Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմխիթարական, Բայց Ոչ Յուսահատական Կացութիւն

Ապրիլ 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

workers1_43015

Այս տարի Աշխատաւորներու միջազգային օրը կը նշուի ամբողջութեամբ անմխիթարական կացութեան մը մէջ: Արդարեւ, աշխատաւորներու իրաւունքներու ձեռք բերման, զանոնք հետապնդելու եւ պահանջելու իմաստով, վերջին քանի մը տարիներուն այդքան անհեռանկարային վիճակ մը չէր ստեղծուած, որքան այսօր: Եւ այս երեւոյթը մենք կը նշմարենք թէ՛ միջազգային, թէ՛ տեղական լիբանանեան եւ թէ՛ ներհայկական մակարդակներու վրայ:

Միջազգային մակարդակի վրայ ամէնուրեք կը նկատուի նահանջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած ձեռքբերումներէն: Այդ ժամանակաշրջանը դիտարկելու ընթացքին պէտք չէ անտեսել մանաւանդ այն երեւոյթը, որ ձախակողմեան շարժումներու հսկայ ալիք մը զարկաւ լատինամերիկեան երկիրները, ձախակողմեան, ժողովրդային-ընկերվարական բնոյթի քաղաքական ուժեր այդ երկիրներուն մէջ հասան իշխանութեան գլուխ, եւ անոնց իշխանութեան ներքեւ ոչ միայն առիթ ստեղծուեցաւ ժողովրդային մակարդակի վրայ անմիջական ժողովրդավարութեան բնորդներ ստեղծելու այդ երկիրներուն մէջ, այլ նաեւ յաւելեալ ընկերային իրաւունքներ ապահովուեցան` յօգուտ աշխատաւորներուն եւ սահմանափակ եկամուտներու տէր խմբաւորումներուն: Ասիկա եղաւ նաեւ շնորհիւ այդ երկիրներուն` քարիւղի վաճառքէն ստացած եկամուտներէն: Բայց իշխանութիւնը նաեւ կ՛աղտոտէ, կ՛աղաւաղէ գաղափարական շարժումներու էութիւնը: Այս պատճառով ալ կը տեսնենք, որ շուտով նշեալ երկիրներու ձախակողմեան կառավարութիւնները հարուածուեցան փտածութեան գայթակղութիւններու շարքով, ստեղծուեցան ժողովրդային ընդդիմադիր հակաշարժումներ, որոնց հետեւանքը եղաւ այն, որ հարաւամերիկեան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, մանաւանդ Վենեզուելա, Էքուատոր, Պոլիվիա, Պրազիլ, այդ յաճախ ամբոխավարական, ձախակողմեան բնոյթի իշխանութիւնները պարտութիւններու շարք մը կրեն զանազան մակարդակներու համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Միջազգային մակարդակի վրայ չօգնեց նաեւ եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ գլուխ բարձրացուցած արմատական ձախի շարժումներուն իշխանութեան գալու կարճատեւ փորձը: Մեր աչքերուն առջեւ է, օրինակի համար, Յունաստանի պարագան, ուր հազիւ իշխանութեան հասած, եւրոպական ճնշումներուն եւ ֆինանսական սպառնալիքներուն տակ Սիրիզա շարժումը հրաժարեցաւ Յունաստանի պարտքերուն գծով իր նախորդ բոլոր կեցուածքներէն ու պահանջներէն` ամբողջութեամբ դիմափոխուելով:

Լիբանանեան-տեղական մակարդակի վրայ վերջին հինգ տարիներու փորձը ինքնին ցոյց տուաւ, որ աւելորդ է խօսիլ ընկերային կամ աշխատաւորական բնոյթի որեւէ ձեռքբերումի եւ իրաւունքի մասին, երբ քաղաքական կեանքը մշուշապատուած է բաւականին թանձր անհեռանկարայնութեամբ, երբ քաղաքական կեանքին մէջ սահմանադրական ու ժողովրդավարական գործընթացներու նուազագոյն ժամկէտները չեն յարգուիր, ընտրութիւններ չեն ըլլար, սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կը մնայ անդամալուծուած, իսկ միւս կողմէ քաղաքացիներուն առօրեայ հոգերը հետզհետէ աւելի կը բարդանան: Աշխատաւորական ի՞նչ իրաւունքներ, երբ սենտիքայական անկախ շարժումներ գոյութիւն չունին, իսկ եղածներն ալ կը հարուածուին իշխող խաւերէն ենթակայ դառնալու համար: Աշխատաւորական ի՞նչ իրաւունքներ, երբ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ պաշտօնեաները եւ աշխատաւորները, մանր արհեստաւորները եւ սահմանափակ եկամուտներու տէր անհատները ամէնօրեայ հեւքի մէջ են նախ արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու համար: Ի՞նչ իրաւունքներու, յաւելումներու կամ «առանձնաշնորհում»-ներու մասին խօսք կրնայ ըլլալ, երբ ապրելու պայմանները այնքան սուղ են, որ յաճախ մարդ անհատը կ’անճրկի իր առօրեայ կեանքին մէջ, երբ կալուածներուն գիները այնքան բարձր են, որ տունի մը գինը անձի մը առած նուազագոյն աշխատավարձին 1500-ապատիկն է:

Ներհայկական իմաստով ալ ներկայիս աւելորդ է խօսիլ ինչ որ աշխատաւորական իրաւունքներու մասին, երբ նուազագոյն նախադրեալները չկան աշխատաւորական եւ ընկերային պայքարին համար, մանաւանդ երբ դարձեալ սեղանի վրայ կը դրուի ազգային գոյապահպանման հարցը: Ասիկա ալ ուրիշ թնճուկ մըն է, որուն լուծման մասին պէտք է մտածուի ուշ կամ կանուխ, որովհետեւ բնական պայմաններուն մէջ ազգային գոյապայքարը եւ ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը պէտք է լրացնեն իրարու, եւ ոչ թէ ըսուի, որ` «հիմա ընկերային պայքարներու ժամանակը չէ»: Այլ հիմա է նաեւ ընկերային պայքարներու բուն ժամանակը, եթէ կ’ուզենք բնական զարգացում ապրող ազգ դառնալ:

Հակառակ ամէն իմաստով այս անմխիթար վիճակին, մայիսի 1-ը կը դիմաւորենք բաւական յուսադրական մթնոլորտի մէջ: Վաղը դարձեալ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ, քաղաքներու հրապարակներուն վրայ մարդիկ, աշխատաւոր դասակարգի մարդիկ, իրենց ընկերային պահանջները քաղաքականացնելով դարձեալ բարձրաձայն պիտի բացագանչեն միջազգային ընկերվարական շարժումի մեծ կարգախօսը` «Աշխատաւորներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք»: Յստակ է, առ այժմ կարելի չէ ակնկալել նմանօրինակ ընկերային պահանջատիրական մեծ համախմբումներ ներհայկական մակարդակի վրայ, մանաւանդ որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի սենտիքայական շարժում, բայց ընկերային պայքարը աստիճանական կուտակումի հարց է: Եթէ հիմա հայկական իրականութեան մէջ կան սակաւաթիւ անձեր, որոնք կը շարժին եւ ընկերային պահանջատիրութեան մասին կարծիք կը յայտնեն, վաղը անոնք կրնան բազմանալ:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Պէտք Է Տօնենք Մայիսի 1-ը

Յաջորդը

Լօխ-ի Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?