Յօդուածներ

Նշմար.  Վերջին Գամը

Նշմար. Վերջին Գամը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 29 մարտին ձեռնարկեց Միացեալ Նահանգներ այցելութեան մը, որուն պաշտօնական նպատակը Ուաշինկթընի մէջ հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան նուիրուած վեհաժողովին մասնակցութիւնն է: Սակայն մինչեւ 2 ապրիլ երկարող այցելութեան իսկական նպատակը Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար անոր նախագահի վարկին բարելաւումն է: Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան իսկական նպատակը այժմէն իսկ կարելի է ձախողած նկատել: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Մարտ 1920. Ազրպէյճանի Հայասպանական Ծրագիրը Եւ Արցախի Հայութեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մարտ 22-ը, 96 տարի առաջ, սեւ ու կարմիր թանձր գոյներով յատկանշուած ողբերգական տարեթիւ մը դարձաւ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի երկարամեայ պատմութեան մէջ: 22 մարտ 1920-ին Արցախի հայութիւնը ընդհանուր զինեալ ապստամբութեան դրօշ պարզեց մուսաւաթական Ազրպէյճանի դէմ, որ աչքերը յառած Թուրքիոյ եւ համաթրքական հին ու նոր ցնորքին անձնատուր` անգամ մը եւս ձեռնարկած էր հայութիւնը իր հայրենի բնօրրանէն տեղահանելու եւ ազգային...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Թուրքիա Դարձեա՛լ «Կը Վրիպի» Արեւմուտքի Տեսադաշտէն (Այս Անգամ… Պրիւքսէլի Հարցով)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Համաշխարհային տպագիր, եթերային եւ ելեկտրոնային մամուլը կը յորդի Պրիւքսէլի վերջին ոճրային դէպքերուն մասին տեղեկութիւններով, վերլուծումներով եւ «վերլուծումներով»: Կան երկու ուշագրաւ արարներ, զորս անհրաժեշտ է քով-քովի բերել, որպէսզի պատկերը աւելի յստականայ: Արար առաջին: Դէպքէն մէկ օր ետք հետեւեալ ուշագրաւ լուրը հաղորդուեցաւ. ուրեմն, ոճրային արարքի ենթադրեալ հեղինակներէն մէկը` Իպրահիմ Պահրաուի անունով, ամիսներ առաջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ մէջ, երբ, ըստ թրքական...

Մարդն Ու Երաժշտութիւնը

Մարդն Ու Երաժշտութիւնը

ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ Երաժշտութիւնը շփման համամարդկային  լեզու է:  Դժուար է պատկերացնել մարդու կեանքն առանց երաժշտութեան, քանի որ այն արտայայտում է մարդկային ամենավեհ զգացումներն ու ամենանուրբ ապրումները: Այն ձեւաւորում է մարդու ներաշխարհը, ճաշակը, օգնում` ճիշդ գնահատելու իրադարձութիւնները: Մարդու հոգեվիճակի, ինչպէս նաեւ առողջութեան եւ երաժշտութեան փոխներգործման հարցերը փիլիսոփաների ուշադրութեանն են արժանացել քաղաքակրթութեան  հնագոյն այնպիսի կենտրոններում, ինչպիսիք էին` Հին Յունաստանը, Եգիպտոսը, Հռոմը, Չինաստանը եւ...

Դժուար Ժամանակներ.  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայ Համայնքները Հին Ու Նոր Մարտահրաւէրներու Առջեւ….

Դժուար Ժամանակներ. Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայ Համայնքները Հին Ու Նոր Մարտահրաւէրներու Առջեւ….

Տոքթ. Նիքոլա Միլիորինօ Ռաֆայել Գրիգորեան 8 փետրուար 2016-ին Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները: Այս նիւթին անդրադառնալը անխուսափելի է` նկատի առնելով Միջին Արեւելիքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ տիրող վերջին տարիներու ճգնաժամը: Լիբանան եւ Սուրիա բնակող հայ համայնքները վտանգի տակ են, հետեւաբար անոնց պատմութեան եւ ինքնութեան ծանօթանալը կենսական է, որպէսզի անոնց մշակոյթն ու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արարատի Մարզպետարանին Կը Յատկացուի 11 Միլիոն Դրամ Հայաստանի Արարատի մարզի Դիտակ համայնքի մանկապարտէզի օժանդակութեան նպատակով կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն Արարատի մարզպետարանին պիտի յատկացուի 11 միլիոն դրամ: Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան նշած է, որ «Հայ կանայք յանուն առողջութեան եւ առողջ շրջակայ միջավայրի» հասարակական կազմակերպութիւնը զուիցերիական «Սուրի վեր լ՛աւընիր» հիմնադրամին տրամադրած ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ Դիտակ շրջանին...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ղարաբաղը Հայաստանի Վերամիացնելու Պահանջ Կիրովապատի Եւ Նախիջեւանի Հայերուն Բռնագաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լեռնային Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը կը մնար պահանջատիրական պատնէշի վրայ, մինչ կը բազմանային ճնշումները` ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան վրայ: Միաժամանակ, 1988 յունիս 24-էն սկսեալ միջադէպեր արձանագրուեցան Երեւանի հարաւը, հայերու եւ ազերիներու միջեւ: Նոյն օրերուն հազարաւոր ազերիներ խոյս տուին Հայաստանէն եւ Ազրպէյճան ու Լեռնային Ղարաբաղ փոխադրուեցան, փոխադարձաբար ալ հազարաւոր հայեր Ազրպէյճանէն հեռանալով Հայաստան փոխադրուեցան: Պաքուի հայերուն վրայ ճնշումները սաստկացան: Պաքուցի հայեր...

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապներու Լուծման Բանալին Էլիզապէթ Ռիչըրտի՞ Մօտ Կը Գտնուի

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապներու Լուծման Բանալին Էլիզապէթ Ռիչըրտի՞ Մօտ Կը Գտնուի

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտ Վերջերս Լիբանան վերածուած է ուխտավայրի մը, ուր կ՛այցելեն օտար դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին: Կը նախատեսուի, որ անոնց վրայ աւելնայ նաեւ ֆրանսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ պիտի ընդգծէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Անկախ...

Կարօ Յովհաննէսեանի Պարգեւատրումի Հանդիսութեան Նազարէթ Պէրպէրեանի Արտասանած Խօսքը

Կարօ Յովհաննէսեանի Պարգեւատրումի Հանդիսութեան Նազարէթ Պէրպէրեանի Արտասանած Խօսքը

Կարօ Յովհաննէսեան` Մտաւորականը Եւ Խմբագիրը Նշումներ Եւ Ընդգծումներ Վեհափառ հայրապետը տաղանդը ունի եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու եւ զայն աշխուժ պահելու լուսաւորող փարոսի առաքելութեան մէջ` մեր ժողովուրդի կեանքն ու հաւաքական երթը հունաւորելով: Այսօրուան մեր հաւաքը խօսուն ապացոյց է: Վեհափառ հայրապետը այսօր կ՛արժեւորէ ազգային, մտաւորական եւ մանկավարժական ծառայութիւնը Կարօ Յովհաննէսեանի` հայ մտքի արժանաւոր այս մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով:...

Պատմութեան Նենգափոխման Գիտակցուած Ու Չգիտակցուած Փորձերը

Պատմութեան Նենգափոխման Գիտակցուած Ու Չգիտակցուած Փորձերը

ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆ 2016 թ. մարտի 15-ին լրացաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ, 1921 թ. մարտի 15-ին Պերլինում յեղափոխական մահապատժի ենթարկուած, Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշայի սպանութեան 95-ամեակը: Հայաստանեան որոշ լրատուամիջոցներ` հեռուստաընկերութիւններ թէ կայքէջեր, անդրադարձան այս իրադարձութեանը: Սակայն այս պարագայում եւս, ինչպէս շատ ու շատ այլ պարագաներում, նկատւում է գիտակցուած կամ չգիտակցուած, միտումնաւոր կամ պատահական ապատեղեկատւութիւն, որը խեղաթիւրում է իրականութիւնը եւ հանրութեանը,...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Եթէ Նորմալ Հայ Ես…

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Բարձր պաշտօնեաներու հոսքը, մեր անկախ հանրապետութիւններուն պարագային, ընդհանրապէս եղած է Ստեփանակերտէն Երեւան: Ռոպերթ Քոչարեանի Երեւան փոխադրութիւնը ու անոր Հայաստանի վարչապետ, ապա նախագահ դառնալու փաստը այնպիսի՛ նախընթաց մը ստեղծեց, որ անկէ ետք նմանօրինակ հոսքեր բնական եւ նոյնիսկ ակնկալելի երեւոյթ կը նկատուին: Արցախի վարչապետներէն մէկը (Լէոնարդ Պետրոսեան) կը դառնայ Հայաստանի կառավարութեան անդամ, արտաքին գործոց նախարարը (Նայիրա Մելքումեան) կը դառնայ «Հայաստան»...

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

 Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխման գործընթացը սկսած է: Անցեալ 6 դեկտեմբեր 2015-ի ժողովրդային հանրաքուէով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկիրի կիսանախագահական վարչակարգէն հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու ի նպաստ քուէարկած է մասնակցողներուն 63,4 տոկոսը: Հետեւաբար անցումի գործընթացը ծայր առած է, եւ անցումը իր բնոյթով անկասկած որ համակարգային է: Նման իրադարձութիւն եւ հեռանկար որեւէ երկրի ու հասարակութեան համար քաղաքական գործընթացի...

«Լսէ՛, Անմի՛Տ…». Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

«Լսէ՛, Անմի՛Տ…». Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Քա՛ւ լիցի, որ անձնապէս յանդգնութիւն ունենանք սոյն յանդիմանական բառերով դիմելու մեր հաւատաւոր ընթերցողներուն: Որքան ալ Սուրբ Հոգիէն ստացած ըլլանք մեր բանաւոր հօտին զգօն ու զգաստ դէտը եւ բարի հովիւը ըլլալու շնորհքն ու առաքելութիւնը, չենք արտօներ մեզի նման վարմունք: Պօղոս առաքեալին հեղինակաւոր գրիչին կարմիր թանաքով արձանագրուած եւ շեշտադրուած բառեր են ասոնք, որոնք թերահաւատութեան անորոշութեան մէջ տուայտողները կը սաստեն`...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ինչպէս Արցախը Խորհրդարանականից Դարձաւ Նախագահական

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը մարտի 21-ին ստորագրել է հրամանագիր` ԼՂՀ նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումների մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Յանձնաժողովը, որ գլխաւորում է Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պէտք է մինչեւ մայիսի 1-ը ներկայացնի սահմանադրական բարեփոխումների հայեցակարգը, որին հաւանութիւն տրուելուց յետոյ, մինչեւ սեպտեմբերի 10-ը, պէտք է մշակի եւ նախագահին ներկայացնի սահմանադրական բարեփոխումների նախագիծը: Եթէ աւելի հասկանալի լեզուով խօսենք, Արցախը,...

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբի «Կատակը Ցոյց Կու Տայ Հոգիին Յատակը» Կատակերգութիւնը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբի «Կատակը Ցոյց Կու Տայ Հոգիին Յատակը» Կատակերգութիւնը

«Թատրոնի Մէջ Կան Անփոխարինելի Արժէքներ, Որոնք Կարելի Է Կիրարկել Նաեւ Կեանքի Մէջ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան Ուրբաթ,  1 ապրիլ 2016-ին, կատակի միջազգային օրը բեմ կը բարձրանայ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի 17-ամեայ թատերախումբը` ներկայացնելով «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» կատակերգութիւնը` հեղինակութեամբ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Անցնող տարիներուն «Երազ»-ը բազմաթիւ ներկայացումներով հանդէս եկած է Պէյրութի, Այնճարի, Հալէպի, Դամասկոսի...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը.  Քրիստոսի Աւետարանը Յարութեան Աւետարանն Է

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Աւետարանը Յարութեան Աւետարանն Է

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Յարեար ի մեռելոց Քրիստոս, Այսօր զդժոխս աւերեալ, Եւ կենդանութիւն պարգեւեցեր Արարածոց քոյով յարութեամբդ» (Շարական): Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ Մեր ի Հայաստան, Արցախ եւ ի Սփիւռս, Այսօր` Սուրբ Յարութեան բերկրալի տօնին, շարականագրի խօսքերով փառաբանում ենք մեր Տիրոջն ու Փրկչին, որ յարութիւն առաւ մեռեալներից, աւերեց դժոխքը եւ Իր յարութեամբ արարածներին կենդանութիւն պարգեւեց: Քրիստոսի յարութիւնը մահուան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը.   Յարուցեալ Քրիստոս` Կեանքի Դուռը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Յարուցեալ Քրիստոս` Կեանքի Դուռը

Հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներէն` Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Արեւագալի ժամերգութեան յատուկ իր յօրինած յորդորակին մէջ Քրիստոսը կը ներկայացնէ իբրեւ Կեանքի Դուռը: Արդարեւ, իր ապրած մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքով մարդը մոռցած էր կեանքի ճշմարիտ աղբիւրը` Աստուած: Աշխարհի փառքով ու հաճոյքով իր կեանքը լեցուցած մարդը մոռցած էր կեանքի պարգեւիչը` Աստուած: Իր կեանքին իմաստն ու նպատակը իր անձը միայն նկատող մարդը մոռցած էր, թէ...

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Զատկուան Պատգամը.  Մեր Հաւատքին Հիմը` Յարութիւնը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Զատկուան Պատգամը. Մեր Հաւատքին Հիմը` Յարութիւնը

«Եթէ յարութիւն առած չըլլար...» Երկու հազար տարիէ ի վեր կ՛աւետենք եւ կը յիշատակենք դէպք մը, որուն նմանը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ. Քրիստոսի յարութիւնը: Այդ դէպքը սակայն լոկ յիշատակութիւն չէ, որեւէ այլ պատմական դէպքի նման` օր մը պատահած եւ ապա անհետացած անցեալի մշուշին կամ պատմութեան էջերուն մէջ: Յարութիւնը ոգեկոչո՛ւմն է վերապրումին անձի մը, որ եկած է աշխարհ` ապրելու, մեռնելու եւ...

Յարութեամբն Իւրով Մեզ  Զկեանս Պարգեւեաց

Յարութեամբն Իւրով Մեզ Զկեանս Պարգեւեաց

Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք ամենակալին Աստուծոյ, որ ահաւասիկ, զատկական ոգեւոր մթնոլորտի մէջ, առիթ կ՛ընծայէ մեզի դարձեալ մեր հայրերուն պայծառ հաւատքով ըսելու. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»: Համաձայն աւետարանական վկայութեան, իր յարութենէն ետք, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նախ երեւցաւ իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք, իրենց հալածական, յուսալքուած ու անկեալ վիճակին մէջ, զգան ու...

Յարուցեալ Քրիստոսը Կը Հրաւիրէ Մեզ Ընտրելու  Նոր Կենսակերպ Մը`  Իր Սիրոյն Եւ Հաւատքին Մէջ

Յարուցեալ Քրիստոսը Կը Հրաւիրէ Մեզ Ընտրելու Նոր Կենսակերպ Մը` Իր Սիրոյն Եւ Հաւատքին Մէջ

Ծոմապահութեան քառասուն օրերէն ետք,  այսօր կը տօնակատարենք Յիսուսի հրաշափառ յարութիւնը,  տօն մը, որ վերանորոգ տրամադրութեամբ կը նշենք ամէն տարի: Զատիկը իմաստալից օր մըն է մեզի` քրիստոնեաներուս համար, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ  անցքը մեղքէն դէպի ապաշխարութիւն, մահէն դէպի յարութիւն, խաւարէն դէպի լոյս: Այս օրը մեզի կը յիշեցնէ Մովսէսի օրերը, երբ հրեաները Կարմիր ծովը կտրելով ազատեցան եգիպտացիներու ստրկութենէն: Այս առաւօտեան տօնակատարումով`  մենք...

Page 948 of 1110 1 … 947 948 949 … 1,110

Արխիւներ