Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նորոգուած Մեկնարկը Պէտք Է Նորոգ Ուժականութեամբ Ներարկել

Ապրիլ 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ASBAREZ_APRIL_24_2016

Հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը չկրցանք պահպանել, չկրցանք անոր ստեղծած մթնոլորտը աճող ուժականութեամբ լիցքաւորող մարտկոցներ կառուցել, որպէսզի պահանջատիրական պայքարը յարատեւօրէն կարենար մագլցում արձանագրել:

Փաստօրէն տեղատուութեան մէջ ենք, եւ ամէնէն մտահոգիչը` այդ տեղատուութիւնը արդարացնելու տրամադրութիւններ կ՛երեւին մեր զրոյցներուն, վերլուծումներուն մէջ:

Ի վերջոյ հարիւրամեակ էր` կ՛ըսենք, ու բնական էր, որ ժողովուրդը աննախընթաց մասնակցութիւն բերէր յոբելենական կարեւոր ձեռնարկներուն:

Այո՛, կը թուի, թէ մենք ձախողեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու տարողութիւնն ու պահանջատիրական պայքարի հրամայականները ճիշդ ձեւով ընկալելուն եւ ճիշդ ձեւով բացատրելուն մէջ: Ցեղասպանութեան ամեակները կարելի չէ բաղդատել գիրերու գիւտին, քրիստոնէութեան ընդունման, այս կամ այն յայտնի գրողի յոբելենական տարեդարձներուն հետ… հարիւրամեակի լայնածաւալ ձեռնարկները չեն կրնար մխիթարել մեզ կամ գոհացնել պահանջատիրական պայքարի ընդարձակման նախապայմանները:

Հարիւրամեակին յաջորդող այս 101-ամեակին, մեր պատրաստութիւնները, անոնց համեստութիւնը` բաղդատմամբ հարիւրամեակի ձեռնարկներուն, կրնան նոյնիսկ յուսահատեցնող ազդեցութիւն ձգել բոլորիս վրայ:

Կ՛արժէ եւ պէ՛տք է ամէնէն դաժան ինքնաքննադատական չափանիշներով վերլուծել, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, ինչո՞ւ չկրցանք մեր հաւաքական ճիգերով, մեր միասնականութեամբ ստեղծած փառաւոր պահերը վերածել ներշնչման անսպառ ու հզօր աղբիւրներու, ինչո՞ւ…

Կրնա՞յ ըլլալ, որ մեր թուլացման նպաստեց այն փաստը, որ մեր մէջէն արմատախիլ եղաւ այն սարսափը, թէ` հարիւրամեակը պիտի բերէր վերջնական աւարտը, փակումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումներուն:

Հարիւրամեակի համաժողովրդական զանգուածային յիշատակումը, քաղաքական, քարոզչական հարթութիւններու վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւնները մեզ ապահովութիւն ներշնչեցին, թէ պայքարը կրնայ շարունակուիլ եւ պիտի՛ շարունակուի, եւ թէ` ե՛րբ ալ լարենք մեր մկանները, կրնանք այդ պայքարին այնպիսի հզօր թափ տալ, որ կրնայ սասանել թշնամին:

Այս ապահովութիւնը վտանգաւո՛ր է, սակայն, որովհետեւ կրնայ թուլացնել մեր կամքը, մեր վճռակամութիւնը: Ահա՛ նոր հարիւրամեակ մը կը բացուի մեր առջեւ ու դեռ ահագին ժամանակ ունինք մեր Դատը հետապնդելու… ինչո՞ւ ուրեմն այսօր չարչարենք, սպաննենք մենք մեզ, երբ կրնանք հանգիստ վերադառնալ մեր նախկին ընթացքին, մեր նախկին կշռոյթին` հաւանաբար սպասելով աւելի պատեհ ժամանակներու, երբ դարձեալ պէտք պիտի ըլլայ առաւելագոյն լարումով աշխատելու…

Թուլացման պատճառներէն կրնայ ըլլալ նաեւ մեր ազգային օրակարգի շեղումները` մերթ մեր որոշումով, մերթ ալ` պարտադրուած մեզի:

Հարիւրամեակէն ետք մեր պետութեան պատասխանատուները կլանուեցան նոր սահմանադրութիւն մշակելու եւ զայն հանրաքուէով հաստատելու գործով, որուն կարեւորութիւնը չենք ուզեր կասկածի ենթարկել: Պետութիւնը, որ հարիւրամեակի նախօրէին կարեւոր ներդրում ունեցաւ համահայկական տարողութիւն տալու պահանջատիրական ձեռնարկներուն, այսպիսով` գոնէ ժամանակաւորապէս դուրս եկաւ պատկերէն:

Զուգահեռաբար, քանի մը ճակատներու վրայ աշխատելու անկարողութիւնը տեսնուեցաւ նաեւ սփիւռքի տարածքին: Սուրիահայութեան դիմագրաւած ճգնաժամը, հայապահպանման առօրեայ պարտադրանքները, տեղական տաղտուկներն ու օրակարգերը մեզ շեղեցին միասնականութիւնը արմատաւորելու ճիգերէն, մինչդեռ, բնական պայմաններու տակ, հարիւրամեակին ստեղծուած մթնոլորտը իր բերած յաջողութիւններով ու իրագործումներով կրնար հիմնաւորել համագործակցութեան ոգին:

Հարիւրամեակին յաջորդող այս տարուան դասերը եթէ ճիշդ ժամանակին քաղենք եւ անհրաժեշտ հետեւութիւնները արագօրէն կատարենք, կրնանք յոյս ունենալ, որ նոր հարիւրամեակի մեկնարկը ուժեղացնող շարժիչներով յառաջ տանիլը անկարելի չէ՛:

Ի վերջոյ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մեր համազգային լարումին ամէնէ՛ն ուժեղ դասը այն չէ՞ր, որ եթէ ուզենք,  կրնանք լեռներ շարժել… Հիմա, աւելի՛ քան երբեք, մենք կարիքը ունինք համազգային լարումը երկար պահելու վարժութեան, մանաւանդ երբ կը դիմագրաւենք ազատագրուած հող պաշտպանելու եւ արցախեան ճակատը անառիկ պահելու մարտահրաւէրը:

 

Նախորդը

Ուշադիր Նայէք Այս Կնոջ Դէմքին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հատուցման Հանգրուանի Սեմին

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?