Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը

Մարտ 26, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

15-jdeidiDzAR19-AnteliasDzar2Յատկանշական ու իւրայատուկ ձեւով նշելու համար Հայ սկաուտի օրը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ծրագրեցին եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն հետ կազմակերպեցին զանազան աշխատանքներ, որոնք գործադրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու կողմէ, իրենց յայտագիրներու ընթացքին, փետրուարէն մարտ երկարող 3 շաբաթներու ընթացքին:

Այս տարբեր բնոյթի աշխատանքները  կ՛ամփոփուէին «Հայ սկաուտ եմ ու հպարտ» լոզունգին տակ ու անոնց նպատակն էր ապահովել մասնակցութիւնը անխտիր բոլոր մասնաճիւղերու ՀՄԸՄ-ական սկաուտներուն` փոքր մոկլիէն մինչեւ չափահաս երէց-պարմանուհին, տալ սկաուտութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը ազգային դաստիարակութեան ու ազգային արժէքներու պահպանման ծիրէն ներս եւ զարգացնել սկաուտական ու մարզական ոգիները:

13-BHAzkayin1

Աշխատանքները ընթացք առին վառ պահելով ազգային եւ եկեղեցական արժէքները, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղէն սկաուտներ մասնակցեցան Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամները`  Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին: Իսկ զարգացնելու համար ազգային գիտելիքները` ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը պատրաստեց մշակոյթի, գրականութեան եւ պատմութեան  կապուած անհրաժեշտ գիտելիքներ ու պաստառներ, որոնք զետեղեցին ու զարդարեցին հայկական վարժարաններու միջանցքները:

Սկաուտական յայտագիրներուն ընթացքին իւրաքանչիւր մասնաճիւղի սկաուտները պատրաստեցին իւրայատուկ ձեռայիններ` զանազան վայրերու մէջ (ըլլայ իրենց ակումբներուն մէջ թէ տարեկան ձիւնագնացութիւններու ընթացքին) եւ յատուկ արարողութիւններով բարձրացուցին մասնաճիւղին դրօշակներն ու իրենց կարգին բարձրացնելով ՀՄԸՄ-ականի յատուկ հաւատարմութեան, խանդավառութեան եւ հնազանդութիւն ոգիները:

3-AinjarKhagh24-AinjarMakour1Կիրակնօրեայ սկաուտական յայտագիրներու ընթացքին, սկաուտական դաւանանքներէն մեկնելով, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ զանազան եւ իւրայատուկ միջոցներով ներկայացուց ու գործադրեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտական դաւանանքի կէտերը: ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը հաճելի յայտագիրներով օրինակելի դարձաւ իր շրջապատին, ծառայութեան ոգիով տոգորուած եւ պարտք զգալով, սկաուտները օգնութեան ձեռք երկարեցին կարիքաւորներուն եւ աղքատին` անոնց պատրաստելով ու բաժնելով օրուան մը ճաշը: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի սկաուտները չմոռցան հայ ծերունին ու Հայ սկաուտի օրուան ուրախ առիթով այցելեցին ու հաճելի պահեր անցուցին հետերնին: Պահելով եւ պահպանելով մթնոլորտն ու միջավայրը` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները լուսարձակի տակ առին վերամշակումի (recycling-ի) կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները հաւաքաբար աշխատեցան մաքուր եւ ապահով միջավայրեր ստեղծելու իրենց ապրած շրջաններու մէջ` մաքրելով  ու հաւաքելով շրջանի աղբերն ու ծառեր ցանելով:

7-AnteliasBar111-AnteliasDzer2Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կազմակերպեց յատուկ մարզական խաղեր ու մրցումներ: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի եւ Անթիլիասի սկաուտները իրարու դէմ կատարեցին պասքեթպոլի մրցում մը, ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդը, խմբապետները, արի-արենուշ եւ երէց-պարմանուհի քոյրերն ու եղբայրները ֆութպոլի  խաղերով մրցեցան իրարու դէմ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի անդամները զանազան սկաուտական եւ մարզական խաղեր կազմակերպեցին:

Հայ սկաուտի օրուան աշխատանքները վերջ գտան հայ մշակոյթին, երգին, հայկական երաժշտութեան ու հայկական պարին տէր կանգնելու նուիրուած աշխատանքներով` մասնաճիւղային շուրջպարերով: Սկաուտները, մասնաճիւղի բարեկամներն ու ծնողները միասնաբար պարեցին` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Անթիլիասի, Աժալթունի ու Այնճարի մէջ:

Հարկ է յիշել նաեւ, որ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ իր աշխատանքներուն քարոզչական աշխատանքները կատարեց ընկերային ցանցերուն վրայ, մանաւանդ Դիմատետրի միջոցով (աշխատանքներու նկարները Դիմատետրի վրայ զետեղելու կողքին) պատրաստելով Հայ սկաուտի օրուան յատուկ զանազան աշխատանքներու տեսերիզներ, որոնք մեծ արձագանգ ձգեցին, տարածուեցան աշխարհի բոլոր կողմերն  ու գնահատուեցան Դիմատետր  գործածողներուն կողմէ:

Հայ սկաուտի օրուան նուիրուած  3 շաբաթներու վրայ երկարող բոլոր աշխատանքները կատարուեցան հաճելի, զուարթ ու խանդավառ մթնոլորտի  մէջ` հաւատարմօրէն գործադրելով Շաւարշ Քրիսեանի, Յովհաննէս Հինդլեանի ու Գրիգոր Յակոբեանի ու ապա ՀՄԸՄ-ի նպատակը` պատրաստել ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր հայեր, տիպար քաղաքացիներ, «կամաւոր բանակ»-ի անդամներ, որոնք պատրաստ են պաշտպանելու հայոց լեզուն, հայ ինքնութիւնը, հայ մշակոյթը, հայոց պատմութիւնն ու ազգային բոլոր արժէքները:

 

22-JdeidiOknogh4

12-BeirutTroshag1

Նախորդը

Պահելով Տրամաբանութիւնը

Յաջորդը

«Վերամտածել Քաղաքացիական Առողջ Դաստիարակութեան Մասին» Թեմայով Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?