Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այնքան Ատեն Որ Մեր Նպատակը Նիւթական Շահեր Չի Հետապնդեր, Մենք Արդար Ու Մաքուր Խղճով Կ՛իրականացնենք Մեր Ծրագիրները» «Ազդակ»-ին Ըսին Վահրամ Պարսումեան Եւ Խորէն Գուլաճեան

July 30, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

IMG_1072

ՀՄԸՄ-ը` որպէս հայկական մարմնակրթական կազմակերպութիւն, կը նպատակադրէ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւն տալ հայ անհատին` անոր միտքն ու հոգին ազնուացնելով ու լեցնելով մարզական ոգիով: Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր ՀՄԸՄ-ը կ՛աշխատի նոր սերունդին մէջ աշխատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան նկարագիր կերտել եւ զարգացնել անոնց մէջ պատասխանատուութեան ու փոխադարձ օգնութեան ոգին:

Վերջերս «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեանին եւ ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբի անդամ Խորէն Գուլաճեանին հետ: Անոնք անդրադարձան ՀՄԸՄ-ի մարզական դպրոցին, ամառնային գործունէութիւններուն եւ ներկայացուցին յառաջիկայի ծրագիրները:

Վահրամ Պարսումեան եւ Խորէն Գուլաճեան խօսելով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցին մասին` ըսին, որ փորձերը տեղի կ՛ունենան «Պօղոս Արիս» դաշտին վրայ ամէն հինգշաբթի եւ ուրբաթ, ժամը 4:00-5:30,  շաբաթ` 8:00-12:00, կիրակի` 8:00-9:30: Աշակերտները կ՛արձանագրուին հինգ տարեկանէն վեր, որովհետեւ անոնց մարմինը նոր կազմուած կ՛ըլլայ: Կրտսերներու խումբին մաս կը կազմեն 13 տարեկանէն վեր տղաքը, իսկ անոնք, որոնք կրտսերներու խումբին մաս չեն կազմեր, կ՛աշակերտեն ֆութպոլի դպրոցին: Անոնք յայտնեցին, թէ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը ունի մօտաւորապէս 180 աշակերտ, 8 մարզիչ, ինչպէս նաեւ` բերդապահի մարզիչ, որ ամէն դպրոց չունի: Մարզիչները ներկայացուցչականի խաղցողներ են եւ մարզիկներ:

Վահրամ Պարսումեան եւ Խորէն Գուլաճեան տեղեկութիւն տուին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի ամառնային ճամբարի մասին, որ սկսած է  2 յուլիսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 27 օգոստոս: Երկու ամսուան տեւողութեամբ ամէնօրեայ փորձերը տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, իսկ մասնակցութեան սակը հարիւր ամերիկեան տոլար է:

Անոնք ըսին նաեւ, թէ օգոստոս 30-ին Կիպրոսի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի բանակումը: Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ին հետ վեցօրեայ ֆութպոլային բանակումին պիտի մասնակցին 10-14 տարեկան պատանիներ` 28 մարզիկներ: Նման նախաձեռնութիւն առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան առաջին անգամ ըլլալով երկրէն դուրս կը կազմակերպէ բանակում:

Վ. Պարսումեան եւ Խ. Գուլաճեան նկատել տուին, թէ աշխատանք կը տարուի համաձայնութիւն գոյացնելու ֆութպոլի եւրոպական խումբերու հետ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը զօրանայ, մարզիչներու մակարդակը բարձրանայ եւ մարզիչներու, մարզիկներու փոխանակում եւ ծանօթացում տեղի ունենայ:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ին հարցումին, թէ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան պատկերացումը ի՞նչ է ֆութպոլի դպրոցին եւ գործունէութիւններուն մասին, անոնք ըսին. «ՀՄԸՄ-ը` որպէս մարզական ընդհանուր միութիւն,  պէտք է դպրոցներ ունենայ ոչ միայն ֆութպոլի, այլեւ ֆութսալի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, հեծիկի, աթլեթիզմի, ճատրակի եւ այլն: Մենք ծրագիր ունինք մօտ ապագային ունենալ ֆութսալի եւ պասքեթպոլի դպրոց, որմէ ետք պիտի աշխատինք հերթով բանալ դպրոցներ մարզանքի բոլոր բաժիններուն մէջ: Մեր գլխաւոր նպատակը փոքր տարիքէն մեր զաւակներուն եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ կապեր ստեղծելն է, զանոնք ծանօթացնել միութենական կեանքին եւ ՀՄԸՄ-ի արժէքներուն, որպէսզի ապագային դառնան տիպար ՀՄԸՄ-ականներ եւ մարզիկներ: Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ մարզական շատ դպրոցներ գոյութիւն ունին, սակայն ՀՄԸՄ-ը միակն է, որ ունի իր ներկայացուցչական խումբերը, որոնք կը մասնակցին լիբանանեան ախոյեանութիւններուն: Նշենք, որ մարզական դպրոցի աշակերտ մը, երբ տարիքը ամբողջացնէ, պէտք է դիմէ ուրիշ ակումբ, որպէսզի կարենայ շարունակել իր ճամբան մարզանքի մէջ, բայց ՀՄԸՄ-ի աշակերտները առաւելութիւն ունին, անոնք ուղղակի կը փոխանցուին ՀՄԸՄ-ի կրտսեր խումբին, ապա` ներկայացուցչականին, որոնց մէջ իւրաքանչիւրը ըստ իր կարողութեան կը գծէ իր ապագան: Ճամբան պարզ է ու յստակ, դպրոցով կը սկսի ու կը հասնի մինչեւ ախոյեանութեան համար պայքարող խումբ: Հորիզոնը բաց է մեր աշակերտներուն դիմաց»:

Խօսելով ՀՄԸՄ-ի ֆութսալի եւ պասքեթպոլի ծրագիրներուն մասին` անոնք ըսին, որ վերամուտին` հոկտեմբերին, պիտի բացուին ֆութսալի եւ պասքեթպոլի ակադեմիաները: Յառաջիկայ տարիներուն ալ ծրագիրը ընդարձակուելով` պիտի ընդգրկէ մարզական միւս ճիւղերը` հեծիկ, փինկ-փոնկ,  ճատրակ, աթլեթ եւ այլն: Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը ունենալու է դպրոցներ մարզանքի բոլոր բաժիններուն մէջ:

Անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի դպրոցի նպատակին եւ առաքելութեան` Վ. Պարսումեան եւ Խ. Գուլաճեան ըսին.

«Մեր շրջանակը լաւապէս ճանչնալով ՀՄԸՄ-ի նպատակներն ու առաքելութիւնը` իր զաւակները կը վստահի մեր դպրոցին: Մարզական ակադեմիաները շատ են մեր շուրջ, բայց ՀՄԸՄ-ը հարազատ է, վստահելի:

«Սովորաբար երեխաները կը խանդավառուին զիրենք ուրախ պահող բաներով: Պէտք է ընդունինք, որ այսօրուան ՀՄԸՄ-ի լաւ արդիւնքները, մանաւանդ պասքեթպոլի մէջ, արդէն իրենց մէջ մեծ սէր ու ոգեւորութիւն կը ստեղծեն: Թերեւս կան խոչընդոտներ, բայց մենք յաղթահարած ենք բոլոր դժուարութիւնները, լաւատես ենք ու կը հաւատանք, որ մեր նպատակները ուշ կամ կանուխ իրականացած պիտի տեսնենք:

«Մեր աշակերտները բաւական խանդավառ են եւ առոյգ: Մարզականին կողքին,  դաստիարակչական գետնի վրայ շատ գործեր ունինք կատարելիք: Մօտ ապագային մարզիկներու յատուկ դաստիարակչական դասընթացքներ պիտի սկսինք իրականացնել, որ ապագային մեր աշակերտները  ըլլան տիպար ՀՄԸՄ-ականներ եւ մարզիկներ: Մենք միութիւն ենք, մեր նպատակը նոր սերունդը մեզի մօտեցնելն է: Այնքան ատեն որ մեր նպատակը նիւթական շահեր չի հետապնդեր, մենք արդար ու մաքուր խղճով կ՛իրականացնենք մեր ծրագիրները ու յաջողութիւններ կ՛արձանագրենք: Մեր սակերը այնքան սերտուած են ու մատչելի, որ ուրիշ տեղ նման գիներ գոյութիւն անգամ չի կրնար ունենալ»:

«Յոյսով ենք, որ մեր աշակերտներուն թիւը կը կրկնապատկուի, զիրենք ընդունելու տեղ կ՛ունենանք եւ համապատասխան պատրաստութիւններ կը տեսնենք: Մեր ծրագիրն է մարզական բոլոր ճիւղերուն համար դպրոցներ ունենալ: Գիտենք, որ ծրագիրը երկար ժամանակի պիտի կարօտի, բայց յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքով կ՛իրականանայ» ըսելով` եզրափակեցին Վ. Պարսումեան եւ Խ. Գուլաճեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.