Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք Մեր Իրաւունքն Ու Արդարութիւնը

Ապրիլ 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

AZADOR_42816

Ապրիլ 24-ի 101-րդ տարելիցը կը դիմաւորենք հայաշխարհը նորովի փոթորկած վիշտի ու ընդվզումի ալեկոծ պայմաններու մէջ:

Թրքական պետութեան ուղղակի եւ բացայայտ խրախուսանքով` Ազրպէյճան գրոհեց հայրենի մեր տարածքին վրայ եւ հայու արիւն հեղեց…

Ապրիլ 2016-ի առաջին օրերուն, Արցախի հետ ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին, համաթրքական մոլեգին հայատեացութեամբ, ազրպէյճանական զօրքը փորձեց յանկարծակի յարձակումով ճեղքել հայկական դիմադրականութեան ամրոցները, հայկական հող գրաւել եւ հայ զինուորի ու անզէն հայերու` նոյնիսկ մանուկներու արիւն հեղեց…

Հայկական զօրքն ու հայ զինուորը, այլեւ` իրաւատէր հայութեան քաջարի կամաւորները փութացին արագ ու հատու պատասխան հարուած հասցնելու նախայարձակ թշնամիին եւ յաջողեցան ետ շպրտելու ազրպէյճանական գրոհը` վերատիրանալով հայրենի հողի թափանցուած տարածքի մեծագոյն մասին:

Համաթրքական սպառնալիքի եւ վտանգի վերստին լարուած այս մթնոլորտին մէջ է ահա՛, որ պահանջատէր հայութիւնը այսօր կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը, կը յիշէ եւ կը պահանջէ…

Հայրենի ոստաններէն մինչեւ երկրագունդի ամէնէն կորսուած անկիւնները իրաւատէր հայութեան պահանջատէր զաւակները այսօր` ապրիլ 24-ին, տեղը եւ ձեւը կը գտնեն միաժամանակ թէ՛ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր մեր նահատակներուն, թէ՛ իրենց անմիջական շրջապատին ու ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը, եւ թէ, մանաւանդ, պահանջելու մեր իրաւունքներն ու արդարութիւնը:

Այո՛, իրաւատէր հայութիւնը այսօր վերստին վճռական ու մարտունակ շարքերով, Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց շուրջ բոլորուած եւ վերանկախացեալ հայոց պետականութեան անփոխարինելի կռուանին փարած` միասնականօրէն կը ներկայանայ աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծ պետութիւններուն,  եւ յատկապէս Թուրքիոյ` իր Իրաւունքն ու Արդարութիւնը պահանջելով:

Այո՛, Իրաւունքի եւ Արդարութեան հայկական պահանջը կ’ուղղուի նաեւ մեծապետական աշխարհին, որովհետեւ 101 տարի է ահա, որ մեծերու «ներողամիտ» հայեացքին տակ թրքական պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրին մեղքի պտուղները անարգել վայելել, այլեւ ամենայն կամակորութեամբ եւ միջազգային օրէնքի ու իրաւունքի արհամարհական անտեսումով յառաջ մղել թէ՛ Մեծ Ուրացման, թէ՛ հայկական հողի եւ հայ կեանքի նորանոր բռնագրաւման, ոտնակոխման ու սպանդի համաթրքական իր քաղաքականութիւնը` ազրպէյճանական իր ազգակիցին հետ ձեռք-ձեռքի տուած:

Ազգովին կը դիմագրաւենք զոյգ ուղղութիւններով թշնամական գրոհը թրքական եւ ազրպէյճանեան համաթրքական երկեակին:

Ի տես Ազրպէյճանի ռազմապաշտական նորագոյն ոտնձգութիւններուն եւ կրակին վրայ յաւելեալ իւղ թափելու Թուրքիոյ պետական հրձիգութեան` մեծապետական աշխարհը կը շարունակէ ջայլամի պէս իր գլուխը աւազին մէջ թաղուած պահել ու չտեսնելու տալ օրհասական վտանգը` հաւասարեցման նշան դնելով նախայարձակ ազերի թշնամիին եւ ինքնապաշտպանութեան համար զէնք բարձրացնող հայութեան միջեւ…

Ինչպէս որ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութեան կողմէ վերջին տասնամեակին կիրարկուած Հայոց ցեղասպանութեան Մեծ Ուրացումը նորանոր հնարքներով շարունակելու եւ յառաջ մղելու նենգ խաղերուն դէմ յանդիման` մեծապետական աշխարհի «առաջնորդող» դէմքերը կը փորձեն առաջնահերթ իր նշանակութենէն պարպել հայասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ արդար հատուցումը` իբր թէ փոխարէնը շեշտելով հայեւթուրք երկխօսութեան, մերձեցման եւ միջպետական յարաբերութեանց բնականոնացման կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը:

Հայ ժողովուրդը «ո՛չ» ըսած է եւ այսօր ալ ամենայն ուժգնութեամբ եւ վերանորոգ ցասումով «ո՛չ» կը պատասխանէ հայու արեան հեղումը, հայ հողի բռնագրաւումը եւ հայկական Իրաւունքի ոտնահարումն ու հայկական Արդարութեան ձգձգումը քաղաքական վարքագիծի վերածած թրքական թէ համաթրքական յանցագործութեանց դէմ, այլ եւ մանաւանդ` այդ վարքագիծին պիղատոսեան պաշտպանութեան փութացող մեծապետական պատեհապաշտութեան դէմ յանդիման…

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր կը յիշէ եւ կը պահանջէ, ապրիլ 24-ի 101-րդ տարելիցին առիթով, որ ինչպէս նոյնինքն Թուրքիոյ, նոյնպէս եւ քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհին ղեկը տնօրինող մեծապետական ուժերու առաջնորդները ճնշումի տակ առնուին սեփական հանրային կարծիքին եւ միջազգային հասարակութեան կողմէ, որպէսզի արդար դատաստանի արժանանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական ամբողջական հատուցման հասնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու ժառանգորդը` իրաւատէր հայութիւնը:

Ցեղասպանութեանց յամեցող չարիքին դէմ` ապրող մարդկութիւնը պաշտպանելու տարբեր ուղի կամ երաշխիք ծանօթ չէ պատմութեան:

Պահանջատէր հայութիւնը կը յիշէ եւ կը պահանջէ նաեւ հանուր մարդկութեան գալիք սերունդները ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանական «մաքրազտումներու» արհաւիրքէն փրկելու համար:

Այդ առումով է, որ ապրիլ 24-ի առթիւ իրաւատէր հայութիւնը ամէն պատճառ եւ հիմք ունի թրքական պետութենէն, անոր ազրպէյճանական ձեռնասունէն եւ մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերէն պահանջելու, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին` իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն:

Որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ թուրք ժողովուրդը գիտնայ ամբո՛ղջ ճշմարտութիւնը:

Որպէսզի պարզ դառնայ բոլորին համար, որ Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող թշնամական քաղաքականութիւնը` Հայաստանի ու հայութեան դէմ, Արցախի հետ սահմանի ողջ երկայնքին, փաստօրէն եւ ըստ էութեան կը խրախուսուի Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու պատմական իրողութենէն:

Նաեւ ու յատկապէս` Սումկայիթի եւ Պաքուի հայութեան դէմ քառորդ դար առաջ գործուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած ազգային «մաքրազտման» յանցագործութենէն:

Մեծ Ուրացումին յաղթահարումն ու հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնումը կը կազմեն միակ երաշխիքն ու գրաւականը` հայեւթուրք իսկական երկխօսութեան եւ հաշտեցման, այլեւ` ազգային եւ ցեղային «մաքրազտման» չարիքին դէմ ապահովագրուած աշխարհի մը նուաճումին:

Նախորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հատուցման Հանգրուանի Սեմին

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Փոխնախարարի Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?