Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաշափառ Յարութեան Նորոգող Զօրութիւնը

Մարտ 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առաքեալները մեծ զօրութեամբ
վկայ էին Տէր Յիսուսի յարութեան: 
Անոնց ամէնուն վրայ մեծ շնորհք կար»:
(Գործ 4.33)

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը նոր յոյսով եւ նորոգուած զօրութեամբ լեցուց Անոր աշակերտները:  Խաչին պատճառած յուսահատութենէն եւ վախէն ետք, կարելի միակ ընթացքը եւ վարմունքը առաքեալներուն համար, թաքնուիլը կամ փախուստ տալն էր. սակայն անոնք տեսած էին յարուցեալ Յիսուսը եւ դարձած Անոր վկաները: Վկաներ, որոնք ոչ միայն անոր գործերուն մասին կը խօսէին իբրեւ անցեալի դէպքերու ականատեսներ, այլ` Անոր յարութիւն առած ըլլալը, Անոր ներկայ ըլլալը կը պատմէին բոլորին: Անոնք ականատեսներն էին ոչ միայն Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւն առած ըլլալուն, այլեւ Իր յարուցեալ էութիւնը իրենց մէջ ներգործելու Անոր իշխանութեան, զոր Ան յայտնած էր Իր հրաշափառ յարութեամբ:  «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի եւ երկրի մէջ», ըսած էր Ան իրենց (Մատթ. 28.18):

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնը կը նշենք, սակայն Անոր ներկայութեան եւ իշխանութեան զօրութիւնը չենք ապրիր սովորաբար:  Ներկայութիւն եւ իշխանութիւն, որոնք պիտի զօրացնեն մեզ կեանքին մէջ` աշխարհին դիմաց, եւ պիտի նորոգեն մեզ այնպէս, որ մեր շուրջ տարածուած եւ տակաւ արմատացող ինկած վիճակները չտիրեն մեզի եւ չընկճեն մեզ: Իբրեւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ կ՛ըսենք, թէ վկաներն ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան, սակայն մեր վկայութեան մէջ կը պակսի կեանքի եւ խօսքի ազդեցիկ համադրումը, որ մեր վկայի արժանահաւատութիւնն իսկ է. յարութեան յաղթանակին մասին կը խօսինք, սակայն մահուան եւ անոր միջոցներուն դիմաց` կեանքի մեր ներուժը կը կորսնցնենք:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեզ դարձեալ կը հրաւիրէ «կեանքին» վկաները ըլլալու, նորոգելու Անոր յարութեան վկայ ըլլալու մեր առանձնաշնորհը:  Վկան ան է, որ դէպքի մը ականատեսը, մասնակիցը եւ ներկայացնողն է:

Եթէ դէպքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնն է պարզապէս, ապա մենք անոր ականատեսները կ՛ըլլանք տարբեր իմաստով միայն, քանի որ կ՛ապրինք դէպքէն դարեր ետք: Տէր Յիսուսը մարմնով չենք տեսած, սակայն, եթէ իսկական դէպքը Յարուցեալին մեզի հետ ներկայութիւնը եւ մեզի շնորհած կեանքի որակն ու ներուժն է, ապա մենք վաւերական ականատեսներն ենք Անոր յարութեան:   Ան Իր ներկայութեամբ կը նորոգէ մեր ականատեսի փորձառութիւնը` ամէն օր մեզի տալով նոր հաւատք, նոր օրհնութիւն եւ նոր շնորհք մեր կեանքին համար:

Եթէ մեր շրջապատի կեանքին մասնակիցները դառնանք մեր ապրած ժամանակին մէջ, մենք մեր ներդրումը կը բերենք մեր շրջապատին, կեանքի նորոգուող որակով: Երբ կ՛ապրինք Յարուցեալին մեզի շնորհած յոյսով` մասնակից կը դառնանք յարութեան կեանքին, եւ չենք պարտուիր աշխարհին մեզի պատճառած ցաւերէն կամ կորուստներէն:  Յարուցեալին զօրութեամբ կը յաղթենք նոյնիսկ մահուան վախին:  Այդպէս, զօրութեամբ կ՛ըլլայ մեր վկայութիւնը, նաեւ մեր շրջապատը կը քաջալերենք եւ մասնակից կը դարձնենք յարութեան զօրութեան:

Եթէ այս հաւատքով ականատեսը եւ մասնակիցը ըլլանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան` ապա զԱնիկա աշխարհին կը ներկայացնենք ի՛րապէս:  Խօսքով եւ կեանքով կը ներկայացնենք Յարուցեալին «կեանքը», եւ այդպէս` իրական կը դառնայ յարութեան զօրութիւնը աշխարհի մէջ, մեր շրջապատէն սկսեալ: Ասիկա մեծագոյն հրաւէրն է մարդուն` «կեանքին» համար: Երբ անսանք այս հրաւէրին` այն ատեն մեր անշնորհք վիճակներէն պիտի անցնինք Անոր շնորհքին առաւելութեան:

«Ու դուք էք այս բաներուն վկաները», կ՛ըսէ Յարուցեալ Փրկիչը իր աշակերտներուն (Ղուկ. 24.48): Թող Տէրը շնորհք աւելցնէ շնորհքի տեղ, որպէսզի Յարուցեալին վկաները ըլլանք զօրութեամբ` «կեանքին» համար:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՀԱԵՄ-Ի

Մարտ 2016

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Յարուցեալ Քրիստոսը Կը Հրաւիրէ Մեզ Ընտրելու Նոր Կենսակերպ Մը` Իր Սիրոյն Եւ Հաւատքին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?