Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հանդիպում Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Միջեւ Յունաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան նախագահի այցելութեան եւ հելլէն քաղաքական աւագանիին հետ հանդիպումներու հարցերը, հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտները, Հայ դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքները Յունաստանի մէջ ու նաեւ յունահայ գաղութը յուզող հարցեր:...

Գեղատիպ Եւ Ուշագրաւ Գիրք Մը` Ասատուրի Արուեստին Նուիրուած

Գեղատիպ Եւ Ուշագրաւ Գիրք Մը` Ասատուրի Արուեստին Նուիրուած

2003 թուականին Փարիզի «F.V.W.» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց գեղատիպ հատոր մը` նուիրուած Ասատուրի անձին եւ արուեստին: Ժերար Էքզիւրիկերա, որ արուեստի հանրածանօթ քննադատ է գեղանկարչական աշխարհին մէջ, ստորագրած է հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը Ասատուրի մասին: Ասատուր ժամանակակից այն հայ արուեստագէտն է, որ կ՛ուղղուի դէպի միջազգային ճանաչում` շնորհիւ իր տաղանդին եւ յարատեւ աշխատանքին: Հոս նկատի չունինք անունները Գառզուի եւ Ժանսէմի, որոնք կը պատկանին որբերու...

Ակնարկ.  Եւրոպայի Ահաբեկչական «Գարուն»-ը

Ակնարկ. Եւրոպայի Ահաբեկչական «Գարուն»-ը

Երէկ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Եւրոպայի մայրաքաղաքը ցնցած ահաբեկչական արարքներու շարքին վրայ: Ամբողջ Եւրոպային ուղղուած ահաբեկչական արարքներուն շարժառիթները կարելի չէ միանշանակօրէն բանաձեւել` իրենց բոլոր հետապնդած նպատակները միանշանակ նշելով: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամէնէն բիրտ պատերազմը այս օրերուն կը տարուի սուրիական տարածքներու վրայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեամբ, Եւրոպայի երկրորդական մասնակցութեամբ, սակայն հարուածուողը նախ եւ առաջ այս տարողութեամբ Եւրոպան է: Արդէն պարզ է, որ խնդիրը սոսկ...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Ազատագրում

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Հովերուն հետ լուրը տարածուեցաւ... հովերը անցան հեռագրաթելերէն, հեռաւոր ճամբաներէն, համացանցի պաստառներէն, խօսեցան խոշորցած աչքերով ակնդիրին հետ իր լեզուով... Ամպերը կանգ առին, օդային նեղուցները խցանուեցան: Գիւղը ամբողջութեամբ ազատագրուած էր թշնամիներէն: Անոնք, որոնք լուր չունէին, կայծակնահար եղածի պէս շշմեցան մնացին. մէկ ոտքը առջեւ, միւսը օդին մէջ` դիմեցին քայլի դէպի հայրենի տուն, դէպի հարազատ օճախ... Մեծաւ մասամբ արաբ գաղթականներն էին, որոնք...

Հանրային Քննարկում` Մոսկուայի Տխրահռչակ Համաձայնագիրին Շուրջ

Հանրային Քննարկում` Մոսկուայի Տխրահռչակ Համաձայնագիրին Շուրջ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, 16 մարտին Արցախի պետական համալսարանի համագումարներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է հանրային քննարկում` «Մոսկուայի համաձայնագիրի 95-ամեակ» թեմայով: Քննարկման ընթացքին բանախօսած է «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան, մասնակցած են` Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Սարգսեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, պատգամաւոր Հայկ Խանումեան, քաղաքագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ հրաւիրեալներ: Արա Պապեան անդրադարձած է Սեւրի,...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. – Կատարողական

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին չորս ելոյթներով ներկայացուց  Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Յօդուածին Ա. մասը անդրադարձած էր թատրերգութեան հեղինակին եւ սպաներէն բնագիրին: Յօդուած Բ.ով լուսարձակի տակ առնուեցան որմազդը, բեմայարդարումը, տարազները, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը, լեզուական հարցերը: Տիպարներ եւ խաղարկութիւն.-  Պեռնարտայի դուստրերն են` Անկուսթիաս, Մակտալենա, Ամելիա, Մարթիրիօ եւ Ատելա. ոմանք նկատած են, որ դուստրերու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Կը Քաջալերէ Աշակերտական Կազմակերպութիւնները «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան խոցելի համայնքների դպրոցների աշակերտների համար» դասընթացքի ծիրին մէջ դրամաշնորհ տրուած է աշակերտական 12 հասարակական կազմակերպութիւններու: «Հայաստանի պատանեկան նուաճումները» կազմակերպութիւնը եղած է առաջինը, որ համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան վերաբերեալ գիտելիքները հանրակրթութեան ոլորտ ներմուծած է: Գաղափարը ուսումնասիրող աշակերտներուն համար ուսանելի օրինակ հանդիսացած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործունէութիւնը: Այս նպատակով ալ 2011-ին...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Ինքնորոշման Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ «Ազդակ»-ի Առաջին Արձագանգները

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Ինքնորոշման Շարժման Սկզբնաւորումը Եւ «Ազդակ»-ի Առաջին Արձագանգները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ «Ազդակ»-ի իննսունամեակին ընդառաջ եւ այս առիթով իրագործուելիք ձեռնարկներուն ու հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ, անդրադարձ պիտի կատարուի թերթին անցած ուղիին եւ ժամանակի հոլովոյթին հետ իրագործուած նուաճումներուն` յատուկ կարեւորութեամբ արձանագրելով հայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող իրադարձութիւնները, որոնք արձագանգ գտած են «Ազդակ»-ի մէջ: Նախապէս արդէն անդրադարձ կատարուած էր վրանաքաղաքներու օրերէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աւարտը հասնող ժամանակաշրջանին: Ուստի, ասկէ ետք լուսարձակի տակ...

Նահատակ Հերոսներու Յիշատակը Կը Յարգուի Յատուկ Հանդիսութեամբ

Նահատակ Հերոսներու Յիշատակը Կը Յարգուի Յատուկ Հանդիսութեամբ

Կիրակի, 13 մարտին, Միացեալ Նահանգներու Էնսինօ շրջանին մէջ գտնուող Ֆերահեան ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ հերոսներու յիշատակը ոգեկոչող հանդիսութիւն մը: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկաները սրահին մուտքին առիթ ունեցան խոնարհելու նահատակ հերոսներուն նկարներուն առջեւ, որոնց դիմաց վառած մոմեր շարուած էին: Օրուան հանդիսավարն էր յայտնի մանկավարժ, Շամլեան ազգային վարժարանի...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

17 Մարտ 1905, Վիտոշ. Գերագոյն Զոհաբերութեան Քրիստափորեան Աւանդը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մարտ ամսու 17-ին հայոց յուշատետրին մէջ կը խորհրդանշէ հայկական յեղափոխութեան կրակի մկրտութեան օրը: Կը խորհրդանշէ Քրիստափորի նահատակութեամբ նուիրականացած գերագոյն զոհաբերութեան աւանդը հայ ազգային-ազատագրական շարժումին: Անսակարկ անձնազոհութեան աւանդը` հայկական յեղափոխութեան ամէնէն մարտունակ կազմակերպութեան անվիճելի առաջնորդին, որ կեանքի գնով տուաւ օրինակը խօսքը գործով պայմանաւորելու եւ ամրագրելու գաղափարական յանձնառութեան: Արդարեւ, 111 տարի առաջ, 17 մարտ 1905-ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, սուլթան...

Անդրադարձ. Պահելով Պատմական Տրամաբանութիւնը

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Բաւական ուրախ եւ խանդավառ եմ, որ 12 յունուարին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած Վահրամ Էմմիեանի «Նոր-օսմանեան հնարք մը» խորագիրով յօդուածը վերլուծող «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները»  անդրադարձիս ստացած եմ պատասխան մը, որ առիթ պիտի տայ մամուլի այս քանի մը էջերու ընդմէջէն սկսելու լուրջ զրոյց-քննարկումի մը եւ գաղափարներու առողջ փոխանակութեան: Մարտ 16-ին «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուած «Բռնագրաւումի օրինականութեան մասին»  յօդուածով Վ. Էմմիեան կը...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը. – Բ. –  Պեռնարտա Եւ Նրա Աղջիկները

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը. – Բ. – Պեռնարտա Եւ Նրա Աղջիկները

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին չորս ելոյթներով ներկայացուց  Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Յօդուածին Ա. մասը անդրադարձած էր թատրերգութեան հեղինակին եւ սպաներէն բնագիրին: Ելոյթը, սակայն, որդեգրած էր բեմադրիչ Վահէ Շահվերդեանի «Պեռնարտան եւ նրա աղջիկները» վերնագրով տարբերակը, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 2001-ին: Թատրերգութիւնը վերջին անգամ ներկայացուած է 15 փետրուար 2015-ին, «Լոռի 21»...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ռուսական Արջի Առաքելութեան Աւա՞րտ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ռուսական Արջի Առաքելութեան Աւա՞րտ

Տեղին է հարց տալ, թէ պատահածը ռուսական ռուլեթի անուակի կիրարկո՞ւմ է, թէ՞ պարզապէս առաքելութեան աւարտ: Պատասխանը` իւրայատուկ փութինեան ոճ, որոշում, կամ աւելի ճիշդը` քաղաքական մարտավարութիւն: Այսպէս, Սուրիոյ պատերազմի հնգամեակի օրն իսկ Ռուսիա անակնկալի բերաւ դէտերը` պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը աւարտած է, եւ նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութիւնը տապալելու փորձերը` փարատած: Զօրքն ու ծանր հրետանին սկսան վերադառնալ Ռուսիա` անշուշտ...

Նամականի

Անդրադարձ. Երեւանը Պէյրութի Կեդրոնի Ճակատագիրին Պէտք Չէ՛ Ենթարկել Եւ Ի՞նչ Է Երեւանցիին Կենսամակարդակի Հեռանկարը

ՅԱՐՈՒԹ ՉէՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 17 փետրուար 2016 թիւին «Հայրենի կեանք» բաժինի «Մշակոյթի նշանաւոր գործիչներ կոչ կ՛ուղղեն` պահպանելու պատմամշակութային շինութիւններն ու յուշարձանները» նաեւ «Երկիր»-ի 12 փետրուար 2016 թիւին մէջ լոյս տեսած «Երեւանը գիւղից եկած, թունդ շպարուած աղջկայ է յիշեցնում. արուեստագէտները պահանջագիր են ներկայացնում» յօդուածը կը ներկայացնէ խումբ մը արուեստագէտներու` Միքայէլ Պօղոսեանի, Արամոյի, Հրանդ Թոխաթեանի, Զարուհի Մուրատեանի, Զաւէն Սարգիսեանի, Լիլիթ Պիպոյեանի, Մարք Գրիգորեանի,...

Այս Է Մեր Տեսակը

Այս Է Մեր Տեսակը

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Ասպետի պէս երազային, գեղեցիկ էր ու դեռատի: Կը տողանցէր իր վաշտին հետ, այնպէս հպարտ ու քաջարի, կարծես կեանքի նժոյգը խենթ, լոկ իր կամքին կ՛ըլլար գերի: Բաւեց փշուր մը տաք ռումբի, որ կործանի հիմնայատակ, տառապանքի ու պայքարի այնքա՜ն կորով, այնքան վաստակ: Դաշնակցութիւնը իր լաւագոյններն է տուած ազատութեան Բագինին: Հպարտն ու քաջարին, հասունն ու դեռատին, արհեստաւորն ու մտաւորականը, գիւղացին...

Հարցազրոյց Պոխումի Համալսարանի «Սփիւռք – Ցեղասպանութիւն» Գիտահետազօտական Կեդրոնի Տնօրէն Փրոֆ. Միհրան Տապպաղի Հետ

Հարցազրոյց Պոխումի Համալսարանի «Սփիւռք – Ցեղասպանութիւն» Գիտահետազօտական Կեդրոնի Տնօրէն Փրոֆ. Միհրան Տապպաղի Հետ

Ուրբաթ, 18 մարտին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք-ցեղասպանութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Միհրան Տապպաղի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ներկայացնելով իր ղեկավարած կեդրոնը` փրոֆ. Տապպաղ ըսաւ, որ Պոխումի համալսարանի Սփիւռք-ցեղասպանութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնը մաս կը կազմէ համալսարանի պատմագիտութեան կաճառին, որուն ուսանողները իրաւունք ունին հետեւելու հիմնարկի ծրագիրին: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր կիսամեակ...

Երրորդ Տեղահանութիւն, Երկրորդ Տարելից.   Քեսապ Տակաւին Կ’ապրի Եւ Պիտի Շարունակէ Շնչել Հայօրէն

Երրորդ Տեղահանութիւն, Երկրորդ Տարելից. Քեսապ Տակաւին Կ’ապրի Եւ Պիտի Շարունակէ Շնչել Հայօրէն

Քեսապը իր շրջակայ գիւղերով 19-րդ դարէն սկսեալ հայ իրականութեան ներկայացուած է իբրեւ հայկական ինքնուրոյն շրջան` պատմական, ազգագրական, բանահիւսական եւ բարբառային արժէքներով: Քեսապի կազմաւորումը կապուած է միջին դարերու Անտիոքի հայ հոծ գաղթականութեան հետ, իսկ քեսապահայութեան ճակատագիրը միշտ ալ առնչուած եղած է արեւմտահայութեան, ապա Սուրիոյ հայ գաղութի պատմութեան հետ, սկսած 1894-1896-ի Համիտեան ջարդերէն, 1909-ի Ատանայի կոտորածէն, 1915-ի Մեծ Եղեռնի տեղահանութենէն, 1939-ին Աղեքսանդրեթի...

Քեսապը Կը Շարունակէ Մնալ Փարոս` Մինչեւ Հայութեան Մեծ Երազի Իրականացում

Քեսապը Կը Շարունակէ Մնալ Փարոս` Մինչեւ Հայութեան Մեծ Երազի Իրականացում

Այնճարի հոգեւոր հովիւ` ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ Ծանրակշիռ թախծութեամբ, տակաւին թարմ է ողջ հայութեան պատմական յիշողութեան մէջ Քեսապի երրորդ տեղահանութիւնը (21-03-2014), որ «արգասիք»-ն էր նոյն հակառակորդին` հայու դարաւոր թշնամիին` ցեղասպան Թուրքիոյ հակահայ, անիրաւ, անգութ, անբարոյ եւ արիւնարբու կեցուածքին ու գործողութեան: Այդ օր քեսապցիներ հայկական անխառն հաւատքով, զգացումով, զիրար օժանդակելով, ոմանք ինքնապաշտպանութեան դիմելով, ուրիշներ տեղափոխելով անկարներն ու տարեցները դէպի առաւել ապահով շրջաններ...

Լեւոնին Երրորդութիւնը

Լեւոնին Երրորդութիւնը

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Քսանամեայ Լեւոնը երկու տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակէր: Վարժուած էր արդէն եւ տեղաւորուած` իր մէկ սենեականոց տան մէջ: Սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, զինուորական խնդիրներ չունենալով հանդերձ, որոշեց Հայաստան երթալ, կամ ինչպէս ինք կ՛ըսէր` վերադառնալ: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Հայրն ու մայրը համամիտ էին եւ հպարտ` իրենց զաւկին որոշումով: Լեւոնը միշտ վայելած էր անոնց վստահութիւնը: «Լա՛ւ, տղա՛ս,...

Քեսապ

Քեսապ

Իր կարմիր խնձորներով, Իր կապոյտ երկինքով, Եւ իր նարնջագոյն պարտէզներով Քեսապը կը շարունակէ արթուն մնալ` Սպասելով իր պանդուխտ զաւակներուն Պապենական տուն վերադարձին: Իր նախահայրերու անթառամ շիրիմներով, Իր հասունցած ծերունիներով, Իր հողին կառչած ու հաւատարիմ մնացած քեսապցիներով Քեսապը կը շարունակէ մնալ` Սպասելով իր հեռացած սերունդներու զաւակներու հայրենի օճախ ժամանելուն: Ոչ մէկ տեղ այդքան քաղցր յիշատակներով ծանրաբեռնուած, եւ այնչափ հարազատ սիրով կապուած...

Page 950 of 1110 1 … 949 950 951 … 1,110

Արխիւներ