Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Սաւառնող Արծիւը

July 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp Hayrenik_72716

Թարմ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ լիզպոնեան սխրանքը:

Տարիները կը թաւալին, սակայն` ոչ մէկ փոփոխութիւն, մոռացում կամ լուսանցք:

Ընդհակառակը, հետզհետէ աւելի կը խօսուի Լիզպոնի հինգ հերոսներուն մասին, եւ կը շեշտուի անոնց կատարած պատմական արարքին մասին:

Ամէն մէկ դէպք ու իրադարձութիւն եւ ահաւասիկ Լիզպոնի տղոց օրինակն է, որ կը պատէ հայ հերոսին միտքն ու սլացքը:

Դեռ վերջերս, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անոնց ուրուականը ներկայ էր Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ: Հոն, բարձրէն, երկնային անհասանելի բարձրութենէն կը սաւառնէր լիզպոնեան արծիւը:

Ներշնչո՛ւմ, հաւա՛տք, կա՛մք, բերկրա՛նք… եւ դեռ աւելի՛ն` հող, արմատ… հայրենիք:

Լիզպոնի հինգ հերոսները փոխանցած են վառ ու անմար ջահը: Այսօր այլ նորածին լիզպոնեան արծիւներ կը սաւառնին հայրենի երկնակամարին վրայ:

Այդ լիզպոնեան հաւատամքով թրծուած նոր հերոսները կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը` փաստելով, որ ամենադոյզն ոտնձգութիւն դատապարտուած է ձախողութեան մատնուելու:

Այսպէս, 27 յուլիս 1983-ին Արցախէն եւ հայրենի սահմանամերձ գիւղերէն հեռու, երբ դեռ Կովկասեան բարձրաւանդակը խորհրդային վարչակարգի տակ էր, Փորթուգալի մայրաքաղաքը ժամադրավայրն էր «գերագոյն զոհաբերութեան» քարի զետեղման:

… Եւ տարիներ ետք, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման պայքարին զինուորագրուած այդ հինգ հայորդիներու անդրդուելի քարը դարձած է վիթխարի կառոյց:

Հայ զինուորը լիզպոնեան ներշնչումով մինչեւ վերջին փամփուշտ պիտի պայքարի լռեցնելու համար ազերիական ամէնօրեայ յարձակումներն ու անոնց ետին կանգնող թուրք ղեկավարութեան գործակատարները:

Սիմոններու, Վաչէներու, Արաներու, Սարգիսներու եւ Սեդրակներու պոռթկումն ու ցասումը, անոնց կերտած արդարութեան ձայնն ու անմահութիւնը նուաճելու գաղափարախօսութիւնը շարունակուեցաւ եւ դեռ ալ պիտի շարունակուի:

Այդ հինգ հերոսները որոշած էին այդ արարքով ցոյց տալ, թէ միեւնոյն ժամանակ որքա՜ն սուրբ եւ լուսաւոր է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին ծառայելու ճամբան, որուն համար անոնք լաւապէս ըմբռնած էին գաղափարական ուխտը` գերագոյն զոհաբերութեամբ:

Լիզպոնի «խենթեր»-ը իրենց հերոսական խոյանքով միակամ հայութեան եւ հայրենիքի ամբողջականութեան խորհրդանիշները դարձած են:

Դեռ պիտի սորվինք «Լիզպոնի Հինգ»-ի դպրոցէն եւ անոնց դասագիրքէն:

Անոնք կանգուն ու ներկայ են ամէն մէկ սահմանամերձ զինուորի հոգիէն ներս:

Այսպէս, անսակարկ պահանջատիրութեամբ եւ յարատեւ պայքարի եւ հայրենի հողը պաշտպանելու մտայղացումով հայորդին կը զմայլի սաւառնող լիզպոնեան արծիւով, որ պոռթկում, ցասում եւ հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ:

Անոնք կը մնան անդրդուելի, անգերազանցելի եւ անմոռանալի:

 

Նախորդը

Փոքրիկ Քաղաք Գետնի Տակ. Մեթրոյի Պատմութիւնը

Յաջորդը

Էրտողանի Դէմ Յեղաշրջական Փորձին Կարգ Մը Ուսանելի Ծալքերը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.