Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Հարց Է Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

Յուլիս 30, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago_73016

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար մշակուած է բազմաստիճան քաղաքականութիւն, որ կը սկսի քաղաքական ու շրջանային մակարդակներէն, որմէ ետք նպատակ կայ նաեւ անցնելու համապետական մակարդակի: Ըստ «Արմենփրես»-ին, այս մասին «Lenta.ru» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ան յիշեցուցած է, որ այդ հարթութեան վրայ արդէն իսկ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է:

«Այսպէս, մեր պետութեան ճանաչման օգտին համապատասխան հռչակագիրներով հանդէս եկած են Մասաչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Հաուայեան կղզիներ ամերիկեան նահանգները, աւստրալական Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգը, պասկերու երկիրը, ինչպէս նաեւ շարք մը մեծ քաղաքներ, ինչպէս` Լոս Անճելըսը: Մենք կը շարունակենք այս ուղղութեամբ ընդլայնել մեր գործունէութիւնը, եւ յոյս ունիմ, որ տարբեր երկիրներու առանձին տարածքային միաւորներ եւս կը ճանչնան մեր անկախութիւնը», ըսած է Բ. Սահակեան:

Ան շեշտած է, որ բնականաբար, յատուկ կերպով շեշտը կը դրուի առանձին երկիրներու կողմէ ճանաչման վրայ: «Աւելի՛ն. կը կարծենք, որ այդ մէկը ընդամէնը ժամանակի ու քրտնաջան աշխատանքի հարց է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իրապէս արժանի է միջազգային ճանաչման: Մենք մօտ քառորդ դարէ ժողովրդավարական պետութիւն կը կառուցենք, որ վտանգ չի ներկայացներ միջազգային հանրութեան կամ ցանկացած առանձին վերցուած պետութեան համար», աւելցուցած է նախագահը:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ իրենք ուշադրութեամբ կը հետեւին աշխարհի տարբեր անկիւններու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացման գործընթացներուն: Անկախութեան հասած են այնպիսի երկիրներ, ինչպէս` Քոսովոն, Հարաւային Սուտանը, Աբխազիան, Հարաւային Օսեթիան եւ ինքնորոշման իրաւունքէն օգտուած են Քեպեքը, Հիւսիսային Իրլանտան, Սկովտիան եւ Խրիմը:

«Բոլորովին վերջերս Մեծն Բրիտանիոյ ժողովուրդը որոշեց Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ իր ապագայի հարցին մէջ: Այս օրինակներէն իւրաքանչիւրը, անկախ արդիւնքէն, հանդէս կու գայ որպէս կարեւոր իրաւա-քաղաքական նախադէպ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքի` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գործնական իրացման համար: Պաշտօնական Ստեփանակերտը նպատակաուղղուած աշխատանք կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ, եւ վերջին տարիներուն այս գործընթացը աւելի աշխուժացած է»,  եզրափակած է հանրապետութեան նախագահը:

Աղէտէն Խուսափելու Համար Ազրպէյճան Պէտք Է
Վերանայի Իր Պետականաշինութեան Փիլիսոփայութեան

Վրէժխնդրութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը այն երկիրներուն մէջ, ուր անիկա պետական գաղափարախօսութեան դեր կը խաղայ, ուշ թէ կանուխ պատճառ կը դառնայ լուրջ ցնցումներու եւ աղէտի` տուեալ երկրի մէջ. խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Ազրպէյճանին, որ նման աղէտէ խուսափելու համար պէտք է վերանայի իր պետականաշինութեան փիլիսոփայութեան, ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

«Ներկայիս հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակը յարաբերականօրէն հանգիստ է: Սակայն նոր պատերազմի հաւանականութիւնը կախեալ է շարք մը հանգամանքներէ: Կարեւորագոյն  զսպող հանգամանքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակին մարտունակութիւնն է եւ հակամարտութեան ուժային լուծման անընդունելիութեան հարցին մէջ` միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշումը: Բոլորին համար պարզ է, որ լայնածաւալ ու երկարատեւ պատերազմը կը խթանէ տարածաշրջանի ու ամբողջ աշխարհի վրայ աւելի մեծ տարողութեամբ ճգնաժամերու յառաջացումը», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Բակօ Սահակեանի համաձայն, հակամարտութեան լուծումը գտնելու համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է վերականգնել բանակցութիւններու լիարժէք ձեւը` Ղարաբաղի մասնակցութեամբ, որպէս լիիրաւ կողմի: Ան յիշեցուցած է, որ այս ձեւը 1994-ին Պուտափեշտի գագաթնաժողովին պաշտօնապէս ընդունուած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ:

«Բացի ատկէ, նաեւ պաշտօնական Պաքուն պէտք է վերանայի իր դիրքորոշումին ու մօտեցումներուն: Ազրպէյճանի ապակառուցողական ու վրէժխնդրութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ճամբուն վրայ գլխաւոր խոչընդոտն է», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Գրական Դեգերումներ Հալէպի Կրակների Ընդմէջէն

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?