառը դրամ շահիլն է քաղաքական գործիչներու համար` Քոնկրեսէն ներս ծառայութեան մէջ գտնուած ընթացքին կամ թոշակի անցնելէ ետք, իսկ աւելի յաճախ` երկու պարագաներուն ալ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Սեդա Գրիգորեան

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Սեղանի Վրայ Է… Արցախի Հիմնահարցը

Յաջորդը

Պահելով Տրամաբանութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?