Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակ Սերժ Թովմասեանի Նահատակութեան Գէորգ Գանտահարեանի Արտասանած Դամբանականը

Մարտ 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոս կը հանգչի Սերժ Թովմասեանի մարմինը: Բայց մեր մէջ կը հանգչի Սերժ Թովմասեանի հոգեղէն մարմինը:

Ու մեր հոգիներուն մէջ հանգչող Սերժը պիտի մնայ նախ եւ առաջ տիպարը համեստութեան: Այս առաքինութիւնը իր մէջ պատմուճան մը չէր, որուն աչքերուն տակէն հպարտութիւն կը տեսնուէր: Իր բջիջային կազմին, իր հոգեկան բաղադրութեան հիմնական մասն էր այդ: Համեստ էր ընկեր Սերժը. ամէն անգամ որ իր մասին գովասանական արտայայտութիւն մը լսէր, կարծես կ՛ամչնար, որ իր մասին կը խօսուի, հակառակ անոր որ իր արժանիքները ուրիշներու մօտ կրնային հպարտութեան զգացում ապահովել: Համեստութիւնը անոր մօտ դարձած էր ամբողջական ապրում, ոչ մէկ արտայայտութիւն եւ ոչ մէկ ելոյթ կ՛ունենար իր արժանիքները ու իրագործումները ուշադրութեան առարկայ դարձնելու համար: Սեւ աշխատանքի ախոյեաններէն էր, որովհետեւ շատ լաւ գիտէր, որ գործը լաւագոյն վկայութիւնն էր մարդ անհատի մը արժէքին:

Հեռու ցուցամոլութենէ` կ՛աշխատէր, կը գործէր, ինքզինք լուսանցքի վրայ կը զետեղէր: Դեռ երէկ առաւօտուն, երբ իր ընկերները կը լուսանկարուէին, բռնութեամբ կարծէք, թեւերէն քաշեցին, որպէսզի ինք եւս իր ներկայութեամբ զարդարէ տղոց խմբանկարը:

Երկրորդ` մեր հոգիներուն մէջ հանգչող Սերժը երիտասարդ իր կեանքով պիտի մնայ դարձեալ իբրեւ տիպարը պարտաճանաչութեան: Պատանի տարիքէն մինչեւ այսօր ինչ գործ որ վստահուած է իրեն, եւ ինք պէտք է ըսել հոս, որ այդ գործերը պատասխանատու գործեր եղած են, կատարած է կատարեալ պարտաճանաչութեամբ: Գործէն պահանջուած բոլոր մանրամասնութիւններու բծախնդրօրէն ուսումնասիրելով` ամբողջ միտքն ու հոգին անոր տրամադրելով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դպրոցին մէջ թրծուած, գիտակցած է, որ դաշնակցականը իր կուսակցութեան հանդէպ պարտաւորութիւններ միայն ունի ու իր ամբողջ վարձքը բարոյական գոհունակութիւնն է, երբ իր պարտքը կատարած է լրիւ կերպով: Դաշնակցական պայքարը դարձած էր իր կեանքի հարազատ միջավայրն ու ճամբան: Այդպէս ճանչցանք զինք եւ արդէն այդ պարտականութեան ճամբուն վրայ ալ զոհ գնաց ան բախտի դաժան խաղով:

Մեր հոգիներուն մէջ կը հանգչի հոգեղէն մարմնով Սերժ Թովմասեան, դարձեալ իր ուրիշ մէկ յատկանիշով, որ ուժն է եղած բոլոր կազմակերպութեանց` աշխատասիրութեամբ: Ընկեր Սերժ քիչ կը խօսէր, մեղմ կը խօսէր, բայց կը գործէր: Երբեք իր բերնէն չէիր լսեր, մանաւանդ` իր կատարած գործերուն մասին: Չէր նմաներ անոնց, որոնք իրենց աղքատ գործունէութիւնը լեզուական ճամարտակութիւններով կը յիշատակեն: Ընկեր Սերժ կը գործէր եւ ուրիշներ կը խօսէին իր գործին մասին: Ու պատահական տրամաբանութեամբ աշխատող մըն ալ չէր: Իրեն համար աշխատանքը կեանքի շնչառութիւնն էր: Առանց անոր` կարելի չէր ապրիլ: Ու միշտ ինքզինք տրամադրութեան տակ կը դնէր մարմիններուն, գործ ընելու, գործ ուզելու: Ու պէտք է տեսնել իր ուրախութիւնը, երբ տեղ մը գործ կը կատարուէր:

Այս բոլոր արժանիքներուն պսակը, սակայն, իր դաշնակցականութիւնն էր: Ընկեր Սերժ պաշտօնապէս միայն ժողովէ ժողով կամ ձեւական պարտաւորութիւնները կատարող դաշնակցական մը չէր: Ան իր ամբողջ միտքը, հոգին, ժամանակը, ուժը տրամադրած էր այս կազմակերպութեան: Քալած ատեն թէ ժողովի պահուն ճաշի ժամանակ թէ հանգիստի պահուն իր միտքը սեւեռուած կը մնար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վրայ: Ամէն վայրկեանի ապրում մըն էր: Օրը քսանչորս ժամ հետն էր Դաշնակցութեան: Անձնական կեանք գրեթէ չունէր: Եւ արդէն ի՞նչ կը պահանջէ Դաշնակցութիւնը իր շարքայիններէն, եթէ ոչ` ամբողջական տրամադրութիւն իր ծրագիրին եւ Հայ դատի իրագործման: Կեանքի գնով: Ամէնօրեայ զոհաբերութիւն: Ընկեր Սերժ այդպիսի սիւներէն էր: Ահա թէ ինչո՛ւ երբ այս խառնուածքով մեր սիրելի ընկերը իր պարտականութեան կու գար, քիչ մը աւելի բան աւելցնելու իր հմտութեան, աւելի լաւ ծառայելու իր կազմակերպութեան, ան զոհ կ՛երթար նոյն այդ ճամբուն վրայ:

Սիրելի՛ ընկեր Սերժ, կ՛երթաս, բայց` բարիքով բեռնաւորուած: Երթա՛ս բարով: Բայց վստահեցնեմ քեզի, որ դուն մեր մէջ կը մնաս բարով: Կը խոնարհիմ յիշատակիդ դիմաց:

(Հատուածներ)
Յուլիս 1977

Նախորդը

«Վերամտածել Քաղաքացիական Առողջ Դաստիարակութեան Մասին» Թեմայով Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

Յաջորդը

Նահատակութեան 40-Ամեակ. Ասպետական Ուխտաւորին Կարօտի Երգը (Սերժ Թովմասեանին)

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?