Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերընձիւղման Մայիս 28-ը

Յունիս 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp-Hayrenik_60116

Կարելի չէ պատմութեան մոռցուած եւ մէկդի դրուած էջերուն մէջ պահել պատմական ճշմարտութիւններ, ճակատագրական պահեր եւ հերոսապատումներ:

Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը կը մնան հայոց պատմութեան ոսկի էջերը, որոնց շառաւիղն էր Արցախի ազատագրութիւնը: Վայրերու անուններն էին, որոնք փոխուած էին` Աղտամ, Ջանհասան, Քէօսալար եւ այլն, սակայն հայուն արիւնը, կամքն ու հողին կապուածութիւնը` միեւնոյնն էր: Եւ այսօր, գրեթէ 25 տարի ետք, մութ ձեռքեր կը փորձեն կրկին մեր սուրբ հողին, պատմութեան ու պատիւին դպնալ:

Անոնք չեն գիտեր, թէ մայիսեան ճակատամարտը վերընձիւղուած է եւ այդ ալ` այնպիսի հաստատ ու անդրդուելի հիմերու վրայ, որ կարելի չէ շարժել:

Այսպէս, վերընձիւղուած մայիս 28-ը, դեռ քանի շաբաթ առաջ արցախեան ճակատներուն վրայ ներառեց նոր խանդ ու աւիշ:

Վերընձիւղուած մայիս 28 մը, որ հայութեան կը փոխանցէ ապրելու, պայքարելու, եւ գոյատեւելու վճռական կամք: Եւ այս պարզ նուաճում մը չէ, այլ սխրանք մը` ձեռք բերուած նորօրեայ հերոսներու քրտինքով ու արիւնով:

Ոգին ու ոգեղէնն է կարեւորը:

Վերընձիւղուած մայիս 28-ը կը խօսի սրտերուն անոնց, որոնք քաջատեղեակ են, թէ ի՛նչ իմաստ ունին հայրենի հողն ու մշակոյթը, եւ դեռ անոնց, որոնք հպարտ են իրենց անկախութեամբ եւ ազատութեամբ:

Անգամ մը եւս պատմութիւնը կը կրկնուի: 1918-ին այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Թուրքիան կարողանար գրաւել Արարատեան դաշտը` իրականացնելով համաթուրանական պետութիւն մը, երազ մը, որուն համար ցայսօր կը շարունակէ պայքարիլ: Այս անգամ, տափաստանային դաշտերու փոխարէն, աւելի արեւելք` արցախեան բարձրաւանդակներէն փորձուեցաւ այդ փանթուրանական երազը, հլու կամակատար` Ազրպէյճանի ճամբով:

Վերընձիւղուած մայիս 28-ը բնական շարունակութիւնն է ազատագրական այն հերոսամարտերուն, որոնց բեմ հանդիսացան հայահոծ տարածաշրջաններ` Մուշէն մինչեւ Վասպուրական, Հաճըն եւ դեռ` Մուսա Լեռ… Տարածաշրջաններ (աւելի ծանօթ` Արեւմտահայաստան անունով), որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ հովանիին տակ:

Որքա՜ն տարիները կը թաւալին, եւ մենք հետզհետէ կը հեռանանք պատմութեան այս փառաւոր թուականէն, այնքա՛ն աւելի կ՛արժեւորուի այս «խենթեր»-ուն գտած հնարն ու անոնց ղօղանջած անլռելի զանգակատունը: Եւ դեռ աւելի՛ն… կը կրկնուի եւ շարունակ պիտի կրկնուի այս սխրանքը:

Վերընձիւղուած մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը չ՛ենթարկուիր օտարի լուծին եւ զուտ անձնական շահերով զինք փայփայող կեղծ դրացիներու: Այլ ընդհակառակը, սերունդէ սերունդ այս վերընձիւղուած փաղանգը ինքնավստահ եւ ինքնակամ է:

Այսպէս են վերընձիւղուած մայիս 28-ի դաւանանքն ու գերբը:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իմ Հայրը Էստեղ Է Մահացել

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. «Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար», Հնար Գտնող Խենթեր Միշտ Կան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?