Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լօխ-ի Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

Ապրիլ 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աղթամար» Մասնաճիւղ

Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն

Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին  Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան շեշտը դրաւ նաեւ այնճարցիներուն սիրոյ, հետաքրքրութեան եւ քաջալերանքին` հայկական մշակոյթին նկատմամբ:

Անի Մարգարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայկական մանրանկարչութիւնը, սկսելով հին դարերէն հասնելով մինչեւ օրերս, անդրադառնալով բոլոր հայկական շրջաններուն եւ հանգրուաններուն:

Բ.- Կիներու միջազգային օր

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը`  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի, Շրջանային վարչութեան անդամ Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու  եւ  հիւրերու:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազատիկ Տաղլեան:

Օրուան բանախօսն էր  Սեդա Մանկասարեան, ան վեր առաւ ԼՕԽ-ի ունեցած դրական ազդեցութիւնը հայ գաղութի ազգային, մշակութային, միութենական եւ ընկերային կեանքին մէջ` պահպանելով ազգային եւ հոգեւոր արժէքները եւ ծառայելով ծերին, որբին եւ հիւանդին:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր հայ կիներուն  եւ օրիորդնեդուն միանալու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին, աւելիով փայլեցնելու Լիբանանի հայ գաղութը:

Ապա ներկաները դիտեցին յատուկ տեսերիզ մը,  որ պատրաստուած էր Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ , Կիներու միջազգային օրուան առիթով , ուր հանրածանօթ դէմքեր իրենց խօսքը ներկայացուցած էին հայ կիներու արժանիքներուն  ու յատկութիւններուն մասին:

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ Քլարա Ադամեան, որ իր գեղեցիկ ձայնով ներկայացուց երեք հայերէն երգեր:

Գ.- Պահպանել հայկական ասեղնագործութիւնը

Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի  ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքները (Մարաշ, Սվազ եւ Նորվեկեան) արդէն  ընթացք առած են մարտ 2016-ին:

Յանձնախումբը ի մտի ունի սոյն դասընթացքներով պահպանել եւ տարածել հայկական ձեռագործները:

Դասատուներ` Մարաշի ասեղնագործութեան Ռիթա Լագիսեան, սվազ` Ազատիկ Տաղլեան, Նորվեկեան` Ցոլինէ Տումանեան:

Դ.- Տարեցներու Ս. Յարութեան հաւաքոյթ

Այնճարաբնակ աւագ սերունդը համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը, չորեքշաբթի, 30 մարտ 2016-ին, Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:  Ճաշարանի  տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն` իրենց մեծ մօր` Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին:

Այնճարի մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կատարող հոգեւորականները` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանը, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանը աղօթքով բացուած յայտարարեցին հաւաքոյթը: Ապա յանձնախումբի ատենապետ Քնար Գամպերեան կատարեց բացումը` սէր ու յարգանք տարածելով դէպի տարեց սերունդը, մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ երկար կեանք: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բարերար Զէյթլեան ընտանիքին:

Յայտագիրը ճոխացնելու համար հրաւիրուած էր Հուրի Քիլեճեանը, որ իր գեղեցիկ ասմունքներով աւելիով ծաղկեցուց  յայտագիրը:

«Կարինէ» Մասնաճիւղ

«Կարինէ»  մասնաճիւղի ամսական դրութեամբ հանդիպում

Ամանոսի շրջանի ԼՕԽ–ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր` համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց, իւրաքանչիւր ամսուան մէջ  օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ` միասնաբար  ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնները:

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի ԼՕԽ–ի վարչութեան սենեակին մէջ: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցան մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին  հետ առնչուող հարցեր, յատկապէս` 60-ամեակի ձեռնարկին կապակցութեամբ:

«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղ

Ս. Զատկուան ձեռնարկ

Ս. Զատկուան առիթով ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչ ընկերուհիներու , ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամուհիներու:

Մասնաճիւղի ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վիգէն աբղ. Տալգլըճեանը խօսեցաւ ծառայասիրութեան մասին եւ անդրադարձաւ Ս. Զատիկը գունաւոր հաւկիթներով դիմաւորելու իմաստին:

«Ա. Փափազեան» Մասնաճիւղ

Գարնանային ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը  (Զալքա) կազմակերպած էր գարնանային ձեռնարկ մը, հինգշաբթի, 17 մարտի 2016-ին, «Մամունիա» ճաշարանին մէջ:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանին եւ ներկաներուն:

Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Մարլեն Տանակէօզեանը, որ ներկաները փոխադրէ ծաղիկներու կախարդական աշխարհ եւ  ներկայացնէ Ծաղկազարդի,  Սուրբ Զատկուան եւ Քրիստոսի յարութեան նուիրուած ծաղիկները, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Սեւան Կարապետեան- Ադամեանը, որ ժողովրդային երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

«Հայաշէն» Մասնաճիւղ

Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներու առիթով ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով, 18 մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի, կազմակերպական յանձնախումբէն  Մարկօ Կոտալազեանի եւ ընկերուհիներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան ներկայացուց Աւագ շաբթուան խորհուրդը:

Աւարտին, մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Քրիստափոր Աճեմեանին,  որ սոյն նախաճաշի ձեռնարկի ծախսերուն մեծ բաժինը  հոգաց` իր մօր եւ նահատակ եղբօր` Սեդրակ Աճեմեանին (զոհուած Լիզպոնի մէջ) յիշատակներուն:

«Կարս» Մասնաճիւղ

Ս. Զատկուան աւանդական պազար

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրեֆիէ) Ս. Զատկուան առիթով աւանդութիւն դարձած ճաշերու եւ անուշեղէններու պազարը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի բարեկամներու եւ ընկերուհիներու:

Բացման խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարկօ Կոտալազեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղին աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Սեղանները լեցուած էին ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ հայկական եւ այլ համադամ ուտելիքներով:

«Սօսէ» Մասնաճիւղ (Ժիպէյլ)

Զատկուան ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 26 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրերու յատուկ Զատկուան ձեռնարկ մը:

Օրուան հիւրերն էին ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» պատանեկան միութեան պատանիները, որոնք դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներուն կողմէ:

Ատենապետ Լուսին Պեզճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անոնց, բացատրեց, որ ԼՕԽ-ը միշտ նախանձախնդիր է հայ փոքրիկը ուրախացնելու եւ հայկական աւանդութիւնները պահելու:  Տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ. յաղթող պատանին վարչութեան կողմէ ստացաւ նուէր մը:

«Հ. Սասունի» Մասնաճիւղ (Ֆանար)

Մանուկներու յատուկ Ս. Զատկուան խրախճանք հաւկթախաղ

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէին, մասնակցութեամբ` ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղին,  կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ֆանարի մանուկներու խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-հաւկթախաղ:

Հաւաքին «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ:

Տօնակատարութեան մասնակից շուրջ 150 պատանիներն ու երեխաները հայկական մթնոլորտի մէջ անցուցին յիշատակելի պահեր:

 

 

Նախորդը

Անմխիթարական, Բայց Ոչ Յուսահատական Կացութիւն

Յաջորդը

Հարցազրոյց Գրագիտուհի Շահանդուխտին Հետ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?