Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ
ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ IV.- Հայ Միջնադարեան Մշակոյթ 9-րդ դարու արաբական արշաւանքներուն դէմ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի դարաշրջանը կը ծնի մեր դիւցազներգութեան հերոսներէն` Սասունցի Դաւիթը: Միաժամանակ, հակառակ այդ արշաւանքներուն գործուած աւերին, հայ մշակոյթի գործիչները կը կերտեն իմացական դպրութեան հայկական կեդրոններ` Աղթամարի, Տաթեւի, Սեւանի, Հոռոմոսի, Նարեկի վանքերը: 10-րդ դարուն, Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին գեղարուեստական եւ մտաւոր կեանքի վերակենդանութեան նոր էջ մը կը բացուի` պատմագրական,...




















