Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հատուցման Հանգրուանի Սեմին

Ապրիլ 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

HORIZON_42816

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, երբ հայկական կողմը պահանջատիրութեան իր կշիռքի նժարը ծանրացուց հատուցման հարցով, թրքական կողմը դիմեց ծաւալուն հակաքարոզչական գործընթացի, որուն ծիրէն ներս ամէնէն ցայտուն օրինակներն էին ակադեմական մակարդակի վրայ պատմութիւնը խեղաթիւրելու Անգարայի ճիգերը:

Այսօր յստակօրէն սկսած է ուրուագծուիլ թրքական կողմին հակաքարոզչական պայքարի մարտավարութիւնը, որ ներկայ դրութեամբ կ՛ընթանայ հետեւեալ ուղղութիւններով.

Ա.- Պատմութեան նենգափոխման նպատակաուղղուած գիտաժողովներու կազմակերպումն ու պատմական կեղծիքներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակումը,

Բ.- Հայկական պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ անցնող տասնամեակներուն գործադրուած քանդումի ու աւերումի իրողութիւնները ծածկելու եւ եւրոպական ընտանիքէն լաւ վարկանիշ ստանալու նախանձախնդրութեամբ, հայկական կարգ մը յուշարձաններու վերանորոգումն ու անոնց հանդէպ «հոգածութիւնը»,

Գ.- Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերուն շուրջ հարցականներ ու շփոթ յառաջացնելու միտումով` միջազգային իրաւական ատեաններու սեղանին վրայ հարցը օրակարգի վերածելու փորձերը:

Վերոյիշեալ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, առաջին հերթին, թրքական ուրացման հետեւողական քաղաքականութեան դէմ ուժգնութեամբ հակադարձելու ստիպողութեան տակ կը գտնուինք այսօր:

Ճիշդ է, որ անկիւնադարձային այս հանգրուանին քարոզչական առճակատումը անհաւասար ուժերով պիտի ընթանայ, սակայն կը գիտակցինք նաեւ, որ վերջին տարիներու Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները այն յոյսը կը ներշնչեն, որ ուժերու համատեղ գերլարումով ի վերջոյ ցեղասպանի ժառանգներուն պիտի պարտադրենք հայութեան հետ հաշուի նստիլ հատուցման սեղանին շուրջ:

Ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի նաեւ հո՛ս Քանատայի մէջ, ուր Անգարա լծուած է տենդագին աշխատանքի` վարկազրկելու կամ վերստին քննարկման ենթարկելու քանատական օրէնսդիր մարմիններու կողմէ վերջին տարիներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած օրէնսդրական բանաձեւեր:

Թրքական կողմը չի վարանիր նաեւ վերջին տարիներուն վարձկան ցուցարարներով հակադարձելու Օթթաուայի մէջ տասնամեակներէ ի վեր կայացող ապրիլ 24-ի հայկական կողմի ժողովրդային հաւաքին, որուն զուգահեռ, կը շարունակէ վարձկան քանատացի ակադեմականներու միջոցով խեղաթիւրել պատմական իրողութիւնները:

Հայութեան դէմ գործադրուած անարդարութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, պետական մակարդակով յանցագործութիւն իրագործած օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդները, բարոյական հատուցման պարտաւորութիւններու կողքին, ունին նաեւ բռնագրաւուած հողային տարածքները հայութեան վերադարձնելու պարտաւորութիւնը:

Հատուցման հանգրուանը սկսած է. պատրաստ ըլլանք այս  վերջին առճակատման եւ մարտահրաւէրին:

Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթը թեւակոխած է նոր փուլ: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը այլեւս դուրս եկած է հայ-թրքական աւանդական շրջագիծէն եւ վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի: Գիտակցի՛նք պահուան կարեւորութեան եւ համախումբ շարքերով շարունակենք պայքարը` համայն աշխարհին յիշեցնելով, որ մարդկութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած այս սեւ խոցը կարելի է բուժել միայն ու միայն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնումով ու հատուցումով:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նորոգուած Մեկնարկը Պէտք Է Նորոգ Ուժականութեամբ Ներարկել

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք Մեր Իրաւունքն Ու Արդարութիւնը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?